Որոնել

Սարկաւագներուն խոնարհութեան արարքը՝ Աստուծոյ իրենց ընծայման պահուն։ Սարկաւագներուն խոնարհութեան արարքը՝ Աստուծոյ իրենց ընծայման պահուն։  (© TUZGN)

«Խոնարհութիւնը՝ սրբութեան դուռը» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Սուրբ հայրերու ուսուցումներուն համաձայն, խոնարհութիւնը քրիստոնէական կեանքի յենասիւնն ու «Աստուածային զգեստ»ն է, որ թոյլ կու տայ մարդուն ապրիլ ճշմարտութեան մէջ՝ գիտակցելով իր տկարութիւնը եւ Աստուծմէ ունեցած կախեալութիւնը: Այս առաքինութիւնը կը մշակուի աղօթքով, ծառայութեամբ եւ հնազանդութեամբ՝ հանդիսանալով միակ ուղին, որ կը բանայ սրբութեան դուռը եւ կը պարգեւէ ներքին խաղաղութիւն ու ճշմարիտ սէր:
Ունկնդրէ լուրը

Քրիստոնէական կեանքի ճանապարհին մենք յաճախ կը փնտռենք սրբութեան բանալին: Սուրբ Օգոստինոս մեզի կը յուշէ, որ այդ բանալին մէկ է. «Եթէ ինծի հարցնէք, թէ ո՞րն է քրիստոնէութեան առաջին կանոնը, կը պատասխանեմ՝ խոնարհութիւնը. երկրորդը՝ խոնարհութիւնը. երրորդը՝ դարձեալ խոնարհութիւնը»:
Խոնարհութիւնը պարզապէս համեստ կամ ազնիւ ըլլալ, եւ կամ ինքնախղճահարութիւնը մէջ ապրիլ չէ. ան ճշմարտութեան մէջ ապրիլ է։ Ըստ սուրբ հայրերուն, խոնարհութիւնը ճշմարտութիւնը տեսնելն է։ Ան մարդուն գիտակցութիւնն է, թէ ինք արարած է եւ Աստուծմէ կախեալ։ Խոնարհ մարդը գիտէ, որ իր մէջ եղած բոլոր բարիքները (տաղանդ, ուժ, բանականութիւն) Աստուծոյ պարգեւներն են եւ ոչ թէ իր սեփականութիւնը։ Ինչպէս Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան կ՚ըսէ.«Խոնարհութիւնը այն է, երբ մարդ իր մասին մեծ բաներ չի մտածեր, այլ գիտէ իր տկարութիւնը»։

Խոնարհութիւնը Աստուածային զգեստ է: Սուրբ Իսահակ Ասորին խոնարհութիւնը կը կոչէ «Աստուածութեան զգեստ»։ Ան կը բացատրէ, որ Քրիստոս աշխարհ եկաւ խոնարհութեամբ, հետեւաբար, ով որ կը հագնի խոնարհութիւնը, կը նմանի Աստուծոյ։
Խոնարհութիւնը ինքնադատութիւն եւ ինքնաճանաչում է: Հայրերուն համար խոնարհութիւնը կը սկսի սեփական սխալները տեսնելով։ Սուրբ Մակար Մեծը կը շեշտէ, որ խոնարհ մարդը իր անձը բոլորէն վար կը դասէ՝ առանց կեղծաւորութեան։ Ան կը մերժէ հպարտութիւնը եւ դատողութիւնը։ Խոնարհը ուրիշին մէջ միայն լաւը կը տեսնէ, իսկ իր մէջ՝ բարեփոխման կարիք ունեցող թերութիւնները։

Խոնարհութիւնը Հնազանդութիւն է Աստուծոյ կամքին: Խոնարհութիւնը կը նշանակէ ընդունիլ կեանքի դժուարութիւնները կամ փորձութիւնները առանց տրտնջելու, վստահելով Աստուծոյ նախախնամութեան։ Ան կը բերէ հոգեկան անդորրութիւն եւ խաղաղութիւն։
Սուրբ հայրերուն համար խոնարհութիւնը ունի երեք հիմնական յատկանիշներ.

1. Անյիշաչարութիւն: Չբարկանալ եւ չվիրաւորուիլ, երբ մեզ կը քննադատեն։

2. Գոհաբանութիւն: Ամէն ինչի համար Աստուծոյ փառք տալ։

3. Սէր: Առանց խոնարհութեան անկարելի է ճշմարիտ սէր ունենալ, որովհետեւ հպարտութիւնը միշտ պատնէշ կը դնէ մարդոց միջեւ։

Ինչո՞ւ Խոնարհ Պէտք Է Ըլլանք
Խոնարհ պէտք է ըլլանք հետեւեալ պատճառներուն համար՝

1. Շնորհք ստանալու համար: «Աստուած հակառակ կը կենայ ամբարտաւաններուն, բայց շնորհք կու տայ խոնարհներուն» (Յակոբոս 4:6)։ Հպարտութիւնը պատնէշ է մարդուն եւ Աստուծոյ միջեւ։

2. Ներքին խաղաղութիւն: Խոնարհ մարդը չի վիրաւորուիր քննադատութենէն եւ չի հպարտանար գովեստէն, որովհետեւ իր արժէքը Աստուծոյ մէջ է, ոչ թէ մարդոց կարծիքին։

3. Սէր մերձաւորին հանդէպ: Միայն խոնարհ սիրտը կրնայ ներել եւ հանդուրժել դիմացինին թերութիւնները։

Ինչպէ՞ս Մշակել Խոնարհութիւնը Մեր Առօրեայ Կեանքին Մէջ

• Աղօթքով: Խոնարհութիւնը կարելի է ձեռք բերել միայն, երբ միշտ աղօթենք՝ առանց ձանձրանալու:
• Գոհաբանութեամբ: Ամէն յաջողութեան եւ կամ կեանքի դժուար խրատներուն համար փառք տալ Աստուծոյ։
• Սուրբերու Օրինկին Հետեւելով: Պէտք ունինք գործնական օրինակներուն անոնց, որոնք մեզմէ առաջ ապրելով յաղթեցին մարմինին, աշխարհին եւ Չարին:
• Լռութեամբ: Միշտ չփնտռել ինքնարդարացում կամ սեփական կարծիքը պարտադրելու միջոց։ Ընդունիլ կեանքի խրատները լրութեամբ եւ առանց տրտունջի:
• Ծառայութեամբ: Կատարել փոքր ու աննշան թուացող գործերը սիրով եւ համբերութեամբ։
Սուրբ Կոյս Մարիամը խոնարհութեան մեծագոյն տիպարն է։ Ան ըսաւ. «Անիկա նայեցաւ իր աղախնին խոնարհութեան» (Ղուկաս 1:48) ։ Այսօր աղօթենք, որ Տէրը փոխէ մեր քարեղէն սիրտը եւ մեզի պարգեւէ Յիսուսի սրտին նման խոնարհ սիրտ մը։ Կրնանք սուրբ ըլլալ միայն, երբ խոնարհութեան դռնէն մտնենք:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2026, 08:00