Որոնել

2026.01.23 Unità Cristiani - Preghiera dei Vespri in rito armeno a San Paolo fuori le mura

Հռոմի Սուրբ Պօղոս Քահանայապետական Պազիլիքային մէջ հնչեցին հայկական շարականները

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան ընթացքին Մխիթարեան Միաբանութեան Վանականներու մասնակցութեան տեղի ունեցաւ խաղաղական ժամերգութիւն։ «Եթէ իրար հետ չխօսինք, եթէ մէկը միւսին չի բացուինք, պիտի չունենանք ոչ միութիւն, ոչ խաղաղութիւն եւ ոչ ալ արդարութիւն» ըսաւ Հայր Համազասպ Քէշիշեանը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Հինգշաբթի` 22 Յունուարի երեկոյեան ժամը վեցին` Հռոմի Պարիսպներէն դուրս Սուրբ Պօղոսի անուան Պազիլիքային կամարներուն տակ հնչեցին հայկական աղօթքներ ու շարականներ։ Առիթն էր Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը, որուն առիթով նոյն տաճարին մէջ ամէն երեկոյ քրիստոնեայ հասարակութիւն մը հովանաւորեց աղօթքը եւ այս անգամ կարգն էր Մխիթարեան Միաբանութեան կղերականներուն, որոնք կատարեցին խաղաղական ժամերգութիւնը ի ներկայութեան Պազիլիքայի աւագերէց Կարդինալ James Michael Harvey-ի եւ Սուրբ Պօղոս Պազիլիքայի Պենետիկտեան հայրերուն եւ Հռոմաբնակ հաւատացեալներուն։

Խաղաղական Ժամերգութիւնը

Արարողութեան սկիզբը խօսք առաւ Հայր Անտոն Գրիգորեանը բացատրելով թէ Հայկական ծէսին մէջ ժամասացութիւններու թիւը ինը է եւ ոչ միայն եօթն, ինչպէս է պարագան լատին եկեղեցւոյ, ապա Սուրբ Ղազար Վանքի մեծաւոր` Հայր Համազասպ Քէշիշեանի ու մխիթարեան միաբանութեան ժառանգաւորներու մասնակցութեամբ, տեղի ունեցաւ Խաղաղական Ժամերգութիւնը, որ սկսաւ «Տէր Աստուած փրկութեան» թիւ 87 սաղմոսով, որուն յաջորդեց Շնորհալիի «Շնորհեա մեզ Տէր» երգը: Ապա յաջորդաբար մաղթանք, քարոզ, աղօթք, հուսկ Շնորհալիի «Նայեաց սիրով» երգը:

Ժամերգութեան աւարտին երգեցուեցաւ «Ի քէն հայցեմք»ը, որուն միայն առաջին երեք տուները Շնորհալիին են. իսկ վերջին երեք տուները՝ քաղուած են խաչի (Զկենդանագիր), Յարութեան (Հաղորդս արա) և Աստուածածնի (Ի նստել քո) շարականներէն:

Սուրբ Պօղոս Պազիլիքայի մէջ հնչեցին հայկական շարականներ
Սուրբ Պօղոս Պազիլիքայի մէջ հնչեցին հայկական շարականներ

Հայր Համազասպ Քէշիշեանի ողջոյնի խօսքը

Ժամասացութեան արարողութեան աւարտին Հայր Համազասպ Քէշիշեանը իր սրտին խօսքը ուղղեց ներկաներուն, ուրախութիւն արտայայտելով Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան իրենց մասնակցութեան համար։

Ան ապա ակնարկեց 2026 տարուայ համար Միութեան աղօթքին համար Պօղոս առաքեալի Եփեսացիներուն ուղղուած նամակէն ընտրուած խօսքերուն, որոնց մէջ կը շեշտուի` յարգանքը, ներումը եւ դիմացկունութիւնը։

Հայր Համազասպը ընդգծեց ապա քրիստոնեաներու միութեան կարեւորութիւնը, որպէս Աստուածային պարգեւ, տարբերութիւններու մէջ միութիւն, ընկալելով միւսը որպէս եղբայր։

Մխիթարին կտակը

Ան խօսեցաւ նաեւ Մխիթարեան Միաբանութեան հոգեւորականութեան մասին ու միաբանութեան հիմնադիր` Մխիթար Աբբահօր համամիութենական շարժումի ի սպաս առաքելութեան ու յանձնառումի մասին։

«Մխիթարը մեզի թողուց կտակը շարունակելու Եկեղեցւոյ միութեան համար առաքելութիւնը» ըսաւ ապա Վանական Հայրը աւելցնելով «Մինչ պահպանելով Հայ Եկեղեցւոյ արարողակարգն ու աւանդութիւնը, մենք երբեք մեզ դուրս չենք զգացած վենետիկեան համայնքէն, որուն մաս կը կազմենք։ Միեւնոյն ժամանակ մենք երաշխաւորներն ու ժառանգներն ենք հոգեւորութեան մը, որ մեզի հպարտութիւն կը պատճառէ եւ որուն պահպանման ու փոխանցման պատասխանատուութիւնը ունինք»։

Սուրբ Պօղոս Պազիլիքայի մէջ հնչեցին հայկական շարականներ
Սուրբ Պօղոս Պազիլիքայի մէջ հնչեցին հայկական շարականներ

Զիրար ճանչնալ ու հասկնալ

«Միութեան ճանապարհին վրայ քալելու համար պէտք է նախ եւ առաջ զիրար ճանչնանք, զիրար հասկնանք, խոր խղճի քննութիւն մը կատարենք, ուսումնասիրենք պատմութիւնը, հասկնալու համար բաժանումներու պատճառները ու հաշտուինք, հարթելու համար դէպի հաղորդութիւն տանող ուղին» յարեց ապա Հայր Համազասպը հաստատելով, որ «պառակտումներու վէրքը կը բխի հպարտութենէն» ու թէ «այդ պատճառով է` որ մենք կը խնդրենք Բժիշկէն եւ Փրկիչէն՝ Յիսուս Քրիստոսէն, որ մեզ բուժէ ու մեզի սորվեցնէ հնազանդ ըլլալ, սիրել, ներել, կարեկցիլ, ու մեր կեանքով օրինակ դառնալ»։

Միութիւն դիմագրաւելու համար այսօրուայ մարտահրաւէրները

«Հաւատքով միացած ըլլալը կարեւոր է մեր օրերու հարցերը դիմագրաւելու համար, համաշխարհայնացումը եւ անոր հետ կապուած ամէն այլ բաներ, եւ իբրեւ գործիք վտանգներուն դէմ, ուրիշ բան չենք փնտռեր եթէ ոչ Քրիստոսի խօսքն ու ուսմունքը» յարեց հուսկ Սուրբ Ղազար Վանքի Մխիթարեան Միաբանութեան մեծաւորը հաստատելով, որ «եթէ իրար հետ չխօսինք, եթէ մէկը միւսին չբացուինք, պիտի չունենանք ոչ միութիւն, ոչ խաղաղութիւն եւ ոչ ալ արդարութիւն»։

«Թող Քրիստոսը՝ Արդարութեան Արեւը, մեր Լոյսը, Ճանապարհ, Ճշմարտութիւն եւ Կեանք, իր աստուածային սիրով փոխակերպէ մեր սրտերը եւ իր Սուրբ Հոգիով առաջնորդէ մեզ դէպի միութիւն եւ կատարեալ հաղորդակցութիւն» եղաւ Հայր Համազասպ Քէշիշեանի վասն միութեան եզրափակիչ աղերսական աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2026, 11:30