Որոնել

Սուրբ Պատարագ Քրան-Մոնթանայի զոհերու դիտաւորութեան Սուրբ Պատարագ Քրան-Մոնթանայի զոհերու դիտաւորութեան  (ANSA)

Սիոնի եպիսկոպոսը. Եկեղեցին Քրան-Մոնթանայի զոհերու ընտանիքներուն կողքին է

Սիոնի եպիսկոպոս Ժան-Մարի Լովի, Քրան-Մոնթանայի ողբերգական հրդեհէն ետք, կը շեշտէ Եկեղեցւոյ լուռ ու զօրակից ներկայութեան կարեւորութիւնը՝ սատար կանգնելով սգաւոր ընտանիքներուն եւ միջազգային համերաշխութեան: Եպիսկոպոսը յոյսի պատգամ կը յղէ տառապեալներուն՝ յորդորելով հաւատալ աստուածային լոյսին, որ կրնայ մխիթարութիւն բերել նոյնիսկ ամենէն ծանր կորուստի պահուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սիոնի եպիսկոպոս Ժան-Մարի Լովի, Վատիկանի լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին մէջ, կը ներկայացնէ Զուիցերիոյ Քրան-Մոնթանա շրջանին մէջ յունուար 1-ի գիշերը պատահած սոսկալի հրդեհին յաջորդող ծանր կացութիւնը։ Աւելի քան 40 զոհ եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ պատճառած այս աղէտը ցնցած է տեղւոյն բնակչութիւնն ու զբօսաշրջիկները, յատկապէս իտալացի ընտանիքները։ Եպիսկոպոսը կը շեշտէ, որ Եկեղեցւոյ դերը նախ եւ առաջ «լուռ եւ բաժնեկցուած ներկայութիւն» ըլլալն է, որպէսզի ոչ ոք իր ցաւին մէջ առանձին զգայ։

Յունուար 2-ի երեկոյեան մատուցուած յատուկ Սուրբ Պատարագին ներկայ էին աւելի քան 400 հաւատացեալներ, ինչ որ կը փաստէ համայնքի միասնական մնալու եւ մխիթարութիւն գտնելու խոր կարիքը։ Սինոի եպիկսկոպոսը կը նշէ, որ քրիստոնէական առաքելութեան հիմքը հաղորդութիւնն է՝ ըլլալ այնտեղ, ուր տառապանքը կայ, ինչպէս Աստուած միշտ ներկայ է մարդոց կողքին։ Բացի աղօթքի պահերէն, տեղւոյն եկեղեցիները բաց պահուած են ինքնամփոփման, մոմավառութեան եւ լսելու պատրաստակամութեան համար։

Միջազգային զօրակցութիւնը, որ կը տարածուի Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ հիւանդանոցներուն միջեւ, մխիթարական նշան մըն է այս դժուար օրերուն։ Եպիսկոպոս Լովիի պատգամը սգաւոր ընտանիքներուն յոյսի ներշնչում մըն է. ան կը հրաւիրէ հաւատալու լոյսին, որ կրնայ ճեղքել մութ ամպերը։ Ան կը հաստատէ, որ Աստուած Իր Որդւոյն միջոցով միացած է ամենէն աղքատին ու տառապածին, եւ այդ աստուածային լոյսը պիտի օգնէ յաղթահարելու այս անտանելի կորուստը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/01/2026, 07:02