Մոզամբիկ․ շուրջ 400 հազար մարդ տուժած է ջրհեղեղներէն
Վատիկան Նիուզ - Հայկական բաժանմունք
Մոզամբիկը ծանր արտակարգ իրավիճակի մէջ կը գտնուի՝ շաբաթներ շարունակ տեւող ջրհեղեղներու պատճառով, որոնք պատճառ դարձած են շուրջ հարիւրէ աւելի մարդոց մահուան մինչ տուժածներուն թիւը կը գերազանցէ 400.000։
Հազարաւոր բնակարաններ քանդուած են, յատկապէս Քսայ-Քսայ թեմին մէջ, ուր ամբողջ գիւղեր ջուրի տակ մնացած են, իսկ բազմաթիւ մարդիկ մեկուսացած են՝ առանց սնունդի, ջուրի եւ օգնութեան։
Տեղական Եկեղեցին, Մափութոյի արքեպիսկոպոսին եւ Քարիթասի միջոցով, գործի լուծուած են՝ դրամահաւաք եւ մարդասիրական օգնութիւն կազմակերպելու համար՝ միաժամանակ բարձրաձայնելով հիմնական կարիքներու պակասը եւ փրկարարական աշխատանքներու դժուարութիւնները։
Գերապ. Հաթոա Նունէսը բնակչութեան կոչ ըրած է մասնակցելու դրամահաւաքին՝ նպատակ ունենալով թեթեւցնել բազմաթիւ ընտանիքներու տառապանքը, որոնք ամէն ինչ կորսնցուցած են։
Մոզամբիկի կառավարութիւնը վերջերս տագնապի ազդանշան յայտարարած է Կազա նահանգին մէջ «մեծ ուժգնութեան» ջրհեղեղներու կարելիութեան մասին՝ Մասինճիր ջրամբարի արտակարգ բացումէն յետոյ, որ 1977 թուականէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով հասաւ իր առաւելագոյն հզօրութեան, ինչը ստիպեց բնակչութեան անյապաղ տարհանումը։
Երկրին նախագահը չեղարկած է իր միջազգային պարտաւորութիւնները՝ ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով արտակարգ դրութեան վրայ։
Միացեալ Ազգերը կը հաստատեն աղէտին լայնածաւալ բնոյթը, որ կրնայ աւելի ծանրանալ, եթէ տեղատարափ անձրեւները շարունակուին։
Որոշ վերլուծաբաններու համաձայն՝ Հարաւ-արեւելեան Ափրիկէի մէջ ջրհեղեղներու յաճախականութեան եւ ուժգնութեան աճը կապուած է կլիմայական փոփոխութիւններու հետ։
Եկեղեցին կոչ կ՛ընէ զօրակից, պատասխանատու եւ գործնական արձագանգի՝ յատկապէս ամենախոցելի մարդոց օգուտին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ