ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (50)
50.- ՎԱՆՔ ԿԱՌՈՒՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄԵԹՈՆԻ ԱՄՐՈՑԻՆ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀՈՒԱԾ ՏԱՐԱԾՔԸ
Մեթոնի մէջ Վենետիկի Հասարակապետութեան երեք քննիչներու 27 Մարտ 1703ին հրամանագրով վանք եւ եկեղեցի կառուցելու համար հողատարածք տրամադրած էին Մխիթարի եւ իր միաբանակիցներուն։ Այդ փաստաթուղթին մէջ նշուած էր որ տարածքը Մեթոն քաղաքին մէջ պիտի ըլլար եւ եթէ յանկարծ այդպիսի համալիրի համար յարմար տեղ չգտնուէր՝ այն ատեն Մեթոնի ամրոցի պարիսպներէն ներս տեղ պիտի տրամադրուէր։
Շինարարութեան համար երեք տարի ժամկէտ նշուած էր, եւ արդէն մէկ տարին անցած էր եւ ոչ մէկ աշխատանք տարուած էր։ Պատճառը միայն դրամական նեղութիւնը չէր։ Այն ինչ որ նորագիւտ փաստաթուղթերը կը բացայայտեն՝ իսկապէս մեզ կը զմայլեցնէ։
2 Յուլիս 1704ին ստորագրուած փաստաթուղթի մը միջոցով կ՚իմանանք որ Ծուանէ Քամոլլի պետական պաշտօնեան Մեթոն քաղաքին մէջ յարմար տարածք չգտնելով, կը ստիպուի ամրոցին մէջ չափագրել վանքի համար տրամադրուելիք հողատարածք մը, այն ալ երկու շերտով։ Բառացիօրէն կը նկարագրէ թէ երկու հողատարածք չափած է, մէկը մեծ եւ երկար, իսկ միւսը աւելի փոքր՝ երկայնքին նկատմամբ։
Այս երկու հողակտորներուն չափերը եւ սահմանները կը նշէ հետեւեալ ձեւով. «մեծ եւ երկարոտ հողատարածքը, արեւելեան կողին՝ 18 քայլ երկար (գրեթէ 32 մետր) է եւ սահմանակից է ցամաքէն դղեակ տանող ճանապարհին, իսկ արեւմտեան կողը 14 քայլ երկար (գրեթէ 25 մետր) է եւ սահմանակից է Մաֆֆէի բժիշկի տուն տանող փողոցին, մինչդեռ 25 քայլ (գրեթէ 44 մետր) երկարութեամբ հարաւային եւ հիւսիսային կողը սահմանակից է քաղաքային նոր թաղամասի ճամբուն, եւ այս բոլորը՝ ընդամէնը 400 քայլ է (գրեթէ 695 մետր քառակուսի)։
Նոյնպէս ուրիշ փոքր շերտ մը արեւելեան կողը 11 քայլ (գրեթէ 20 մետր) սահմանակից է վերոնշեալ փողոցին՝ որ բժիշկ Մաֆֆէի տուն կը տանի։ Արեւմտեան կողը 9 քայլէն քիչ մը պակաս է (շուրջ 15 մետր) եւ սահմանակից է այն հողակտորին որ պետական պարիսպներուն կողմը կ՚երկարի։ 15 քայլ (գրեթէ 26 մետր) երկարութեամբ հարաւի կողը սահմանակից է Քիքերիի կալուածին, իսկ հիւսիսային կողմը սահմանակից է վերոնշեալ բժիշկ Մաֆֆէի տան եւ բակին հետ, ընդամէնը 146 քայլ (254 մետր քառակուսի)։
Այս երկու հողաշերտը միասին 546 քայլ կ՚ընէ, (գրեթէ 950 մետր քառակուսի)»։
Այնքան որքան որ պէտք էր տրամադրուիլ վանք ու եկեղեցի կառուցելու համար։ Սակայն տուեալ երկու հողաշերտերը Մխիթարի սրտով չէին, այնպէս որ կրկին կը դիմէ պատկան իշխանութեան, պատշաճ կերպով առարկելով եւ ներկայացնելով առաջարկուած տարածքին անյարմարութեան պատճառները, միաժամանակ առաջարկելով լուծման տարբերակ մը, որ հաւանօրէն զարմացուցած եւ միաժամանակ հրճուանք պատճառած պէտք է ըլլայ տեղական իշխանութեան, անոնց գործը դիւրացուցած ըլլալու համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ