Որոնել

2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (48)

Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

48.- ՆԵ­ՂՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵՐ ԱՂ­ՔԱ­ՏՈՒ­ԹԵԱՆ ԵՒ ՀԻ­ՒԱՆ­ԴՈՒ­ԹԵԱՆ ՊԱՏ­ՃԱ­ՌՈՎ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

170­3ին, միաբա­նու­թեան չոր­րորդ տար­ուան աշու­նը նե­ղու­թիւն­նե­րու եւ վիշ­տե­րու շր­ջան մը կ՚ըլ­լայ։ Աղ­քա­տու­թեան եւ օտա­րու­թեան ծանր պայ­ման­նե­րը իրենց հետ­քը կը ձգեն միաբան­նե­րու առող­ջու­թեան վրայ։ Ստի­պուած ըլ­լա­լով ամա­ռուան տօ­թին գիւ­ղե­րու մէջ շր­ջա­գայիլ՝ կա­լուած­նե­րու բեր­քը հա­ւա­քե­լու հա­մար եւ գի­շեր­նե­րը բա­ցօ­թեայ քնա­նա­լով, գրե­թէ ամէ­նուն առող­ջու­թիւ­նը կը քայ­քայուի եւ շա­տեր հի­ւան­դա­նա­լով ան­կո­ղին կը գա­մուին։ Հի­ւանդ­նե­րը խնա­մե­լով եւ անոնց ծա­ռայե­լով մնա­ցածն ալ կը հիւ­ծին։ Սա­կայն Աս­տու­ծոյ խնամքն ու Աս­տուա­ծա­մօր պաշտ­պա­նու­թիւ­նը բա­ցա­յայտ կեր­պով կ՚օ­ժան­դա­կեն, յատ­կա­պէս Յով­հան­նէս պա­տա­նիի պա­րա­գային, որ յե­տոյ Հ. Թով­մաս պի­տի կո­չուէր։

­Պա­տա­նիի վի­ճակն այն­քան ծանր էր, որ Դո­մե­նի­կոյ՝ իտա­լա­ցի բժիշ­կը կը յանձ­նա­րա­րէ վեր­ջին օծու­մը տալ եւ պատ­րաս­տել մա­հուան, քա­նի որ դար­մա­նումի ոչ մէկ հնար կը տես­նէր։ Այս­պէս, պա­տա­նին կը խոս­տո­վա­նի եւ կը հա­ղոր­դուի, կը ստա­նայ վեր­ջին օծու­մը եւ միաբան հայ­րերը սնա­րին կ՚ա­ղօ­թեն եւ կը քա­ջա­լե­րեն զին­քը՝ պատ­րաս­տուե­լու Տի­րոջ հետ հան­դիպ­ման եւ երկն­քի ար­քա­յու­թիւ­նը ժա­ռան­գե­լու։

­Նոյն երե­կոյ, Մխի­թար կը հա­ւա­քէ միաբան­նե­րը եւ կը յանձ­նա­րա­րէ միաս­նա­բար աղօ­թել եւ հայ­ցել Տի­րա­մօր բա­րե­խօ­սու­թիւ­նը՝ Յով­հան­նէ­սի բժշ­կու­թեան հա­մար։ Առա­ւօ­տեան, բո­լո­րը զար­մա­ցած կը մնան տես­նե­լով որ պա­տա­նին ապա­քի­նու­մի նշան­ներ ցոյց կու տար։ Իտա­լա­ցի Դո­մե­նի­կոյ բժիշ­կը մարդ կ՚ու­ղար­կէ հարց­նե­լու պա­տա­նիի մա­հուան պա­րա­գա­նե­րը, սա­կայն զար­մա­ցած կը մնայ՝ իմա­նա­լով որ անոր վի­ճա­կը բար­ւո­քած էր։ Ան­ձամբ կու գայ ստու­գե­լու եւ ու­րա­խու­թեամբ փառք կու տայ Աս­տու­ծոյ որ առող­ջու­թիւն պար­գե­ւած էր Յով­հան­նէ­սին։

­Տի­րող աղ­քա­տու­թիւնն ալ շատ նե­ղու­թիւն կը պատ­ճա­ռէր յատ­կա­պէս Մխի­թա­րի, որ սա­կայն այս բո­լո­րը առիթ կը հա­մա­րէր Աս­տու­ծոյ վրայ իր վս­տա­հու­թիւ­նը զօ­րաց­նե­լու եւ մի­միայն Բարձ­րեալին վրայ իր յոյ­սը դնե­լու։ Իրօք, ոչ միայն այս հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռով բժիշ­կի եւ դե­ղե­րու ծախ­սը պէտք էր դի­մագ­րա­ւել, այլ առօ­րեայ ծախ­սե­րուն հետ մէկ­տեղ՝ պէտք էր ապա­հո­վել նաեւ Յով­հան եպիս­կո­պո­սի առա­տա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը, որ տա­կա­ւին չէր ու­զեր հաշ­տուիլ այն դա­ժան իրա­կա­նու­թեան հետ՝ որ օտա­րու­թեան մէջ կը գտ­նուէր, թե­մա­կան կա­լուած­նե­րու հա­սոյթ չու­նէր եւ ընդ­հան­րա­պէս հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու ողոր­մու­թիւն­նե­րը չկային։ Ծայր աս­տի­ճան աղ­քա­տու­թեան մէջ ըլ­լա­լով, Մխի­թար ստի­պուած էր յոր­դո­րել խնայո­ղա­բար ապ­րիլ, սա­կայն եպիս­կո­պո­սը չկա­մու­թեան կը վե­րագ­րէր եւ այս­պէս սրտ­նե­ղու­թիւն կը ստեղ­ծուէր հա­սա­րա­կու­թեան մէջ։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/01/2026, 08:42