Քրիստոնեաներու Միութեան համար Աղօթքի Շաբաթ՝ 2026
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Քրիստոնեաներու Միութեան համար Աղօթքի շաբաթուան եւ Մերձաւոր Արեւելքի Կաթողիկէ Բարեգործական Միութեան (CNEWA-Catholic Near East Welfare Association) հարիւրամեակին առթիւ, Փիլիսոփայութեան Տոքթոր Հայր Էլիաս Տ. Մալլոնին, 19 Յունուարին յօդուած մը հրապարակեց CNEWAի թերթին մէջ, որուն ամփոփումը կը ներկայացնենք ստորեւ․
Աղօթքի Շաբաթը՝ Քրիստոնէական միութեան ճամբայ
Քրիստոնեաներու Միութեան համար Աղօթքի շաբաթը հաստատուած է 1908-ին՝ Քաւութեան Ընկերութեան համահիմնադիր, Աստուծոյ Ծառայ Փոլ Վաթսընի կողմէ, իբրեւ Եկեղեցական Միութեան Ութօրեակ։ Այդ նախաձեռնութիւնը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատասխաններէն մէկն էր քրիստոնէական միութեան հրատապ կոչին։
Ժամանակի ընթացքին ընդլայնելով ու զարգանալով՝ այսօր ան կը նշուի աշխարհի բոլոր ծագերու տարբեր եկեղեցիներու եւ դաւանանքներու քրիստոնեաներուն կողմէ։
Ամէն տարի տարբեր եկեղեցի մը կը հրաւիրուի՝ մասնակցելու ծրագրի ձեւաւորման եւ տօնախմբութեան առանձնայատուկ երանգ մը հաղորդելու։ 2026 թուականի համար ընտրուած եկեղեցին Հայ Առաքելական Եկեղեցին է՝ աշխարհի հնագոյն քրիստոնէական եկեղեցիներէն մէկը, որուն հոգեւոր կեդրոնը կը գտնուի Էջմիածին։
Պատմական ցնցումներ եւ Քրիստոնէական վկայութիւն
Առաջին Աշխարհամարտը եւ Օսմանեան Կայսրութեան քայքայումը ողբերգական հետեւանքներ ունեցան կայսրութեան քրիստոնէական ժողովուրդներուն համար։ 1915-1916 թուականներուն, աւելի քան մէկ միլիոն հայ քրիստոնեաներ տեղահանուեցան եւ կոտորուեցան այս իրադարձութիւններուն ընթացքին, որոնք այսօր կը ճանչցուին որպէս 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն։
Այդ մութ տարիներուն, քրիստոնէական միութեան գաղափարէն ներշնչուած, Հայր Փոլ Վաթսընը եւ Պոլսոյ յոյն կաթողիկէ առաջնորդ, եպիսկոպոս Կէորկ Գալավասին համագործակցեցան՝ նիւթական օգնութիւն հաւաքելու եւ զայն մատուցելու ւ հայ, յոյն եւ ասորի քրիստոնեայ վերապրողներուն, որոնք ապաստան գտած էին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։
CNEWAի ծնունդը
1924-ին այս համագործակցութիւնը ստացաւ պաշտօնական ձեւ CNEWAի հիմնադրութեամբ։ 1926ին, Պիոս ԺԱ․Քահանայապետը վերակազմակերպեց զայն որպէս Սուրբ Աթոռի գործակալութիւն՝ ի սպաս Արեւելեան բոլոր եկեղեցիներուն եւ, միեւնոյն ատեն մաս կազմեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Սուրբ Ժողովին եւ դրուեցաւ Նիւ Եորքի արքեպիսկոպոսներուն անմիջական հոգեւոր հսկողութեան տակ։
Մէկ դար անց, CNEWA-ն կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ ծառայելով Արեւելեան եկեղեցիներուն՝ ըլլայ կաթողիկէ, ըլլայ ոչ կաթողիկէ, անոնց շարքին Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայ եւ ասորա-քաղդէական համայնքները։
Առաքելութիւն, որ անհրաժեշտ է շարունակել
Թէեւ 20-րդ դարու ողբերգութիւնները պատմութեան մաս դարձած են, այսօր ալ գոյութիւն ունին հակամարտութիւններ ու տառապանքներ, որոնք կը տարածուին Իրանէն մինչեւ Ազրպէյճան եւ Հայաստան, ապա Սուրիա, Լիբանան, Իսրայէլ եւ Պաղեստին։ Այս իրականութիւնը կը շարունակուի նոյնիսկ այն պահուն, երբ կը նշուին Քրիստոնէական Միութեան համար Աղօթքի Շաբաթը եւ CNEWA-ի հարիւրամեակը։
2026 թուականին այս երկու տարեդարձերի «զուգադիպութիւնը» մեզի կը յիշեցնէ ոչ միայն անցեալի նուիրումն ու ձեռքբերումները, այլ նաեւ, որ քրիստոնէական միութեան եւ ծառայութեան գործը տակաւին չէ աւարտած։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ