Որոնել

Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (75)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Թոնդրակեցիներու աղանդի շարունակութեան

ՀԵ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Թոնդրակեցիներու աղանդի շարունակութեան:

Թոնդրակեցիներու աղանդը գոյատեւած է մինչեւ ԺԲ. եւ ԺԳ. դար, այսինքն իններորդ դարու առաջին կէսէն մինչեւ տասն և մէկերորդ դարու երկրորդ կէսը և դեռ աւելի: Այսպէս,  դարեր շարունակ, հայ ժողովուրդը բաժնուած էր երկու մեծ մասերու: Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունին (990–1058) բուռն կերպով պայքարած է Թոնդրակեան շարժումին դէմ, երեւան հանելով անոնց վարդապետութեան սխալները, նմանցնելով զիրենք Էբիգիւրեաններու եւ Մանիքեցիներու: Ասորիներու կաթողիկոսին անոնց ծագումին ու վայրին մասին կարեւոր տեղեկութիւններ տուած է:

Ուրիշ երկու հեղինակաւոր անձեր եւս այս աղանդին դէմ արտայայտուած են՝ ինչպէս սուրբ ճգնաւորն Գրիգոր Նարեկացին եւ աւելի ուշ Արիստակէս Լաստիվերտցի պատմիչը: Թոնդրակեան աղանդի պատճառաւ՝ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ տիրած էր կասկածանքի մթնոլորտ: Նարեկացին եւ ուրիշներ եւս ենթարկուած են ներքին պայքարի տխուր հետեւանքներուն:

Այսպէս, Թոնդրակեան աղանդին հետեւելու մէջ կարող էր մեղադրուիլ ամէն ոք, որու մտածելակերպը կը տարբերէր միւսներէն: Գրիգոր Նարեկացիի հայրն ու ուսուցիչը կը հալածուի՝ մեղադրուելով թոնդրակեցիներու աղանդին հետեւելու մէջ։ Խոսրով Անձեւացին՝ Գրիգորի հայրը, կը նզովուի եկեղեցւոյ կողմէ, իսկ Անանիա Նարեկացին ստիպուած կ'ըլլայ իր անմեղութիւնն ապացուցող գործեր գրել։ Առ այս՝ Նարեկացին Թոնդրակեցիներու սխալները ցոյց տալու նպատակաւ՝ դատապարտող թուղթ մը գրած է, որ եզակի է իր տեսակին մէջ: Այդ մոլար աղանդը կռապաշտութիւն կը համարէին խաչի ու սրբապատկերներու պաշտամունքը, կը քարոզէին «մարդապաշտութիւն», կը մերժէին Քրիստոսի աստուածութիւնը՝ զայն համարելով սովորական մարդ մը կամ սոսկ մարգարէ մը, իրենց աղանդի գլխաւորին անուանելով Քրիստոս, փրկիչ, ազատարար, Աստուծոյ ուղարկած մարգարէ, որ վերջ պիտի տար չար աշխարհի բոլոր անարդարութիւններուն:

Նոյնպէս պաշտօնապէս մերժած են ձեռնադրութիւնը, այսինքն՝ եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնը. Հաղորդութիւնը. Մկրտութեան խորհուրդը. Տէրունական Կիրակի օրը, եւ այդ օրը համարուած էր միւս օրերուն հաւասար: Թոնդրակեցիներու մոլար գաղափարախօսութեան մասին արժէքաւոր տեղեկութիւններ կը պարունակէ նաեւ Գրիգոր Մագիստրոսի նամակները: Ընդունելով «անտեսանելի և անշոշափելի Աստուծոյ» պաշտամունքը՝ թոնդրակեցիները ժխտած են հոգւոյ անմահութիւնն ու անդրշիրիմեան աշխարհը, դժոխքի և դրախտի գոյութիւնը, երկնային պատիժը կամ հատուցումը՝ մարդու երկրային արարքներուն համար։ Ըստ անոնց, քանի որ չկայ հոգւոյ անմահութիւն ու հանդերձեալ կեանք՝ մարդու և Աստուծոյ միջեւ միջնորդի դեր կատարող տեսանելի և շոշափելի խաչը, եկեղեցին, հոգեւորականները, եկեղեցական պատկերները, ծէսերն ու արարողութիւններն անիմաստ են։

Մէկ խօսքով՝ Աստուծոյ և մարդուն միջեւ միջնորդի (Եկեղեցին) կարիքը չկայ: Ոչ ոք իրաւունք ունի նզովելու կամ բանադրելու։ Մարդն ունի մէկ՝ երկրային կեանք, ուստի «երկնային արքայութիւնը» պէտք է կառուցել երկրի վրայ։ Ժ. դարուն, Թոնդրակեցիներու հետեւորդները այնքան տարածուած են Հայաստանի մէջ, որ Անանիա Մոկացի Կաթողիկոսը (943-965), ժամանակի հռչակաւոր գիտնական Անանիա Նարեկացիին պատուիրած է, որ գրի առնէ անոնց մոլութիւնները: Դժբախտաբար, Անանիայի գրածը չէ պահպանուած, այլապէս անիկա լաւագոյն աղբիւրը պիտի համարուէր Թոնդրակեցիներու ծագման եւ ուսմունքի մասին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2026, 07:57