Որո՞ւ քարոզեմ եւ ի՞նչ քարոզեմ . Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը
Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ,
Համաձայն մեր Հայկական ծիսական տօնացոյցին, այսօր կը սկսինք Ա. Կիրակին՝ յետ Յայտնութեան տօնի ութօրէքին:
Տօնելէ ետք Ս. Ծննդեան, Կաղանդի եւ Յայտնութեան այս գեղեցիկ եւ ուրախութիւններով լեցուն տօները, այսօր կը կարդանք Պօղոս առաքեալի Տիմոթէոսին ուղղած առաջին նամակէն (1, 1-11)...իսկ Աւետարանն ալ՝ մեզմէ խնդրուած է կարդալ Կանայի նշանաւոր հարսանիքը (Յովհ. 2, 1-11) եւ առաջին հրաշքը (Քրիստոսի) զոր տեղի ունեցաւ: Սակայն այսօր սիրելիներ նախընտրեցի առնել ընթերցուածը՝ որպէս մեր այսօրուան մտածականի նիւթը, նախ որովհետեւ շատ քիչ կը խորհրդածենք ընթերցուածները եւ որպէսզի ձեւով մը շարունակենք անցեալ Կիրակի օրուայ մեր կատարած մտածականը:
Անցեալ Կիրակի խօսեցանք շատ մը կէտերու մասին, որոնցմէ էր՝ մարդուս կոչումը եւ թէ ինչպէս մարդ արարած կանչուած է քարոզելու...նախ իմ անձիս եւ իմ վարմունքովս, եւ ետքը՝ շուրջիններուս...եւ ահաւասիկ կը հասնիմ մեր այսօրուան ընթերցուածին. Որո՞ւ քարոզեմ եւ ի՞նչ քարոզեմ:
Որո՞ւ քարոզեմ:
1. Նախ ես իմ անձիս եւ խորապէս, ոչ թէ մակերեսային եւ կամ անցողական
2. Անօրէններուն
3. Անհնազանդներուն
4. Մեղաւորներուն
5. Ամբարիշտներուն (անաստուած)
6. Սրբութիւնները ոտնակոխ ընողներուն
7. Հայր եւ մայր անարգողներուն
8. Մարդասպաններուն (լեզուով եւ գործիքով)
9. Պոռնկութեամբ զբաղողներուն
10. Մարդ առեւանգողներուն
11. Ստախօսներուն
12. Սուտ երդում ընողներուն
13. Բոլոր արարքներուն որոնք կը գործուին Աւետարանի/Ս. Գիրքին հակառակ
Ի՞նչ քարոզեմ:
1. Փնտռել միշտ ու միշտ սրբութիւնը (եթէ ես չունիմ, ինչպէ՞ս ուրիշին պիտի տամ):
2. Անօրէններուն՝ ծանօթացնեմ Աստուածային կանոններն ու պատուիրանները:
3. Անհնազանդներուն՝ խօսիմ հնազանդութեան կարեւորութեանը եւ մեծութեանը մասին:
4. Մեղաւորներուն՝ յոյս տամ ըսելով թէ, այնքան որքան տակաւին կ՛ ապրիմ՝ առիթը ունիմ դարձի գալու եւ ապաշխարելու:
5. Ամբարիշտներուն՝ զԱստուած ճանչցնել:
6. Սրբութիւնները չյարգողին՝ բացատրել թէ առանց Առաջին Սուրբին, մենք գոյութիւն պիտի չունենայինք:
7. Ծնողքը անարգողին՝ յիշեցնելով թէ անոնք (մեր ծնողները) մաս կազմեցին Աստուծոյ ծրագիրը ամբողջացնելու՝ մեզ աշխարհ բերելով:
8. Մարդասպաններուն՝ քարոզելով կեանքին նպատակը, իմաստը, արժէքը եւ կարեւորութիւնը: Յիշեցնել թէ լեզուն նուազ գործիք չի համարուիր բաղդատաբար զէնքին:
9. Պոռնկութեամբ զբաղողին՝ յիշեցնեմ որ մեր մարմինները Սուրբ Հոգիին Տաճարներն են:
10. Մարդ առեւանգողներուն՝ որոնք կամայ թէ ակամայ կ՛առեւանգեն մարդոց հոգիները՝ իրենց սխալ վարդապետութիւններով եւ խօսքերով, զանոնք ուղղենք դէպի ճշմարիտ ճամբան:
11. Ստախօսներուն՝ յիշեցնենք թէ Ճշմարտութիւնը պէտք է ըլլայ մեր բնաբանը, որովհետեւ մենք ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ որդիներ ենք եւ կանչուած ենք մեր լեզուները օգտագործելու միայն զԱստուած փառաբանելու:
12. Երդում ընողներուն բացատրենք թէ՝ իմ ամէնօրեայ կեանքիս մէջ կանչուած եմ այն վստահելի անձ ըլլալու (եւ այս մէկը կ՛ըլլամ եթէ Քրիստոսի մօտ եմ), որպէսզի ուրիշներուն համար իմ խօսքերս ըլլան ստոյգ:
13. Անոնք որոնք չեն կարդար Աստուածաշունչը, կանչուած են այս տարի իսկ ծանօթանան այս Սուրբ գիրքին, որուն ընդմէջէն մեր Քրիստոսին եւ Անոր կամքին: Մէկ խօսքով, ճանչնալու եւ զանազանելու չարը՝ բարիէն:
Ահաւասիկ սիրելիներ մեր այսօրուան մտածականը. այս պարագային կարելի է ըսել ոչ թէ միայն այսօրուան, այլ մեր կեանքի մտածականը: Հարցումը հետեւեալն է. արդե՞օք դիւրաւ պիտի կարողանանք այս բոլոր կէտերը պէտք եղածին պէս ապրիլ:
Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, որպէսզի կարողանանք այս բոլորը կարելի եղածին չափ եւ լաւապէս իրագործել, Պօղոս առաքեալ մեզի կը փոխանցէ էական բանալի մը երբ կ՛ըսէ թէ. այս բոլորը կ՛իրականանան եթէ կը գործուին ԱՆԿԵՂԾ ՀԱՒԱՏՔԷ ԲԽԱԾ ՍԻՐՈՎ. Ամէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ