Որոնել

 Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբաթ Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբաթ 

Եկեղեցական գիտելիքներ Բ. Շաբաթ Յայտնութեան (18-25 Յունուար 2026)

Քրիստոնեաներուն միութեան աղօթքի Շաբաթ։ Քրիստոնեաները որպէսզի կարենան իրագործել Յիսուսի իրենց յանձնած պատգամը, որ է տարածել իր աւետարանը բոլոր աշխարհի վրայ, պէտք է որ միանան, եւ ցոյց տան թէ իրենք հարազատ եղբայրներ են իրարու. Որեւէ բաժանմունք կամ հակառակութիւն պիտի չնպաստէ իրենց այս կոչումին Տիրոջ պատգամը տարածելու աշխարհիս վրայ։
Ունկնդրէ լուրը

Այս շաբթուայ ընթացքին` կը կատարենք աղօթքներ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ միութեան համար. Զանազան դարերու ընթացքին բաժանումներ յառաջացած են այդ Եկեղեցւոյն մէջ, որ գոյացած են մեծ մասամբ քրիստոնեայ հասարակութիւններու միջեւ վարդապետական անհասկացողութիւններու հետեւանքով։ Այսօր գրեթէ հարթուած են այդ վարդապետական բաժանմունքները եւ երկուստեք անկեղծ փափաք մը կայ իրար հանդիպելու վերջնականապէս լուծելու համար այս կացութիւնը։

Քրիստոնեաները որպէսզի կարենան իրագործել Յիսուսի իրենց յանձնած պատգամը, որ է տարածել իր աւետարանը բոլոր աշխարհի վրայ, պէտք է որ միանան, եւ ցոյց տան թէ իրենք հարազատ եղբայրներ են իրարու. Որեւէ բաժանմունք կամ հակառակութիւն պիտի չնպաստէ իրենց այս կոչումին Տիրոջ պատգամը տարածելու աշխարհիս վրայ։ Ահա այս միութեան համար կ՛աղօթենք այս շաբթուայ ընթացքին. ՜՜Մէկ է մարմինը,  մէկ է հոգին  ինչպէս մէկ է յոյսը,  որուն Աստուած ձեզ կոչեց ՝՝ բնաբանով . քաղուած ՝ Սուրբ Պօղոսի Եփեսացիներուն ուղղած նամակէն:

Երկուշաբթի 19 Յունուարին` տօնն է Ս. Պետրոս Աղեքսանդրիոյ հայրապետին եւ Աբիսողոմ Սարկաւագին: Նաև՝   Աղեքսանդրիոյ Եկեղեցեւոյ երկու մեծ հայրապետներու. Սուրբ Աթանասի եւ Սուրբ Կիւրեղի։ 

Աթանաս ծնած է Աղեքսանդրիա 295 թուին։ Փոքր հասակէն տեղւոյն եպիսկոպոսը կ՛առնէ զինք իր հովանաւորութեան տակ եւ շուտով կը դառնայ եկեղեցւոյ գլխաւոր սիւներէն մին, իր փարումովը Սուրբ Երրորդութեան ճշմարիտ հաւատքին։ 326-ին կ՛ըլլայ հայրապետ Աղեքսանդրիոյ. Բազմիցս կը հալածուի ու կ՛աքսորուի Արիոսի դէմ իր մղած անտեղիտալի պայքարին պատճառաւ։ Կը վախճանի 373-ին, Աղեքսանդրիա։ 

Իսկ Կիւրեղ ծնած է դարձեալ Աղեքսանդրիա 375-ին. Հետագային կը դառնայ ինք եւս հայրապետ Աղեքսանդրիոյ 412-ին, կը նախագահէ Եփեսոսի տիեզերական ժողովին (431ին) ուր դատապարտել կու տայ Նեստորը, հաստատելով միութիւնը Քրիստոսի մէջ. Կը վախճանի 444-ին, Աղեքսանրիա։

Տօնն է նաեւ Սուրբ Գրիգոր Աստուածաբանին: 

Երեքշաբթի 20 Յունուարին, կը տօնենք Մեծն Թէոդոս կայսրը, որ տիրեց Բիւզանդական աշխարհի վրայ 379-395 թուականը. Իր ժամանակ է որ կայսրութեան պետական կրօն հռչակուեցաւ քրիստոնէութիւնը – մօտ 80 տարի վերջ Հայաստանէն -։

Կը տօնենք նաեւ Եփեսոսի 7 երիտասարդ ննջողներու տօնը, որոնք 250 թուին` փախչելով հալածանքներէն, ապաւինեցան քարայրի մը մէջ, ուր իրենց վրայ քուն մը եկաւ որ տեւեց 100 տարիէն աւելի. Արթնցան Մեծն Թէոդոսի օրով եւ տեսնելով որ կայսրութիւնը ամբողջ քրիստոնեայ դարձած էր, մեծապէս մխիթարուեցան ու մի քանի օր ապրելէ ետք` մահացան Եփեսոսի մէջ։

Տօնն է նաեւ՝ Ս. Կիրակոսի եւ անոր մօր` Յուղիտայի։ Անոնք քրիստոնեայ ըլլալով` փախան քաղաքէ քաղաք եւ ի վերջոյ ապաստանեցան Տարսոնի մէջ. Սակայն հոն եւս հասան հալածանքները եւ մայր ու զաւակ նահատակուեցան յետ անողոք չարչարանքներու, 304 թուականին։

Նոյն օրը, տօնն է նաև՝ մեր հայազգի մեծ սուրբերէն` Սուրբ Վահան Գողթնացիի։ Ան փոքր տարիքին` գերի բռնուեցաւ Արաբներու կողմէ 707 թուին եւ Դամասկոս տարուեցաւ, ուր մեծցաւ Խալիֆայի պալատին մէջ եւ դարձաւ դիւանապետ։ Շատ սիրուեցաւ իր շրջապատէն. Սակայն երբ նոր խալիֆա մը եկաւ եւ արտօնեց որ բոլոր հայ գերիները դառնան իրենց տուները, ինք եւս մեկնեցաւ Հայաստան եւ հոն` ճանչնալով քրիստոնէութիւնը, դարձի եկաւ ու մկրտուեցաւ. Ամուսնացաւ ու զաւակներ ունեցաւ, բայց որովհետեւ խօսք տուած էր խալիֆային վերադառնալ Դամասկոս, ետ դարձաւ Սուրիա եւ մերժելով ուրանալ քրիստոնէութիւնը, նահատակուեցաւ, այսպէսով արժանանալով իր հօրը` Խոսրովի մարտիրոսական պսակին, 737 թուին։

Հինգշաբթի  22 Յունուարին  տօնն է Սուրբ Տրիփոն վկային,  Սուրբ  Վլաս Սեբաստիոյ եպիսկոպոսին,  Ունեսիմոս աշակերտին Պօղոս Առաքեալի ն: Նաև Սուրբ Սեղբեստրոս Հռոմի հայրապետի  ու յիշատակը Կոստանդիանոս թագաւորին: 

 Շաբաթ 24 Յունուարին  տօնն է, Ս  Գորդիոս վկային Պօղիկտոսի եւ Գրիգորիսի:  Եւգինէ կոյսին, իր հօր՝ Փիլիպպոսի  ու մօր՝ Կղոդէի.  երկու եղբայրներուն՝  Սերկէյի ու Ապիտոնի,  ու երկու ներքինիներուն:  

Միշտ Շաբաթ օրը, տօնն է Ս.  Մարութա եպիսկոպոսին. ու նաեւ՝ Ս. Եւգինէի, Մակարիոսի, Վաղերոսի,  Կանդիտոսի ու  Ակիւղասի :

Կիրակի 25 Յունուարը` Յայտնութեան Գ. Կիրակին, Առաջաւորի Բարեկենդան է: 

25 Յունուարին փակումը կը կատարուի նաեւ Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբթուան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/01/2026, 07:26