Որոնել

2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (49)

Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

49.- ՄԵԹՈՆԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀՈՒԱԾ ՀՈՂԱՏԱՐԱԾՔԻ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ­

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Թէ ինչ պայմաններով Վենետիկի Հասարակապետութիւնը հողատարածք շնորհեց Մխի­թարի ընդառաջելով անոր խնդրագրին այսօր ի վիճակի ենք հետազօտելու, շնորհիւ վերջերս յայտնաբերուած աղբիւրներու, վենետկերէն եւ լատիներէն նորագիւտ դիւանային փաստաթուղթերու, որոնց ընթերցումը նոր լոյս կը սփռէ զանազան մանրամասնութիւններու վրայ։

Նախ եւ առաջ նկատելի է որ շնորհումը կատարուած է Յովնան Սեբաստացի եպիսկոպոսի եւ իր տասնըվեց հետեւորդներուն ներկայացուցած աղերսագրին հիման վրայ։ Նշենք, որ Յովնան եպիսկոպոսը խնդրած էր Մխիթարէն միանալ իր խումբին, սակայն առանց որեւէ յանձնառութեան կամ պարտականութեան, պարզապէս հիւրաբար իրենց հետ ապրելու եւ առիթը ներկայանալուն՝ ձեռնադրելու համար։ Իսկ թէ ի՛նչ պատճառով Մխիթար կը ներկայանայ օտար երկրի պետութեան հիւրընկալութիւնը խնդրելու Յովնան եպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ, կարելի է կրահել եւ հաստատել թէ այնու որ կրօնաւորական խումբ մըն էր դիմորդը՝ տրամաբանօրէն եպիսկոպոսը առաջնութիւն ունենար, քանի որ անոր միացած տասընվեց հոգիները կը նշուին որպէս քահանաներ եւ աշխարհական եղբայրներ եւ ծառաներ։ Աւելի ուշ, 1704ի փաստաթուղթի մը մէջ բացայայտօրէն նշուած է որ Մխիթար սկիզբէն եւեթ այս կրօնաւորական ընտանիքին հայրն ու մեծաւորն է։

Երկրորդ հետաքրքրական կէտն այն է որ յստակօրէն նշուած է թէ դիմորդները իրենց սեփական ծախսով պիտի կառուցեն եկեղեցին եւ վանքը՝ խաղաղութեան եւ անդորրի մէջ ծառայելու համար Աստուծոյ։

Ապա կը նշուի թէ վանք եւ եկեղեցի կառուցելու համար տարածք կը շնորհուի Մեսսենիայ նահանգի Մեթոն քաղաքին մէջ, իսկ որպէս եկամուտի աղբիւր վարձով կը տրուի երկու կալուած, շուրջ ութ հեկտար Մեսսենիայի մէջ եւ շուրջ տասներկու հեկտար Արքատիայի նահանգին մէջ, ութսուներկու ոսկի վարձավճարով։ Այդ կալուածներուն մէջ կը յիշուին որթատունկի այգիներ, 200 ձիթենի, թթենիներ, թզենիներ եւ տարբեր վայրի ծառեր ինչպէս նաեւ կիսաւեր ջրաղաց մը։ Այգեպաններուն եւ մշակներու խստիւ կը յանձնարարուի բերքի երրորդ մասը անթերի փոխանցել վանականներուն։

Նշուած է որ վանական համալիրի անդամները տասնըվեց հոգիէ պակաս չեն կրնար ըլլալ, ներառեալ քահանաները եւ աշխարհական օգնականները։

Եւ ի վերջոյ, ամէն տարի վանքի եկեղեցւոյ տօնին օրը վանականները շուրջ կէս քիլոկրամ կշիռի սպիտակ մոմ պէտք է նուիրէին քաղաքի ներկայացուցիչին, որպէս նշան Վենետիկի Իշխանին տիրական իրաւունքը ճանչնալուն։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2026, 07:42