Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (76)
ՀԶ. Հաղորդում
Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք երրորդ խումբի Թոնդրակեցիներու աղանդին:
Երրորդ խումբի Թոնդրակեցիները, դէմ ելան Աստուծոյ գաղափարին, հաստատելով որ եթէ նոյնիսկ Աստուած գոյութիւն ունի, բայց Ան չի կրնար կամ չ’ուզեր միջամտել մարդոց գործերուն, չարիքներուն արգելք չի հանդիսանալու համար: Հայ եկեղեցական եւ աշխարհիկ ղեկավարներու հալածանքներուն պատճառաւ, Թոնդրակեցիները սկսած էին գաղտնի պահել իրենց ուսմունքը ու ամփոփել փակ համայնքներու մէջ: Սմբատ Զարեհվանցին եւ իր յաջորդները, ժողովուրդը մոլորեցնելու նպատակով, Եկեղեցիէն արտաքսուած եպիսկոպոսներու ձեռամբ՝ հոգեւոր պաշտօնեաններ կը ձեռնադրէին, եւ եկեղեցական այլ կարգեր կը կատարէին: Այս պատճառով շատեր չէին կարենար ըմբռնել Թոնդրակեցիներու աղանդաւորութիւնը:
Մագիստրոս իշխանը, տեսնելով անոնց գործած աւերը հաւատացեալներու կեանքի մէջ, զէնքի ոյժով ու բռնութեամբ ջաջխջախեց զանոնք եւ կանգուն պահեց Հայ եկեղեցին: Մագիստրոս զօրքով կ'երթայ Ապահունեաց գաւառը, ուր կը գտնուէր Թոնտրակ գիւղը, նախ այդ շրջանը անուանեց, Շնավանք, եւ շարունակեց ըսելով «Ուր բնակեալ էին արք հանդերձիւք կրօնաւորաց, եւ կանանց բազմութեան բոզից». Այս անարգալից խօսքերով մտաւ Թնդրակ բնակավայրը, ապա ամէն ինչ աւերակի վերածեց: Ան կը հալածէ նաեւ անոնց չար առաջնորդ՝ Ղազարը, եւ հոն կը շինէ Ս. Գէորգայ եկեղեցին:
Թոնդրակեցիներէն շատեր, տեսնելով Մագիստրոսի կատարած հալածանքը իրենց դէմ, դարձի կու գան ու կը մկրտուին: Իսկ ուրիշներ պաշտպանութիւն մը ունենալու համար կը դիմեն ասորիներու կաթողիկոսին, ցոյց տալով անոր թէ իրենք են ճշմարիտ հայերը եւ պատկանող արամեան գնդին: Այսպէս, Թոնդրակեցիները շուրջ 300 տարի փոթորիկ ստեղծեցին ոչ միայն Հայաստանի մէջ այլ նաեւ Բիւզանդիոնի մէջ: Յիրաւի, Թոնդրակեան շարժումը միջնադարեան Հայաստանի ամենասարսափելի երեւոյթներէն մին հանդիսացաւ։ Ան հսկայական ազդեցութիւն թողած է հետագայ այլ աղանդաւորական շարժումներու վրայ։ Ըստ պատմագրաց, Թոնդրակեան շարժումը տարածուած է նաեւ Աղուանիքի մէջ:
Ի վերջոյ, Մագիստրոս կարծեց թէ Հայ Եկեղեցւոյ հալածանքներն են որ վերջ դրին այս աղանդին, սակայն իրկանութեան մէջ Թաթարական արշաւանքներն իրենց հեղեղներու ներքեւ ծածկեցին նաեւ այդ աղանդն ալ: Այնպէս որ, Հայերը ժամանակ չունէին զբաղուելու այլեւս կրօնական և աստուածաբանական խնդիրներով: Թոնդրակեան աղանդի հետեւողները իրենց պաշտպան իշխաններուն հետ դուրս ելլելով Հայոց սահմաններէն՝ տեղափոխուած են նախ Փոքր Ասիա, Ասորեստան և Միջագէտք, ապա դէպի Արեւմուտք Պալքանեան Թերակղզիներ, մասնաւորապէս Պուլկարիա, Միջին Եւրոպա, Հիւսիսային Իտալիա և հարաւայի
ն Ֆրանսա: Պուլկարիան կ'ըլլայ երկրորդ հայրենիքը այդ աղանդին, որ իրենց լեզուով կոչուեցաւ Բոգոմիլներու աղանդ, Բոգոմիլ քահանայի մը անունէն: Միջին Եւրոպայի մէջ Կաթարացիները շարունակեցին այդ աղանդը. իսկ Հարաւային ֆրանսայի մէջ Ալպիկացիները (Ալպիժուա), որոնց պատմութիւնը հանրածանօթ է:
Ի դէպ՝ Թոնդրակեցիներու այս աղանդը մեծ նշանակութիւն ստացաւ մարդկային պատմութեան մէջ, որովհետեւ անոնք Բողոքականութեան նախահայրերը հանդիսացան: Այսինքն, բողոքական աւետարանական եկեղեցիներու բուն հիմնադիրներն ելան հայկական գաւառներէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ