Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. գիրը Գերյ. Հ. Եղիա Ծ.Վ. Քիրէջեանի մահուան առիթով
«ԱՆՍԱՍԱՆ ՍՐՏՈՎ ԿԱՌՉԱԾ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՅՈՅՍԻՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՕՐՀՆԵԱԼ ԿԱՄՔԻՆ ՅԱՆՁՆՈՒԱԾ»
Անսասան սրտով կառչած Յարութեան յոյսին և Աստուծոյ օրհնեալ կամքին յանձնուած՝ ստացանք մահուան լուրը Թորոնթոյի հոգևոր հովիւին՝ Գերյ. Հ. Եղիա Ծ.Վ. Քիրէջեանի, որ գնաց մեր երկնային Հօր տունը։
Մինչ մենք հրաժեշտ կու տանք այս եռանդուն վարդապետին, որ իր կեանքը նուիրած էր խորանի և հոգիներու ծառայութեան, շնորհակալութիւն կը յայտնենք Տիրոջ՝ աղօթքով ու վաստակով հարուստ անոր քահանայական կեանքին համար, անկեղծ իր առաքելական նուիրուածութեան մէջ և անվրդով իր խաղաղութեամբ՝ բազմաթիւ մարտահրաւէրներու ու բազմազան փորձութիւններու ժամանակաշրջանին։
Լուսահոգի Գերյարգելին նուիրեալ հոգեւորականի մը կենդանի օրինակն էր իր Եկեղեցիէն ներս, իր Հօտին նկատմամբ զգօն և անկեղծօրէն ձգտող հոգիներու փրկութեան համար, իր ծառայութեան մէջ ներշնչուած մեր Եկեղեցիին հոգևոր մեծ դէմքերէն. անոնց առաջինն էր Աստուծոյ Ծառան՝ Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեան կարդինալը, որ մարմնաւորեց աւետարանական հաւատարմութիւնը, առաքելական եռանդն ու յարատեւ վկայութիւնը։
Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Գերյ. Քիրէջեանի նուիրական կեանքին և օրհնեալ ծառայութեան համար: Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք մեր Եղբօր՝ Ամերիկայի և Քանատայի հայ կաթողիկէ թեմին առաջնորդ Արհի. Հ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանին, Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան, մեր եղբայրակից վարդապետներուն, անոր հարազատներուն, ինչպէս նաև անոր բոլոր սիրելիներուն ու ծխականներուն՝ հայրենիքին և արտասահմանին մէջ։
Գերյ. Քիրէջեանի մահով՝ վերջ չի գտներ անոր առաքելութիւնը, այլ՝ մեր սրտերուն մէջ կ’ամրապնդէ կենդանի յոյսը, որ, այս երկրին վրայ անոր հաւատարիմ ու վաստակաշատ գործին փոխարէն, երկնքին մէջ անոր համար պատրաստուած է արդարութեան և կեանքին պսակը։
Մեր Գերյ. Եղբօր մաքուր հոգին և օրհնեալ քահանայական ծառայութիւնը միշտ ներկայ ըլլան մեր աղօթքներուն մէջ: Թող անոր օրինակը կենդանի մնայ Եկեղեցիին յիշողութեան մէջ՝ որպէս կենդանի վկայութիւն գալիք սերունդներուն համար։
«Դուն, որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կարգեմ: Մտի՛ր քու Տիրոջդ ուրախութեան մէջ» (Մտթ. 25,21)։
Յաւերժական հանգիստ տո՛ւր անոր, ո՜վ Տէր:
Թող յաւիտենական լոյսը փայլի անոր վրայ:
Թող անոր յիշատակը յաւերժօրէն մնայ։
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։
Հռոմ, 26 Յունուար 2026
+ ՌԱՖԱՅԷԼ-ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ.
Կաթողիկոս-Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ