Եկեղեցական գիտելիքներ։ Ա. շաբաթ Յայտնութեան (11_18 Յունուար 2026)
Կիրակի օր, տակաւին կը գտնուինք Յայտնութեան Ութօրէքին մէջ եւ ամէն ինչ կը կատարուի իբրեւ թէ Քրիստոսի Յայտնութիւնն ու Մկրտութիւնը կը տօնենք։ Ութօրէքը կ՛երկարի մինչեւ երեքշաբթի եւ այս շրջանին կը կարդացուին կամ Յիսուսի Մկրտութեան աւետարանները, կամ ալ` Մոգերու Յայտնութեան աւետարանը։
Կիրակի օր` կը տեսնենք Յիսուս, անմեղը` որ կու գայ խնդրելու մկրտութիւն Յովհաննէս Մկրտիչէն։ Երեք պատճառներ կան Քրիստոսի այս նախաձեռնութեան. Նախ կու գայ ամբողջացնելու Յովհաննէսի մկրտութիւնը. Յովհաննէս կը մկրտէ ջուրով, իսկ Յիսուս` Սուրբ Հոգիով։ Ապա կ՛ուզէ օրինակ հանդիսանալ մարդկութեան թէ մկրտութիւնը անհրաժեշտ է մտնելու համար Աստուծոյ արքայութիւնը։ Ի վերջոյ` մկրտութեամբը կր յայտնէ Ամենասուրբ Երրորդութեան երեք անձերը, Հայրը, Որդին եւ Հոգին, որոնց ներգործութեամբ մենք կը դառնանք քրիստոնեայ եւ իրաւունք կ՛ունենանք ժառանգելու յաւիտենական կեանքը։
Հինգշաբթի 15 Յունուարին կը տօնենք Սուրբ Յովհաննէս Կարապետի տօնը, որ է իր քարոզութեան յիշատակը անապատին մէջ. Ան կոչուած է կարապետ, որովհետեւ կ՛առաջնորդէ ժողովուրդը դէպի Քրիստոս, ինչպէս նաեւ կը պատրաստէ ճանապարհը անոր գալստեան։ Յովհաննէս երեք տօն ունի տարուան ընթացքին. Մին յունուար 15-ին, կամ անոր մօտակայ թուական մը, երկրորդը` Զատկուայ յաջորդող շաբաթ օրը, Յինանց շրջանին, որ իր գլխատման յիշատակութիւնն է, իսկ երրորդը` Յինանց շրջանէն անմիջապէս ետք` կը յաջորդէ Հռիփսիմեանց եւ Գայեանեանց տօներուն։
Շաբաթ 17 Յունուարին տօնն է Ս. Անտոն անապատականի։ Կրնանք սեպել զինք, Եկեղեցւոյ վանականներու նահապետը եւ ճգնաւորներու հայրը։ Ծնած է Եգիպտոսի Կոմա քաղաքը, 251 թուին. Իր ծնողաց մահուընէ ետք` բոլոր ունեցածները աղքատներուն կը բաժնէ եւ Թեպայի շրջանի անապատը կը քաշուի ճգնելու համար։ Երբ կը տեսնէ թէ բազմաթիւ աշակերտներ իրեն կը հետեւին եւ անապատ կը քաշուին, 305 թուին կը հիմնէ առաջին վանքը միայնակեաց կրօնաւորներու. Իր հռչակը հետզհետէ ընդարձակուելով` բազմաթիւ վանքեր կը հաստատէ, այրերու թէ կիներու, անոնց համար օրէնքներ սահմանելով (Անտոնեան կրօնաւորներու օրէնքները). կը պայքարի նաեւ արիոսեան աղանդին դէմ. Կը վախճանի 356 թուին, 105 տարեկանին, ։ Իր կեանքի եւ գործերուն մասին գրած է Ս. Աթանաս մեծ հայրապետը։
Կիրակի 18 Յունուարը` Յայտնութեան Բ. Կիրակին է: 18 Յունուարին սկիզբ կ՛առնէ քրիստոնեաներու միութեան համար աղօթքի շաբաթը որ կը տեւէ մինչեւ 25 Յունուար որուն ընթացքին քրիստոնեայ աշխարհը իր աղօթքները կը բարձրացնէ առ Աստուած հայցելու քրիստոնեաներու միութիւնը։
2026-ի Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան բնաբանը քաղուած է Սուրբ Պօղոսին Եփեսացիներուն ուղղած նամակէն «Մէկ է մարմինը, մէկ է հոգին- ինչպէս մէկ է յոյսը, որուն Աստուած ձեզ կոչեց» (Եփեսոս 4,4) մինչ աղօթքի շաբթուան աղօթքներն ու աղօթքներու ուղեցոյցը պատրաստուած է Հայաստանի մէջ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգատարութեամբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ