2018.12.12 Betlemme Grotta della Nativita'

Բեթղեհէմին մէջ կը սկսի Սուրբ Ծննդեան Քարայրի վերանորոգումը

Վեց դարեր ետք, այլեւս մօտ է Քրիստոնէութեան «օրրանին» վերանորոգման աշխատանքներու մեկնարկը, վայր ուր ծնած է Յիսուս Քրիստոս։ Նախաձեռնութիւն, որ եղբայրական համագործակցութեան արդիւնք է եւ կը միացնէ Յոյն Ուղղափառ Պատրիարքարանը, Սուրբ Երկիրի Խնամակալութիւնը եւ Հայ Առաքելական Պատրիարքարանը։ Ծրագիրը կ’իրականացուի Պաղեստինի Պետութեան նախագահութեան հովանաւորութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Բեթղեհէմի Սուրբ Ծննդեան Քարայրին մէջ ամէն բան պատրաստ է վերանորոգման աշխատանքներու մեկնարկին համար, որոնք կը կատարուին 600 տարիներէ աւելի ընդմիջումէ ետք։ Նախաձեռնութիւն, որ եղբայրական համագործակցութեան արդիւնք է եւ կը միացնէ Յոյն Ուղղափառ Պատրիարքարանը, Սուրբ Երկիրի Խնամակալութիւնը եւ Հայ Առաքելական Պատրիարքարանը։ Ծրագիրը կ’իրականացուի Պաղեստինի Պետութեան նախագահութեան հովանաւորութեամբ։։

Պաղեստինի նախագահ` Մահմուտ Ապպաս, անցեալ Նոյեմբեր 5-ին եւ 6-ին Հռոմ կատարած իր այցելութեան ընթացքին, նախ՝ Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ հանդիպման ժամանակ, ապա՝ «Bethlehem Reborn» ցուցահանդէսի բացման առիթով, որ տեղի ունեցաւ «Սան Սալվաթորէ ին Լաուրօ» համալիրին մէջ, անդրադարձած էր աշխատանքներու վերսկսման փաստին՝ զայն բնութագրելով որպէս «մեծ յոյսի եւ վերածնունդի նշան ամբողջ Սուրբ Երկիրին համար»։

Վերանորոգման աշխատանքները վստահուած են իտալական ընկերութեան

Վերանորոգման աշխատանքները այս անգամ եւս պիտի իրականացնէ Սուրբ Ծննդեան Տաճարի խնամքը տակաւին երկու տարի առաջ ստանձնած իտալական ընկերութիւնը՝ Փրաթօ քաղաքէն։ Այս ընտրութիւնը հիմնուած է մեթոտական շարունակականութեան ապահովման եւ արհեստաւորական վարպետութեան եւ գեղարուեստական զգայունութեան պահպանման անհրաժեշտութեան վրայ՝ հաշուի առնելով բացառիկ սրբութիւն ունեցող այս վայրը։

Վերանորոգումները անկասկած աջակցութիւն պիտի տրամադրեն տեղացի բազմաթիւ ընտանիքներու, որոնց անդամները ներգրաւուած պիտի ըլլան այս ծրագրին մէջ, եւ անուղղակի կերպով պիտի նպաստեն Բեթղեհէմի տնտեսութեան վերականգնման, որ ծանր հարուած ստացած է Իսրայէլ–Համաս հակամարտութենէն եւ ուխտագնացութիւններու դադարէն եւ այժմ յոյս կայ, որ աստիճանաբար կը վերսկսին։

Միութեան նշանի ներքոյ

Նախաձեռնութիւնը ոչ միայն վերածննդի նշան է, այլեւ համամիութենական իրադարձութիւն մը, զոր կը մարմնաւորէ միասնական քրիստոնէական պարտաւորութիւն մը՝ ուղղուած Սուրբ Քարայրի հոգեւոր, պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ապագայ սերունդներուն համար, եւ այն վայրի արժանապատուութեան պաշտպանութեան, ուր քրիստոնէական պատգամը տեսանելի ձեւ ստացած է եւ ուր դարեր շարունակ աշխարհի բոլոր ազգերէն հաւատացեալներ ուխտագնացութեան եկած են», կը կարդանք Սուրբ Երկրի Խնամակալութեան կայքէջին մէջ, ուր նաեւ կը շեշտուի, որ․«Այս սուրբ վայրը վերանորոգելը կը նշանակէ պահպանել հաւատքի, յիշողութեան եւ նուիրումի շարունակականութիւնը Ծննդեան Երկրին մէջ։ Հաւաքական ջանքի միջոցաւ Երուսաղէմի Եկեղեցիները կը պաշտպանեն իրենց վստահուած Աւետարանական ժառանգութիւնը եւ կ'երաշխաւորեն, որպէսզի բոլոր աւանդութիւններու հաւատացեալները կարողանան շարունակել Քրիստոսի ծննդավայրին պաշտամունքը խորին ակնածանքով։ Բեթղեհէմէն Ծննդեան լոյսը կը շարունակէ լուսաւորել աշխարհը՝ վկայութիւն տալով Սուրբ Երկրի մէջ մշտական քրիստոնէական ներկայութեան եւ այն յոյսին, որ կը ճառագայթէ սրբազան Քարայրին մէջ, ուր ծնած է Փրկիչը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2026, 09:00