Աղօթք Աղօթք 

Կարդինալ Քոխ եւ Բարթողոմէոս Ա. Համամիութեան համար անհրաժեշտ է «Միասնական յանձնառութիւն»

Պարիի մէջ կայացած կաթողիկէ-ուղղափառ խորհրդաժողովի ընթացքին, Կարդինալ Քոխ եւ Բարթողոմէոս Պատրիարք շեշտեցին, որ համամիութենական շարժման յաջողութիւնը կախեալ է հոգեւոր նորոգումէն եւ Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեամբ կատարուող ընդհանուր աղօթքէն: Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը պիտի եզրափակուի Յունուար 25-ին, Լեւոն ԺԴ. Պապին գլխաւորած երեկոյեան ժամերգութեամբ՝ Հռոմի Սուրբ Պօղոս տաճարին մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան ծիրին մէջ, Իտալիոյ Պարի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Կաթողիկէներու եւ Ուղղափառներու միջեւ զրոյցներ՝ Սուրբ Հոգիով» խորագրեալ խորհրդաժողովը։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ վերահաստատելու, որ եկեղեցիներու միջեւ հաղորդութիւնն ու վկայութիւնը ոչ միայն ապագայի նպատակներ են, այլեւ այսօրուան ապրուած իրականութիւն։

Սուրբ Հոգին՝ համամիութեան ուղեւորութեան առաջնորդ

Քրիստոնեաներու միութեան խթանման վերատեսչութեան նախագահ, Կարդինալ Քուրտ Քոխ, Պարի-Պիթոնթոյի արքեպիսկոպոսին յղած իր պատգամին մէջ շեշտեց, որ այս նախաձեռնութիւնը լոկ ակադեմիական ձեռնարկ մը չէ, այլ հոգեւոր փորձառութեան փոխանակում։ Ըստ ծիրանաւորին, համամիութեան շարժումի իրական դերակատարը Սուրբ Հոգին է, իսկ միութեան հասնելու էական պայմանը «հոգեւոր համամիութիւնն» է, որ կը պահանջէ աղօթք եւ ներքին վերանորոգում։

Յունաց Տիեզերական Բարթողոմէոս Ա. Պատրիարքը եւս իր զօրակցութիւնը յայտնեց՝ նշելով, որ եկեղեցիներու գործակցութիւնը չի կրնար սահմանափակուիլմիայն բարեսիրական կամ ընկերային մակարդակներու վրայ։ Ան ընդգծեց հայեցողական աղօթքի եւ աստուածաբանական երկխօսութեան կարեւորութիւնը, որոնք կը միտին վերափոխել մարդն ու տիեզերքը՝ զանոնք դարձնելով Սուրբ Երրորդութեան սիրոյ հաղորդութեան պատկերները։

Աղօթքի շաբթուան փակումը

Այս տարուան Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը կը կրէ «Մէկ մարմին, մէկ Հոգի, ինչպէս որ մէկ է ձեր յոյսը» բնաբանը։ Շաբթուան հանդիսաւոր փակումը պիտի կատարուի յունուար 25-ին՝ Սուրբ Պօղոս առաքեալի դարձի տօնին։ Լեւոն ԺԴ. Պապը երեկոյեան ժամերգութիւն պիտի հանդիսապետէ Հռոմի «Սուրբ Պօղոս»տաճարին մէջ, ուր համախմբուած պիտի ըլլան քրիստոնեայ տարբեր յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2026, 12:36