2025.12.05 Scuola elementare school class

Վենեզուելլա․ Եպիսկոպոսներու պատգամը՝ դպրոցը որպէս խաղաղութեան եւ արդարութեան վայր

Վենեզուելլայի Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի կրթական յանձնաժողովի նախագահ, Գերապ. Քուրիել Հերերան, ուսումնական տարուայ վերամուտին առիթով, կոչ ըրաւ բոլոր երեխաներուն, դեռահասներուն, երիտասարդներուն և կրթական համայնքի միւս անդամներուն օգտագործել ուսումնական և ուսուցողական գործիքներ՝ երկրի մէջ ներդաշնակութիւն կառուցելու համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Մինչ կը վերսկսինք մեր ճանապարհը դէպի մեր կենտրոններ ուսումնական այս նոր տարեշրջանի սեմին, մեր յանձնաժողովը կը ցանկայ յոյսով լի ողջոյն մը յղել իւրաքանչիւր ուսուցիչի, իւրաքանչիւր աշակերտի, իւրաքանչիւր ընտանիքի և ամբողջ ազգային կրթական համայնքի իւրաքանչիւր անդամի։ Մենք կը միանանք այն իղձին, որ կրթութիւնը ըլլայ այն տարածքը, ուր կ՛ ամրապնդուի խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը՝ գիտակցելով, որ հակառակ դժուարութիւններուն, կրթական տարածքը կը շարունակէ մնալ հաւատքի սերմը ցանելու ամենասուրբ վայրը եւ արդարութեան ու ազատութեան արժէքներուն ի սպաս յանձնառումի վայր, որոնք կ՛ առաջնորդեն մեր գոյութիւնը»։ Այս է այն ինչ որ կը գրէ Վենեզուելլայի Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի կրթական յանձնաժողովի նախագահ, Գերապ. Քուրիել Հերերան, ուսումնական տարուայ վերամուտին առիթով, կոչ ընելով համայն կրթական համայնքին, որ դպրոցը դարձնեն խաղաղութեան, արդարութեան եւ յոյսի տարածք։

Ան կը շեշտէ, թէ կրթութիւնը, հակառակ երկրի դժուար կացութեան, կը մնայ ամենասուրբ վայրը, ուր կարելի է սերմանել հաւատք, ազատութիւն եւ քաղաքացիական արժէքներ։

Եպիսկոպոսը երեխաները, պատանիները, երիտասարդներն ու ուսուցիչները կը հրաւիրէ իրենց ուսումնական գործիքները օգտագործելու որպէս միջոցներ՝ երկրի ներդաշնակութեան եւ խաղաղութեան կառուցման համար։ Ան կը քաջալերէ փոխադարձ ունկնդրութիւնը, աղօթքը եւ միութիւնը, որպէսզի դպրոցները շարունակեն ըլլալ ապահով վայրեր՝ քաղաքացիութեան, ժողովրդավարութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան կրթութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/01/2026, 08:16