2023.04.01 San Nerses Shnorhali

Սուրբ Ներսէս Շնորհալիին եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին աղօթքները Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան համար

2026 թուականի Քրիստոնեաներու Միութեան համար համամիութենական արարողութիւնը կը կրէ` «Լոյս Լոյսէն՝ Լոյսին համար» խորագիրը։ Այս մէկը յարմարեցումն է Հայ Եկեղեցւոյ ամէնօրեայ աղօթքներէն մէկուն՝ «Արեւածագի ժամերգութեան», որ կը վերագրուի Կաթողիկոս Սուրբ Ներսէս Շնորհալիին (1102–1173)։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

18էն 25 Յունուարին քրիստոնեաները կը նշեն «միութեան համար աղօթքի շաբաթը» որուն այս տարուայ ուղեցոյցն ու աղօթքները պատրաստուած են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ։

2026 թուականի Քրիստոնեաներու Միութեան համար համամիութենական արարողութիւնը կը կրէ` «Լոյս Լոյսէն՝ Լոյսին համար» խորագիրը։ Այս մէկը յարմարեցումն է Հայ Եկեղեցւոյ ամէնօրեայ աղօթքներէն մէկուն՝ «Արեւածագի ժամերգութեան», որ կը վերագրուի Կաթողիկոս Սուրբ Ներսէս Շնորհալիին (1102–1173)։

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի

Ան մեծ առաքեալ մը ըլլալով՝ այս աղօթքին մէջ խտացուցած է իր մտածումներն ու աղաչանքները Քրիստոսի մասին՝ որպէս Լոյս Լոյսէն, նպատակ ունենալով գրաւել իր ունկնդիրներուն ուշադրութիւնը, որոնցմէ շատեր այն ժամանակ կը պատկանէին «արեւապաշտներու» խումբին, որ լայն տարածում ունէր Հայաստանի մէջ։

Սուրբ Ներսէսը, որ յայտնի էր իր աստուածաբանական գրութիւններով եւ բանաստեղծական ու խոր հոգեւոր շունչով լեցուն շարականներով, ճանչցուած է նաեւ որպէս քրիստոնեաներու միութեան նուիրուած անձնաւորութիւն։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. անոր մասին ըսած է. «Կաթողիկոս մը, որ իր ժողովուրդին եւ իր աւանդութեան հանդէպ արտասովոր սէրը միացուց այլ Եկեղեցիներու հանդէպ հեռատես բացուածքի մը հետ՝ լիակատար միութեան մէջ հաղորդակցութեան որոնման օրինակելի ջանքերով» (Առաքելական նամակ՝ նուիրուած հայ ժողովուրդի Մկրտութեան 1700-ամեակին, 2 Փետրուար 2001, թիւ 7)։

Սուրբ Ներսէսի այս մեծ դէմքին յստակ յիշատակումը Քրիստոնեաներու միութեան համար աղօթքի շաբաթուան 2026 թուականի նիւթերուն մէջ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի։

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի

Նոյնքան կարեւոր է յղումը մէկ ուրիշ նշանաւոր հայ աստուածաբանի, միստիկ եւ բանաստեղծ՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի (950–1005), որ որպէս սուրբ ընդունուած է թէ՛ կաթողիկէներու եւ թէ՛ ուղղափառներու կողմէ եւ որ 2015 թուականին, հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապը զայն հռչակեց Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ։ Անոր մէկ արձանը ապա կը գտնուի Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ։

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի գրութիւններէն մէկէն ներշնչուելով՝ աղօթքի շաբաթուան համար պատրաստուած թղթածրարը կը մէջբերէ այս աղօթքը.

«Յիսուս, Լոյս Լոյսէն, ինչպէս Քու Արքայութեան պարտէզին զանազան ծաղիկները, թող Քու աստուածային փայլքդ մեզի շնորհէ ծաղկիլ ներդաշնակութեան մէջ։ Այսպէս, միութեան մէջ, թող միշտ օրհնենք եւ փառաբանենք Քեզ ուրախութեամբ՝ նոյնպէս ինչպէս Հայրը եւ Սուրբ Հոգին, այժմ եւ միշտ, յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2026, 10:26