2020.08.01 Vangelo del giorno Giovanni Battista

«Պատրաստեցէք Տիրոջ ճամբան. Հարթեցէք անոր շաւիղները» (Մարկ. 1, 1 – 13) - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը

Մենք բոլորս աշխարհ եկած ենք՝ կոչուելու Աստուծոյ զաւակներ եւ ժառանգորդներ երկնքի արքայութեան, սակայն եթէ չաշխատիմ կարելի եղածին չափ, «որդի» բառը ինծի համար պիտի մնայ միայն անկատար խոստում մը: Կ՞ուզես այս նոր տարին դառնալ Աստուծոյ զաւակ...օրակարգիդ մէջ չմոռնաս ընդգրկել զՔրիստոս ամէն օր եւ ամէն վայրկեան
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Մի քանի օրեր առաջ էին սիրելիներ, երբ տօնեցինք Քրիստոսի Յայտնութիւնը եւ Անոր մկրտութիւնը: Կարդալէ ետք մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածը, մեզ կրկին առիթ կու տայ մտածելու մեր իսկական կոչումին եւ մեր առաքելութեանը մասին՝ այս աշխարհի վրայ...ի՞նչ բանի մենք կանչուած ենք:

1.     «Պատրաստեցէք Տիրոջ ճամբան». շատ բնական է սիրելիներ, նախ քան Տիրոջ ճամբան պատրաստելը, պատրաստել մենք մեր անձերը՝ մեր ամէնօրեայ աշխատանքներով եւ հոգեւոր պայքարներով: Սիրելիներ, մենք աշխարհ եկած ենք՝ դառնալու եւ արժանանալու երկնքի արքայութեան...Տիրոջ ճամբան պատրաստելու համար, պէտք ենք Իր կամքը հասկնալ եւ կատարել:

2.     «Հարթեցէք անոր շաւիղները». կանչուած ենք ոչ թէ միայն ճամբան պատրաստելու եւ պատրատուելու, այլ յաղթահարելու բոլոր խոչընդոտները որոնք պատճառ կը դառնան մեզի ապրելու Տիրոջ խօսքը եւ գործադրելու Անոր կամքը:

3.     «Քարոզելու...». մէկ խօսքով վկայելու զՔրիստոս ոչ թէ միայն խօսքերովս, այլ գործերովս...եւ որպէսզի կարողանամ վկայել, պէտք եմ նախ ես համոզուած ըլլալ, ճանչցած ըլլալ զՔրիստոս, զԻնք սիրած եւ ամէնակարեւորը՝

4.     «մկրտուիլ...» Սուրբ Հոգիին կրակով. սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, որպէս մէկական Քրիստոնեայ անհատներ, բոլորս կոչուած ենք ըլլալու նման Յովհաննէս մկրտիչի՝ այն անապատին ձայնը զոր կը պատրաստէր Քրիստոսի աշխարհ գալը: Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն զորս ունեցաւ Ս. Յովհաննէս մկրտիչ, շարունակեց հարթել իր եւ բոլոր հաւատացեալներուն շաւիղները՝ պայքարելով չարին դէմ, քարոզելով իր հաւատքը եւ ճշմարտութիւնը...այս բոլորը որովհետեւ իր մէջ ունէր կրակը, այն ինչ որ մեր մէջ կը պակսի այսօր...Ս. Հոգին: Ս. Հոգին սիրելիներ մեր մէջ կու գայ՝

5.     «Խոստովանելով». երբ կը խոստովանիմ երկու կարեւոր բաներ. նախ Քրիստոսի Աստուածութիւնը եւ ներկայութիւնը, եւ ետքը՝ իմ խեղճութիւնս եւ մեղաւոր ըլլալս՝ անշուշտ բոլոր սրտովս, համոզումով, իսկ խոստովանանքը՝ սրտով եւ արցունքներով...անապատին մէջ, եւ միշտ ունենալով իմ սրտիս մէջ անկիւն մը՝ ուր կրնամ իմ Տիրոջս հետ ըլլալ: Երբ այս բոլորը ներկայ են իմ կեանքիս մէջ, այդ պահուն է որ պիտի լսեմ Աստուծոյ ձայնը որ կ՛ըսէ

6.     «Դուն ես իմ սիրելի որդիս, որուն ես հաճեցայ».

Ահաւասիկ սիրելիներ մեր այսօրուան նամակը. մենք բոլորս աշխարհ եկած ենք՝ կոչուելու Աստուծոյ զաւակներ եւ ժառանգորդներ երկնքի արքայութեան, սակայն եթէ չաշխատիմ կարելի եղածին չափ, «որդի» բառը ինծի համար պիտի մնայ միայն անկատար խոստում մը: Կ՞ուզես այս նոր տարին դառնալ Աստուծոյ զաւակ...օրակարգիդ մէջ չմոռնաս ընդգրկել զՔրիստոս ամէն օր եւ ամէն վայրկեան. Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2026, 08:00