Միջին Արեւելք - Ոչ ոք պէտք է անտեսէ ժողովուրդներու կեանքի եւ արդարութեան ցանկութիւնը. Կարդինալ Փիցապալլա
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Գոյութիւն ունի կարմիր գիծ մը որ քաղաքական իշխանութիւնները չեն կարող շրջանցել այն է ժողովուրդներուն արժանապատիւ կեանք ապրելու ցանկութիւնը։ Երուսաղէմի լատինաց պատրիարք կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիծապալլան, Վատիկան Նիուզի իտալական բաժնի գահընկերուհիի Ֆրանչեսքա Սապաթինելլի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձ կը կատարէ Իրանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, ուր քաղաքացիներու խաղաղ ցոյցերը խստօրէն կը ճնշուին, այդ մէկը մեկնաբանելով որպէս խաղաղութեան, արդարութեան եւ արժանապատուութեան պահանջի պայթում՝ Իրանի մէջ ինչպէս նաեւ այլ վայրերու մէջ, ներառեալ Սուրբ Երկիրը։ Ծիրանաւորը յոյս կը յայտնէ, որ խաղաղ լուծումներ գտնուին եւ վիճակը չվատանայ, սակայն կը շեշտէ, թէ «ոչ ոք կրնայ անտեսել կեանքի եւ արդարութեան այդ ցանկութիւնը, որ իւրաքանչիւր մարդու խղճին անբաժանելի մասն է»։
Երուսաղէմի լատինաց Պատրիարքը կը գտնուի Յորդանանի մէջ՝ Մեռեալ Ծովու մօտ, ուր Լատին Պատրիարքութեան քահանաներու եւ եպիսկոպոսներու մասնակցութեամբ տեղի կ’ունենայ երկխօսութեան եւ նորոգման հանդիպում։
Ան խօսելով Թեմի իրականութեան մասին զայն կը նկարագրէ որպէս բարդ կառոյց մը, որ կը տարածուի չորս երկիրներու վրայ եւ տարբեր կերպերով կը զգայ պատերազմի ծանր հետեւանքները։
Անոր գնահատումով առաւելագոյն մտահոգութիւն կը պատճառէ Կազայի վիճակը, ուր թէեւ լայնածաւալ պատերազմը դադրած է, սակայն կը շարունակուին նպատակային ռմբակոծումները։ Սնունդի որոշակի բարելաւում կայ, բայց դեղորայքի խիստ պակասը կը շարունակէ մարդկային կորուստներու պատճառ դառնալ։ Կարդինալ Փիցցապալլան կը նշէ, որ բնակչութեան ապագան կը մնայ խիստ անորոշ, նոյնիսկ նախատեսուող միջազգային «խաղաղութեան խորհուրդ»ի լոյսին տակ։
Միաժամանակ ան կոչ կ’ուղղէ քրիստոնեայ ուխտաւորներուն՝ վերադառնալու Սուրբ Երկիր, ընդգծելով, որ ուխտագնացութիւնները ապահով են եւ կենսական նշանակութիւն ունին տեղական համայնքներուն համար։ Սուրբ Երկիրը, ըստ անոր, «հինգերորդ Աւետարանն է», ուր հաւատացեալը կրնայ իր հաւատքը վերապրիլ աւելի կենդանի եւ շօշափելի կերպով։
Վերջապէս, Փիցցապալլան դրականօրէն կը գնահատէ վերջերս տեղի ունեցած կարդինալական արտակարգ Ժողովը, որ, երկար դադարէ մը ետք, տեղի ունեցած է շատ դրական մթնոլորտի մէջ նպատակ ունենալով զարկ տալ երկխօսութեան եւ ճանաչողութեան աւելի լաւ սահմանելու համար «միասնական աշխատանքի մի քանի մեթոդաբանութիւններ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ