Ափրիկեցի մանուկներ Ափրիկեցի մանուկներ  (foto Facebook Br. Maciej Jabłoński - Misje)

Կեդրոնական Ափրիկէի եպիսկոպոսները. Խաղաղութիւնը շռայլութիւն չէ` ապագան կառուցել երկխօսութեան վրայ

Կեդրոնական Ափրիկէի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասը իր գումարած տարեկան ընդհանուր հաւաքի աւարտին համայն բնակչութեան ուղղեց պատգամ մը ու կառավարութեան զօրեղ կոչ մը պաշտպանելու խաղաղութիւնը որպէս «խոր ձգտում» Երկրի մը համար` որ յատկանշուած է տարիներ տեւող բռնութիւններով, տեղահանումներով, աղքատութեամբ ու ինքնութեան բաժանումներով։ Անոնք դատապարտած են իշխանութեան չարաշահումը և կաշառակերութիւնը որպէս թշնամիներ զոր պէտք է ոչնչացնել։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Խաղաղութեան ի սպաս զօրեղ կոչ մը հիմնուած արդարութեան վրայ, ապա կոչ քաղաքական պատասխանատուութեան ու որեւէ բռնութեան ձեւի մերժումին. Այս է այն ինչ որ կը հայցեն Կեդրոնական Ափրիկէի եպիսկոպոսները իրենց տարեկան ընդհանուր ժողովի աւարտին, ի տես նաեւ անցեալ 28 դեկտեմբերին կայացած նոր ընտրութիւններուն, որոնք երրորդ անգամն ըլլալով իշխանութեան գլուխ առաջարկեցին նախագահ Faustin-Archange Touadéra-ն շնորհիւ նաեւ սահմանադրութեան փոփոխումին։

Բռնութեամբ, զինուած խմբաւորումներով, մարդասիրական ճգնաժամով և տեղահանութեամբ տակաւին բնորոշուած ոլորտէ մը ներս Եպիսկոպոսները կը վերահաստատեն, որ խաղաղութիւնը պարզապէս պատերազմի բացակայութիւն չէ, այլ հիմնուած է արդարութեան, ամուր հաստատութիւններու և փոխադարձ յարգանքի վրայ:

Կաշառակերութիւնը, իշխանութեան չարաշահումը, հովանաւորչութիւնը և անպատժելիութիւնը համարուած են խաղաղութեան հիմնական թշնամիներ:

«Խաղաղութիւնը շռայլութիւն չէ» գրած են եպիսկոպոսները ակնարկելով բնակչութեան խաղաղութեան խոր ձգտումին, Երկրի մը համար` որ յատկանշուած է տարիներ տեւող բռնութիւններով, տեղահանումներով, աղքատութեամբ ու ինքնութեան բաժանումներով։ «Խաղաղութիւնը իւրաքանչիւր քաղաքացիի անձեռնմխելի իրաւունք է, եւ կառավարիչներու պարտականութիւն» հաստատած են իրեն պատգամին մէջ Կեդրոնական Ափրիկէի եպիսկոպոսները աւելցնելով` թէ առանց հաւատալի, ամուր եւ թափանցիկ իշխանութիւններու, «կարելի չէ իրականացնել իսկական զարգացում» մը նշելով նաեւ թէ կարելի չէ Երկրին ապագան կառուցել ատելութեան ու բռնութեան վրայ, այլ երկխօսութեան, եղբայրութեան ու հասարակաց բարիքի պաշտպանութեան վրայ։

Անոնք ապա կրօնական միւս համայնքներուն կոչ կ՛ընեն աշխուժացնելու աղօթքը, համամիութենական և միջկրօնական երկխօսութիւնը՝ որպէս հաշտեցման և համատեղ խաղաղ ապագայի ուղիներ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/01/2026, 07:56