Հայրապետական պատգամ՝ Ամանորի ու խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առիթով
Ամանորի՝ նոր տարուան ու Խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առիթով՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը, իր հայրապետական պատգամն ուղղեց Հ. Կ. Եկեղեցիին առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ զաւակներուն:
Սիրելի Եղբայրներ եւ Քոյրեր,
2026 նոր տարին կը դիմաւորենք աղօթքով ու խոնարհութեամբ Աստուծոյ՝ երկնքի և երկրի Տիրոջ առջեւ՝ Անոր յանձնելով մեր իղձերն ու ցաւերը, մեր յոյսն ու տառապանքը: Կը խնդրենք Անկէ, որ նոր տարին հանդիսանայ շնորհքի ու վերանորոգումի տարին, հոգիներու և մարմիններու բժշկութեան տարին, ինչպէս նաեւ տարի՛ն, որուն ընթացքին Ան մեզ առաջնորդէ իր լոյսով, որպէսզի հաստատ մնանք հաւատքին մէջ, աճինք յոյսով և մեր կեանքը վերածենք անոր սիրոյն ու արդարութեան կենդանի վկայութեան: Տարի՛ն, որուն ընթացքին նոր սուրբեր ծագին մեր Եկեղեցիին համար։
Անցնող ժամանակը պարզապէս օրերու յաջորդականութիւն մը չէ, այլ՝ յատկապէս վերատեսութեան ու հարցադրումի աստուածային համարձակ կոչ մըն է: Արդեօք, ընտրա՞ծ ենք սէրը բաժանումին փոխարէն...: Արդեօք, լքա՞ծ ենք ատելութեան և չարութեան լեզուն...։ Արդեօք, մեր ընտանիքներն ու համայնքները վերածա՞ծ ենք ներումի եւ մերձեցումի օճախներու՝ հակամարտութեան ու մեկուսացումին փոխարէն...:
Խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առիթով՝ Մեր կոչը կը վերանորոգենք, իսկական խաղաղարարներն ըլլալու համար ոչ միայն խօսքով, այլ նաեւ գործով, վերաբերմունքով ու պատասխանատուութեամբ: Խաղաղութիւնն ոչ միայն պատերազմի բացակայութեան նշանն է, այլ նաեւ անիկա անկեղծ ապաշխարութեան ու ներքին ճանապարհորդութեան պտուղն է, որ կը սկսի սրտէն ու կը յայտնուի խղճին, որոշումներուն և ընդհանուր վարքին մէջ:
Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը, Լիբանանին համար ուղղուած իր պատգամներուն և կոչերուն մէջ, կը շեշտէ, թէ այս երկիրը, իւրայատուկ առաքելութեամբ ու բազմազանութեամբ, առանց խաղաղութեան չի կրնար գոյատեւել: Խաղաղութիւն մը, որ հիմնուած է հաշտութեան և ո՛չ՝ ատելութեան վրայ, արդարութեան և ո՛չ՝ վրէժխնդրութեան վրայ, երկխօսութեան և ո՛չ՝ բռնութեան վրայ:
Սրբազան Պապը նաեւ կը յորդորէ լիբանանցիները, յատկապէս պաշտօնեաները, քաջութեամբ ընդունելու սխալները, անցեալին ցաւալի էջերը շրջանցելու և նոր հորիզոններ բանալու՝ հիմնուած միասնութեան ու փոխադարձ յարգանքին վրայ։
Լիբանան ու Միջին Արևելք, ներկայի ճգնաժամերուն, պառակտումներուն և պատերազմներուն լոյծին տակ, այսօր աւելի քան երբեք կարիքն ունին յոյսի վկաներուն՝ այն հաւատացեալներուն, որոնք կը հաւատան, թէ կեանքը մահէն հզօր է, շինարարութիւնը կործանումէն աւելի զօրաւոր է, և խաղաղութիւնը՝ անփոխարինելի բարոյական ու հոգևոր ընտրութիւնն է:
Սիրելի Եղբայրներ եւ Քոյրեր,
Խաղաղութիւնը կը սկսի մեր խորքէն, մեր սրտէն: Հետեւաբար, Մենք յատուկ կոչ մը կ'ուղղենք ընտանիքներուն, որպէսզի արմատացած մնան հոգեկան, ազգային ու բայոյական արժէքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ երիտասարդներուն, որոնք կը կազմեն այս երկրին գանձն ու կենդանի յոյսը։ Երիտասարդներու գոյատևումը իրենց երկրին մէջ ոչ միայն անհատական ընտրութիւնն է, այլ նաեւ ազգային կարևորագոյն խնդիրներէն մին է:
Լիբանան չի կրնար վերականգնիլ առանց իր երիտասարդութեան, առանց անոր ոյժերուն, երազներուն և փոփոխութեան յանդգնութեան: Պէտք ունինք այն յստակ քաղաքականութեան, որ մեր երիտասարդներուն եւ երիտասարդուհիներուն յոյս կու տայ մնալու իրենց ու մեր Հայրենիքին մէջ՝ աշխատանքի իսկական հնարաւորութիւններ հայթայթելով և ապագայի հորիզոններ բանալով, եւ ո՛չ՝ զանոնք մղելու դէպի արտագաղթն ու յուսահատութիւնը:
Կարելի չէ խօսիլ յոյսի մասին, առանց ընկերային ու տնտեսական վերականգնումին մասին անդրադառնալու։ Այս տագնապներէն վերականգնումը այլևս հաճոյք կամ յետաձգուած ընտրանք մը չէ, այլ՝ մեր երկրին գոյատեւումին և անոր ժողովուրդին դիմադրութեան շարունակումին հրամայական մըն է:
Մենք կը խնդրենք եւ կը մաղթենք, որ մեր երկրին զաւակները վերականգնեն իրենց արժանապատուութիւնը, ստանան անդորրութիւնն ու վերագտնեն վստահութիւնը նկատմամբ պետական հաստատութիւններուն: Արմատական բարեփոխումները, թափանցիկութիւնն ու անկեղծ հաշուետուութիւնը կայուն վերանորոգումին իսկական հիմքերն են:
Իսկ Լիբանանի և աշխարհի ղեկավարներուն կ’ուղղենք մեր կոչը:
Դուք կանգնած էք պատմական ու բարոյական պատասխանատուութեան առջեւ։ Վերադարձէ՛ք ձեր խղճին և ամէն ինչէն վեր դասեցէ՛ք երկրին շահերն ու ժողովուրդին բարօրութիւնը։
Սիրելի Եղբայրներ եւ Քոյրեր,
Եկէ՛ք՛ չմոռնա՛նք մեր աղօթքները բարձրացնել Միջին Արևելքի խաղաղութեան համար՝ խնդրելով Աստուծմէ վերջ տալ պատերազմներուն, որոնք ուժասպառ ըրին մեր ժողովուրդները, հեռացնել ատելութիւնը, որ կը պառակտէ սրտերը, եւ վերահաստատել խաղաղութիւնը Տիրոջ օրհնեալ երկրին մէջ, ինչպէս ալ մեզի շնորհք եւ ոյժ տալ, որպէսզի իր սիրոյն գործիքները եւ իր խաղաղութեան կերտողներն ըլլանք ու մնանք:
Եկէ՛ք, համախմբուի՛նք հաւատքով և այս տարին դարձնե՛նք իսկական նոր սկզբնաւորութեան տարի մը, որուն ընթացքին ապրի՛նք Աստուծոյ օրհնութեամբ՝ մէկ ձեռքով ու մէկ սրտով աշխատելու ի նպաստ ընդհանուր բարիքին ու խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ նոր ուղին կերտելու առողջ Հայրենիքը, վերանորոգուած Միջին Արևելքն ու քաղաքացիին արժանապատուութեան վայել ապագան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ