Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (74)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Թոնդրակեան աղանդին

ՀԴ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Թոնդրակեան  աղանդին:

Թ. դարուն, Թոնդրակեան հայկական նոր աղանդ մը սաստիկ կը ցնցէ Հայաստանեայց Եկեղեցին: Այս աղանդը ձեւափոխուած շարունակութիւնն էր Պաւղիկեան շարժումին: Ան իր անունը ստացած էր Թոնդրակ կամ Թոնտրիկ աւանէն, ուր եղած էր իր ծագումը: Կոչուած է նաեւ իր պետերուն անունով՝ Սմբատեանք կամ Վահանեանք: Գրիգոր Մագիստրոսի և զանազան հեղինակներու համաձայն, Թոնդրակեցիներու պարագլուխը հանդիսացած է մի ոմն Սմբատ Զարեհաւանդցի, զորս կը կոչէին «վաւաչ չամբուշ բորբորիտն, պիղծն Սմբատ անիծեալն»:

Ան իր երիտասարդ հասակին ուսումը ստացած էր Պարսկաստանի Մրջունիկ բժիշկէ մը, որ աստղաբախշ մոգ մըն էր: Այնտեղ, միաժամանակ աստաղաբաշխութիւն եւ շատ մը բաներ սորված է աղանդներու մասին: Յովհաննէս. Դ. Ովայեցի Կաթողիկոսի օրով (833-855), Սմբատ Հայաստան վերադառնալով՝ Ծաղկոտն գաւառի Զարեհաւան գիւղէն տեղափոխուելով կուգայ Թոնդրակ, ուր կը սկսի իր քարոզչախօսութիւնը, որ յաջող ընդունելութիւն կը գտնէ շատերու կողմէ:

Այս աղանդաւորներուն մէջ, երկու խմբաւորում յառաջացած է. մէկը կատարեալներու, միւսը ոչ կատարեալներու: Ասոնք մէկ Աստուած խոստովանած են և Ս. Երրորդութեան հաւատք չեն ընծայած:

Քրիստոսի մասին տարբեր ըմբռնումներ քարոզած են. ոմանք անոր մէջ իրարմէ անջատ բնութիւններ յայտարարած են: Անոնք խորհած են, թէ Քրիստոս մարդ էր եւ անոր աստուածութիւնը ներշնչումով աւելցած էր անոր հոգիին: Այսպէս, Յիսուսի ծնունդը զուտ մարդկային եղած է, եւ չարչարանքները միայն Յիսուս մարդը կրած է:

Ուրիշներ Քրիստոսի մէջ աստուածութիւնը եւ մարդկութիւնը այնպէս միացած կը տեսնէին՝ որ մարդկութիւնը կորսուած էր աստուածութեան մէջ: Անոնք խորհած են նաեւ, թէ խաչին վրայ Քրիստոսի մարդկութեան հետ աստուածութիւնն ալ մահացած է: Քրիստոսի խաչը լոկ փայտ համարած են, ուստի արժանի չէ պաշտամունքի:

Անոնք իբրեւ թէ բարեկարգչական նպատակաւ՝ դէմ եղած են եկեղեցական արարողութիւններուն, քահանայական զգեստաւորման, եւ կրօնական աստիճանաւորումներուն: Ասոնք որպէս օրէնք՝ Տէրունական տօները և ընդհանրապէս բոլոր ծիսակատարութիւններն ու արարողութիւնները ջնջած են: Ասոնք իրենց գաղափարախօսութեամբ՝ Մաշտոց ծիսարանի դէմ արտայայտուած են, չեն ընդունած առհասարակ եկեղեցւոյ խորհուրդները, ինչպէս՝ մկրտութիւնը, պսակը, հաղորդութիւնը և ձեռնադրութիւնը:

Այս փոքրամիտ անձինք նոյնիսկ եկեղեցական սրբազան մատեանները այրած են: Սմբատ Զարեհավանցին բոլորովին չէ ընդունած եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը, մերժած է Քրիստոսի զոհաբերութիւնը մարդկանց փրկութեան համար, քանի որ զոհագործութիւններու մէջ տեսած է հրէական զոհաբերումներու ոգին:

Ան արգիլած է հոգեհանգիստը, հակառակած է նաեւ հոգիներու համար մատաղ կատարելու մտքին: Մեռելներու յարութիւնը անոր հաւատալիքներէն դուրս դրուած է: Կ'արհամարհէր ծնրադրութիւնը՝ որպէս պաղատանքի արտայայտութիւն և մատաղօրհնէքը:

Աւելին, Թոնդրակեանները եկեղեցական պսակի խորհուրդը բոլորովին մերժած ըլլալով՝ մծղնեներու նման ազատ սիրոյ քարոզը, խառնակ կեանքը եւ մղծնէութիւնը դարձած է անոնց կենցաղավարութեան բարոյական չափանիշը: Այս մէկը հիմք ծառայած է իրենց հակառակորդներուն՝ զանոնք մեղադրելու անառակ կեանքի և կենցաղի մէջ: Այնպէս որ, թոնդրակեցիները նաեւ տոփամոլութեամբ ներկայացուած են:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/01/2026, 07:57