Իտալիայի քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջին ուսումնաժողովը տեղի կ՜ունենայ Պարիի մէջ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
23 և 24 Յունուարին Պարիի կը կայանայ Իտալիայի քրիստոնէական եկեղեցիներու առաջին ուսումնաժողովը, որ նկատուած է պատմական ձեռնարկ, որ կը միացնէ երկրի տարբեր ծայրերէն ժամանած հարիւրի մօտ պատուիրակներ, որոնք կը ներկայացնեն տարբեր քրիստոնէական դաւանանքներ՝ կաթողիկէ, անկլիքան, աւետարանական, ուղղափառ և բողոքական:
Նախաձեռնութիւնը կ՛ եզրափակէ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի գլխաւոր քարտուղարութեան ստեղծուած կլոր սեղանի եռամեայ հանդիպումներու շարքը և նպատակ ունի ուրուագծել համատեղ ուղիներ յաջորդ երկու տարիներուն համար՝ ի նպաստ ընդհանուր բարօրութեան և սոցիալական համախմբութեան:
Եղբայրական մթնոլորտի մէջ պատասխանատուները եւ քրիստոնեայ Եկեղեցիներու պատուիրակները պիտի խորհրդածեն «Իտալական երկխօսութեան ուղիին» վրայ՝ անդրադառնալով համամիութեան մասին՝ որպէս խաղաղութեան քերականութիւն, որպէս հանրային ոլորտին տրուած նուէր և որպէս հոգևորականութիւնը սնուցող միջոց, ապա որպէս տարբերութիւններու իմաստութիւն:
Նորոգուած յանձնառում
«Մեր ժամանակը, որ յատկանշուած է հակամարտութեամբ եւ բռնութեամբ, քրիստոնեաներէն կը պահանջէ նորոգուած յանձնառում մը, խթանելու համար խաղաղութեան մշակոյթ մը... Տարբերութիւնները խոչընդոտ չեն, այլ արժէքաւոր ժառանգութիւն», - ընդգծեց այս առիթով Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի համամիութեան յանձնաժողովի նախագահ` Գերապ. Տերիօ Օլիվերոն:
Դառնալ «այն քրիստոնեաները, որոնք տակաւին չենք»
«Որպէս բողոքականներ, մենք կարող ենք մենք զմեզ մեր տան մէջ զգալ միայն այն համամիութեամբ, որ կիզակէտ կ՜ընտրէ հաւաքական չափանիշը, որպէսզի ճանչնանք և հետապնդենք այն ինչ որ մենք որակեցինք «իտալական երկխօսութեան ուղի», այսինքն՝ մեկնինք մեր իրականութիւններէն, մեր բազմազան և միաժամանակ «հակասող պատմութիւններէն» միասին ջանալով դառնալ «այն քրիստոնեաները, որոնք տակաւին չենք», - ըսաւ ապա Իտալիայի Աւետարանական եկեղեցիներու Դաշնութեան (FCEI) նախագահը` Փրոֆ. Տանիելէ Կարրոնէ։
Ուղղափառ Եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը կը բխի Քրիստոսի հանդէպ ընդհանուր հաւատքը վկայելու ցանկութիւնէն
Մինչ Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ` Գերապ. Dionisio Papavasileiou նշեց թէ «Պարիի ուսումնաժողովը կարևոր հնարաւորութիւն է հանդիպման և համատեղ խորհրդածութեան համար՝ Եկեղեցւոյ աւանդոյթին հաւատարմութեամբ և Իտալական թերակղզիի կեանքի և ապագայի համար պատասխանատուութեան հոգիով» աւելցնելով որ «ուղղափառ Եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը կը բխի Քրիստոսի հանդէպ մեր ընդհանուր հաւատքը վկայելու ցանկութիւնէն՝ յարգելու եկեղեցական ինքնութիւնները, և խթանելու խաղաղ համագործակցութիւնը իտալական հասարակութեան ընդհանուր բարօրութեան ծառայութեան մէջ»։
Երկխօսութեան և համագործակցութեան շօշափելի եւ գործնական նշան
Ուսումնաժողովը կը ներառէ նաև հանրութեան համար բաց միջոցառումներ՝ 23 Յունուարին կը կատարուի պաշտօնական բացումը և խորհրդածական համերգ մը Սուրբ Նիկողայոսի տաճարին մէջ։ 24 Յունուարին ապա տեղի կ՛ունենան աղօթքներ՝ ըստ տարբեր քրիստոնէական աւանդոյթներու մինչ հաւաքին եզրափակումը նախատեսուած է Պարիի աթոռանիստ եկեղեցւոյ` ապա Պարիի Սուրբ Նիկողայոս Պազիլիքայի մէջ տեղի կ՛ունենայ համամիութենական արարողութիւնը։
Այս մէկը Իտալական ոլորտէն ներս եկեղեցիներու միջև երկխօսութեան և համագործակցութեան շօշափելի եւ գործնական նշան է։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ