Սուրբ Թովմաս Բեքեթի նահատակութիւնը Գիրքէ մը Սուրբ Թովմաս Բեքեթի նահատակութիւնը Գիրքէ մը 

«Ով է իսկական թշնամին» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Սուրբ Թովմաս Բեքեթի նահատակութիւնը կը յիշեցնէ մեզի, թէ քրիստոնեայի իսկական պատերազմը ոչ թէ մահկանացուներու, այլ չար հոգիներու եւ փորձութիւններու դէմ է, որոնք կը սպառնան մեր հոգիի փրկութեան։ Հետևելով սուրբի օրինակին՝ մենք կոչուած ենք Քրիստոսի պատուիրաններով զինուելու, որպէսզի նոյնիսկ հալածանքի պահուն կարենանք զանազանել Չարին նենգութիւնը և յաղթել սիրով ու ներողամտութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

 

Վասն զի մեր պատերազմը արիւնի ու մարմնի հետ չէ, հապա իշխանութիւններու ու պետութիւններու հետ եւ այս խաւար աշխարհին իշխաններուն հետ, երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ ( Եփս. 6:12):

Ս. Թովմաս Բեքեթ (Thomas À-Becket 1119 -1170) ԺԲ. դարու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ լուսաւոր դէմքերէն, որ որպէս Քենթրբերիի արքեպիսկոպոս՝ դարձաւ անդրդուելի հաւատքի խորհրդանիշ: Թէեւ շատերու համար անոր անունը մնացած էր ստուերի մէջ, սակայն Charity հեռուստակայանը վերստին թարմացուց մեր յիշողութիւնը՝ սփռելով անոր վարքն ու նահատակութիւնը պատկերող տպաւորիչ ժապաւէն մը: Ս. Թովմասի եկեղեցական սպասաւորութիւնը թրծուեցաւ Հենրի Բ. թագաւորի դէմ մղուած տեւական ու անզիջում պայքարով։ Ան կանգնեցաւ իբրև անառիկ պատնէշ՝ պաշտպանելով Եկեղեցւոյ սրբութիւնն ու իրաւունքները արքայական իշխանութեան կամայական ոտնձգութիւններէն: «Յանուն Յիսուսի եւ ի պաշտպանութիւն Եկեղեցւոյ, ես պատրաստ եմ գրկելու մահը» եղաւ իր կեանքի գլխաւոր բնաբանը:

Հակառակ իշխաններու եւ արքաներու դէմ մղած իր անդադար պայքարին, Ս. Թովմաս Բեքեթ քաջագիտակ էր, որ իր պատերազմը լոկ մահկանացուներու դէմ չէր, այլ՝ «երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ»։ Երբ բուռն վէճի մը պահուն, իշխաններէն մին սուր կը բարձրացնէ զինք սպաննելու համար, սուրբը խաղաղութեամբ կը պատասխանէ. «Սուրդ պատեանը դի'ր, նախքան անով սեփական հոգիդ խոցելը»։ Մահուան սպառնալիքին դիմաց, սուրբն աւելի մտահոգ էր իր դահիճին հոգւոյ փրկութեամբ, քան սեփական անձի պաշտպանութեամբ. որովհետեւ արքեպիսկոպոսի մը սպանութիւնը կրնար իշխանը դժոխքի ենթարկել:

«Աստուած կ՚ուզէ որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան» (Ա. Տիմ. 2:4), մինչդեռ Չարին նպատակն է մարդկութիւնը դէպի յաւիտենական կորուստ գահավիժել: Վերեւ յիշուած սրտառուչ պատմութեան մէջ կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս երկու կողմերն ալ թիրախ դարձած էին Սատանայի նենգութեան. Իշխանը՝ սպանութեան ոճիրին գիրկը նետուելու, իսկ Սուրբը՝ «միւս երեսը չդարձնելու» եւ ներողամտութենէն հրաժարելու փորձութեամբ եւ հոգիի փրկութեամբ հետաքրքրուիլը: Նմանօրինակ բախումներու մէջ, միայն Աստուծոյ Հոգիով լուսաւորուած միտքը կրնայ զանազանել, թէ ո՛վ է այս պատերազմին իսկական հրահրողը:
Մենք կոչուած ենք ըլլալու հոգեպէս «զինավառ» եւ միշտ արթուն։ Մեր կեանքը փոթորկող ազդակներու դիմաց ունինք երկու ընտրանք. կա՛մ ճանչնալ մեր իսկական թշնամին եւ անոր դէմ պատերազմելով յառաջանալ դէպի լոյսը. եւ կամ մնալ ցաւի ու դառնութեան մէջ՝ քննադատելով զԱստուած կամ մեղադրելով մեր նմանը։

Մեր մտքերը Քրիստոսի պատուիրաններով լուսաւորելու հրամայականը ունինք, որպէսզի ստանանք այն երկնային զօրութիւնը, որով կրնանք դիմադրել մեր կեանքը խաթարող սպառնալիքներուն։ Հետեւելով մեր Փրկիչին եւ Վարդապետին, մենք կոչուած ենք ըլլալու յաղթողներ։ Երբեք չմոռնանք՝ մեր կեանքի գերագոյն նպատակը մեր հոգիներու յաւիտենական փրկութիւնն է»:
Ով Ս. Թովմաս Բեքեթ բարեխօսէ մեզի համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2026, 07:00