Այսօր աշխարհի վրայ 388 միլիոն քրիստոնեաներ հալածուած են. «Open Doors»
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
14 Յունուարին լոյս տեսաւ «Open Doors - Բաց Դռներ» հասարակական կազմակերպութեան տարեկան տեղեկագիրը, հայող աշխարհի մէջ քրիստոնեաներու դէմ մղուած հալածանքներուն, որմէ ի յայտ կու գայ թէ այսօր աշխարհի մէջ աւելի քան 388 միլիոն քրիստոնեաներ ենթարկուած են հալածանքներու եւ խտրականութեան, իրենց դաւանած հաւատքին պատճառաւ։
«Open Doors» կազմակերպութիւնը
Բաց Դռներ կազմակերպութիւնը քրիստոնէական առաքելութիւն մըն է, որ հիմնուած է 1955 հոլանտացի Անտրիու վան տէր Պիլի կողմէ, որ ճանչցուած է որպէս Եղբայր Անտրիու, եւ որ որպէս նպատակ ունի օգնել ու թիկունք կանգնիլ հալածուած քրիստոնեաներուն։
Կազմակերպութիւնը այսօր կը գործէ վաթսունէ աւելի երկիրներու մէջ, ուր քրիստոնեաներուն ազատութիւնը սահմանափակուած է։
Քրիստոնեաներու վիճակի աննախադէպ վատթարացում
Բաց Դռներ կազմակերպութեան 2026-ի Ցուցանիշը կը մատնանշէ քրիստոնեաներու վիճակի աննախադէպ վատթարացում մը ամբողջ աշխարհին մէջ։
Տուեալները ցոյց կու տան բռնութեան պատմական բարձր մակարդակ մը.․ 2025 թուականին սպաննուած են 4.849 քրիստոնեաներ, որոնցմէ 3.490-ը Նիճերիոյ մէջ․ յարձակման ենթարկուած են 3.632 եկեղեցիներ, որոնցմէ աւելի քան հազար մը՝ Չինաստանի մէջ,․ կալանաւորուած են 4.712 քրիստոնեաներ, յատկապէս Հնդկաստանի մէջ։
Տեղեկագիրը կը հաստատէ` որ հալածանքներուն Ցուցանիշը սկսեալ 2014-էն շարունակական աճ արձանագրած են։
Միջազգային աւելի մեծ ուշադրութեան հրատապ անհրաժեշտութիւնը
Սուրիոյ մէջ այլեւս ապահով վայր չկայ։․ Ահաբեկչական յարձակումները եւ համայնքային բռնութիւնները ուղղակիօրէն կը թիրախաւորեն քրիստոնեաները։Հնդկաստանի եւ Չինաստանի մէջ կրօնական ազատութիւնները աստիճանաբար կը սահմանափակուին օրէնքներու եւ նպատակաուղղուած ձերբակալութիւններու միջոցաւ։ Ենթասահարական Ափրիկէի մէջ ժիհատական խմբաւորումներ ամբողջ տարածքներ կը վերահսկեն Մալիի եւ Պուրքինա Ֆազոյի մէջ՝ պարտադրելով իսլամական շարիան եւ թիրախաւորելով քրիստոնէական համայնքները։
Զեկոյցը, որ հիմնուած է խիստ մեթոդաբանութեան եւ 50 երկիրներու մէջ տեղւոյն վրայ հաւաքուած տուեալներու վրայ, կը հաստատէ հիմնական ազատութիւններու համաշխարհային քայքայման միտումը եւ կը շեշտէ միջազգային աւելի մեծ ուշադրութեան հրատապ անհրաժեշտութիւնը։
Ամենավտանգաւոր եկիրները
Ըստ «Բաց Դռներ» կազմակերպութեան «Քրիստոնեաներու հալածանքի 2026 համաշխարհային Ցուցանիշին» քրիստոնեաներուն համար ամենավտանգաւոր երկիրներու շարքին են Հիւսիսային Քորէան` ուր քրիստոնէական հաւատքը նկատուած է ոճիր, ապա Սոմալիան` ուր դարձը արգիլուած է, հուսկ Եմենը, ուր քրիստոնեաները ստիպուած են ապրիլ գաղնտանբար։ Քրիստոնեաներուն համար անապահով երկիրներու չորրորդ տեղը կը գրաւէ Սուտանը` ուր կը տիրէ քաղաքացիական պատերազմ եւ Եկեղեցիները ենթարկուած են յարձակումներու։ Ապա կայ Էրիթրէան եւ Սուրիան ուր վերջին տարուայ ընթացքին աճած է քրիստոնեաներուն դէմ խտրականութիւնը մինչ Նիճերիայի մէջ արձանագրուած է սպաննուած քրիստոնեաներու ամենաբարձր թիւը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ