Պարիի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցի Պարիի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցի 

Իտալիոյ Քրիստոնեայ եկեղեցիներու համագումարը աւարտեցաւ Պարիի մէջ

Իտալիոյ քրիստոնէական համայնքներու ներկայացուցիչները Պարիի մէջ աւարտեցին իրենց համագումարը միասնական աղօթքով՝ շեշտելով խաղաղութեան եւ եկեղեցիներու միութեան անհրաժեշտութիւնը ներկայիս դժուարին ժամանակներուն մէջ։ Արարողութեան ընթացքին մասնակիցները աղօթեցին պատերազմներու դադրեցման համար եւ յայտարարեցին, որ յաջորդ մեծ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 2028 թուականին՝ Ֆլորանսի մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Իտալիոյ Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու համագումարը աւարտեցաւ Պարիի Սուրբ Նիկողայոս տաճարի մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր համամիութենական աղօթքով մը, որուն մասնակցեցան 120 պատուիրակներ՝ կաթողիկէ, ուղղափառ, բողոքական եւ անկլիքան համայնքներէն։

Պարի-Պիթոնթոյի արքեպիսկոպոս գերպ Ճուզեփփէ Սաթրիանօ շեշտեգ, որ ներկայիս աշխարհը ծանր օրեր կ՝ապրի պատերազմներուն եւ բաժանումներուն պատճառով եւ մարդկութիւնը կարիքը ունի եկեղեցիներու կողմէ տրուած միութեան եւ հաշտութեան վստահելի նշաններու։

«Հոս՝ Նուրբ Նիկողայոսի շուրջ, դարերէ ի վեր կը սորվինք, որ միութիւնը նուաճուելիք նպատակ մը չէ, այլ պարգեւ մը, որ մեզմէ առաջ արդէն գոյութիւն ունի. Անիկա կը պատկանի մեր պատմութեան, մեր ինքնութեան եւ հասարակաց կոչումին, եւ այսօր մենք կոչուած ենք զայն խոնարհութեամբ ընդունելու եւ քաջութեամբ պահպանելու», ըսաւ Պարի-Պիթոնթոյի արքեպիսկոպոսը։

Արարողութեան ընթացքին ներկաները աղօթեցին պատերազմներու դադրեցման, վիրաւորներու բուժման եւ գերիներու տունդարձին համար՝ վառելով խորհրդանշական լոյսը Յարութեան մոմէն։ Արքեպիսկոպոսը նշեց, որ համամիութիւնը լոկ ընտրութիւն մը չէ, այլ աւետարանական անհրաժեշտութիւն մը մեր ժամանակներուն համար։ Համագումարի աւարտին յայտարարուեցաւ, որ յաջորդ մեծ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 2028 թուականին, Ֆլորանս քաղաքին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2026, 07:42