Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (73)
ՀԳ. Հաղորդում
Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Հայ Եկեղեցւոյ ընդդէմ Պաւղիկեանց մղած պայքարին:
Հայ եկեղեցին դէմ յանդիման գտնուած է «Մայր Եկեղեցիէն» անջատուած և հայկական համարուած Պաւղիկեան աղանդին, որ քրիստոնէութեան սարսափելի այլասերում մը դարձած էր: Յովհան Օձնեցի իւր ընդդէմ Պաւղիկեանց թղթոյն մէջ՝ անոնց շատ մը տարօրինակ պաշտամունքներ եւ վարուց ու բարուց անհաւատալի աղտեղութիւններ կը վերագրէ, զորս կարելի է ըստ հետեւեալին համառօտել. Եգիպտացւոց նման մկնորսակաց (կատուաց) յարգանքը կը մատուցանեն: Ողիմպոսի լեռան կայծակնահան ու փրփրերախ դեւին կ՚երկրպագեն, Յանէսի եւ Յամրէսի նման:
Բաց աստի, կախարդութիւն կ՚ընէին, արեգակն եւ լուսինը կը պաշտէին: Տղայոց արիւնով ալիւր շաղուելով՝ նուիրական հաց մը կը պատրաստէին, եւ անով կը հաղորդուէին: Առաջնածին կնոջ մը մանուկը իրարու կը նետէին մինչեւ որ մեռնէր, եւ որու ձեռքն որ աւանդէր շունչը՝ զայն իբր իրենց երէցը կը յարգէին: Մծղնէականներուն նման՝ իրենց մօր, քրոջ ու եղբօր հետ խառնակեցութեամբ կ՚ապրէին: Ներսէս Շինող Կաթողիկոս (641-661) Պաւղիկեանց դէմ խրատական ու յորդորական միջոցներ գործածելէ ետք, ստիպուեցաւ քաղաքային իշխանութիւններու ձեռօք՝ անոնց ճակտին վրայ նշաններ դրոշմելով՝ երկրէն աքսորել տալ (655թ.):
Ըստ Օձնեցւոյ «Պաւղիկեանք իրենց սաներն իսկ փոխանակ Աւետարանի՝ Այլազգեաց առասպելապատում գրոց գիտութեամբ կը վարժեցնէին հեթանոսաբար»: Յովհան Օձնեցի Հայրապետին (717-728) Դուինի մէջ 719-ին գումարած ժողովին գլխաւոր նպատակը Պաւղիկեաց մասին էր: Այս ժողովի որոշմամբ՝ ոչ միայն բանադրեց եւ եկեղեցւոյ հաղորդակցութենէ զրկեց զանոնք, այլ եւ յաջողեցաւ իրենց պաշտպան Հագարացի ոստիկան մը վաստկիլ ու անոր միջոցաւ զանոնք հալածել: Հաւանաբար այս աղանդաւորները հալածելու հրամանը Դամասկոսի Օմար Բ. Ամիրապետէն ստացաւ, իր 720-ին անոր այցելութեան առթիւ: Օձնեցի Հայրապետը յաջողեցաւ Պաւղիկեանութիւնը բառնալ առանց արիւնահեղութեան. սակայն հաւանական կը թուի որ այդ աղանդաւորները պահուեցան Երեւութականաց անուան տակ: Յետագային, Պաւղիկեան աղանդը վերստին սկսաւ տարածուիլ, շնորհիւ Հագարացւոց: Հայ Եկեղեցւոյ Հայրերը ստիպուած կ'ըլլան Բիւզանդիոնի կայսեր դիմելու: Պաւղիկեանք դաշնակցելով հագարացի Էմիրներու հետ կ'ապստամբէին Յունաց դէմ և երկար պայքար կը մղէին: Բիւզանդիոնի կայսրերէն ոմանք, ինչպէս՝ Նիկեփոր (802-811) պաշտպանեց զանոնք, սակայն անոր յաջորդը Միքայէլ Ա. (811-813) զանոնք հալածեց:
Թէոդորա թագուհին՝ իր զաւկին Միքայէլ Գ. ի (գինովին) (842-867) միջոցաւ՝ մեծ հալածանք հանեց Պաւղիկեաններուն դէմ (853-856). Միայն Փոքր-Ասիոյ մէջ 100.000-ներ կոտորուեցան: Պատմութիւնը լուռ կը մնայ անոնց մասին շուրջ դար մը, եւ Ժ. դարուն կրկին անոնք երեւան կու գան, եւ Անտիոքայ Թէոտոր Պատրիարքին առաջարկով՝ Բիւզանդիոնի Յովհաննէս Չմշկիկ (Չմշկածակցի) հայկազն կայսրը՝ զանոնք կը տեղափոխէ Կ. Պոլիս եւ անկէ ի Փիլիպոպոլիս (Ֆիլիպէ) 970-ին, ուր իբր Պաւղիկեան Հայ աղանդաւորներ անուան տակ յիշատակուած են: Ըստ պատմագրաց՝ ասոնք են որ ծնունդ տուած են Եւրոպական Բողոքականութեան, ինչպէս պիտի տեսնենք Թոնդրակեցիներու պարագային եւս: Այս հայկազն աղանդաւորաց մնացորդները դեռ կան Ֆիլիպէի մէջ ու շրջակայքը եւ Փաւլիքէն կ՚անուանուին:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ