Աստուածայայտնութեան տօնակատարութիւնը Պաղտատի Հայ Կաթողիկէ Մայր Տաճարին մէջ
Ամէն տարի Յունուար 6-ին, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին մեծ տօնախմբութեամբ կը նշէ Աստուածայայտնութեան առաջին տաղաւար տօնը: Օրուայ Աւետարանը կը յիշատակէ Մոգերու այցելութեան հրաշապատումը և Յիսուսի Յորդանան գետին մէջ մկրտութեան խորախորհուրդ ծէսը: Հանդիսապետութեամբ Պաղտատի Հ. Կ. Թեմի Առաջնորդ՝ Արհի. Տ. Ներսէս Արք. Զապարեանի, Երեքշաբթի 6 Յունուար 2026-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, սուրբ և անմահ Պատարագ և Ջրօրհնէքի արարողութիւն տեղի ունեցաւ Պաղտատի Հայ Կաթողիկէ մայր տաճարին մէջ:
Այս տարի եկեղեցւոյ սպասաւորներէն՝ Միլատ Մասքոնին, բախտը ունեցաւ Յովհաննէս Մկրտիչի դերը կատարելու: Գերապայծառ տէրը իր քարոզին մէջ անդրադառնալով օրուան յիշատակութեան, ըսաւ թէ Յիսուս Քրիստոս՝ այսօր յայտնուելով աշխարհին, մեզի խաղաղութիւն և Աստուծոյ սէրը բերաւ։
Այսօր համախմբուած ենք մեր եկեղեցւոյ մէջ փառաբանելու այս հրաշալի խորհուրդը: Աստուածայայտնութեան և մկրտութեան տօնին, Աստուծոյ Միածինը մարդեղեն կերպով յայտնուեցաւ աշխարհին, Սուրբ Հոգին աղաւնիի կերպարանքով իջաւ Քրիստոսի վրայ և Հայր Աստուծոյ ականջալուր ձայնով՝ յայտնուեցաւ Ամենասուրբ Երրորդութեան խորհուրդը: Արեւելքէն եկած Մոգերն՝ աստղի նշանով եկան մանուկ Յիսուսին մօտ, որպէսզի երկրպագեն Անոր և նուիրեն ոսկի, կնդրուկ ու միրրհ, ի նշան Անոր թագաւորութեան և Աստուածութեան: Քրիստոսի Աստուածայայտնութեան տօնին կը հրաւիրեմ մեր ժողովուրդը շարունակելու ապրիլ այս սուրբ խորհուրդը յաջորդող օրերուն՝ եկեղեցական հոգեպարար արարողութիւններու միջոցաւ։
Այնուհետեւ, Պատարագիչ Առաջնորդին, առընթերակայ վարդապետին, սարակաւագաց և դպրաց դասուն իրերայաջորդ աղօթքներով, քարոզներով և հոգեթով երգերով շարունակուեցաւ սուրբ Զոհը: Տէրունական աղօթքին յաջորդեց «Միայն սուրբ»ը, իսկ Ս. Հաղորդութեան ժամանակ «Խորհուրդ մեծ» հիանալի շարականը, ինչպէս նաեւ «Մեր դաշտերուն մէջ երգեցին» կաղանդի երգը: Ջրօրհնեքի կարգ ընթացք առաւ «Լոյս ի լուսոյ» շարականով, որմէ ետք «Ով զարմանալի» Կոմիտասի խորազդեցիկ երգով, սուրբ միւռոնը թափօրով դարձաւ Խորանէն դէպի ժողովուրդը:
Ըստ աւանդութեան` խաչը ջուր իջեցնելը կը խորհրդանշէ Յիսուսի Յորդանան գետ մտնելը:Պատարագիչը խաչով, ապա միւռոնով կ'օրհնէ ջուրը և հաւատացեալներն այդ ջուրէն տուն կը տանին, որպէս օրհնութիւն ու բուժիչ դեղ հիւանդներու համար:
Սուրբ Պատարագի աւարտին՝ հաւատացեալները, գլխաւորութեամբ պատարագիչ Առաջնորդին ուղղուեցան Առաջնորդարանի դահլիճը` ուր տեղի ունեցաւ յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն եւ շնորհաւորութիւններու ընդունելութիւն, ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ