«Խաղաղութեան Երկիր» կարգախօսով` Ացիոնէ Քաթթոլիայի խաղաղութեան կարաւանը
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
«Խաղաղութեան Երկիր », այս է այս տարուայ Ացիոնէ Քաթթոլիայի ACR խաղաղութեան կարաւանի կարգախօսը որուն շուքին տակ կիրակի՝ 25 Յունուարին Ացիոնէ Քաթթոլիքայի պատանիները իրենց մանկավարժներու եւ ծնողներու ու բարեկամներու հետ միասին երթ մը կազմակերպած են որ կ՛աւարտի Սուրբ Պետրոս Հրապարակին վրայ ուր անոնք կը մասնակցին Մարեմեան աղօթքին։
Ամէն տարի կազմակերպուած այս Խաղաղութեան Կարաւանը կղզիացած ձեռնարկ մը չէ այլ կը տեւեն ամբողջ տարին եւ որուն ընթացքին երիտասարդները կը ներգրաւուին տարբեր ձեռնարկներու մէջ եւ այս տարի յատկապէս չմտածուած են երկու զօրակցութեան ծրագիրներ. Առաջինը մշակուած նոյնինքն Իտալական Կաթողիկէ Գործողութեան կողմէ` որ կոճակներու վաճառքի միջոցաւ պիտի աջակցի Սուրբ Երկրի Պահակութեան գործունէութիւններուն՝ «Կրթել․ խաղաղութեան ճանապարհը» եւ «Քնքուշ շոյում Սուրբ Երկրին» ծրագիրներուն միջոցաւ, ի նպաստ այն երիտասարդներուն եւ ընտանիքներուն, որոնք կը կրէն մշտական հակամարտութեան ծանր հետեւանքները։
Երկրորդ նախաձեռնութիւնը իրականացուած է քաղաքային տարածքին մէջ, որուն ընթացքին հաւաքուած նուիրատուութիւնները պիտի տրամադրուին թեմական Քարիթասի կողմէ խթանուած «Զօրակցութեան Էմփորիում» ծրագիրին։ Անիկա ընկերային ցանցային ծրագիր մըն է, որ կը նախատեսէ սննդամթերքի հաւաքման եւ բաշխման համակարգուած ու անվճար ծառայութիւն մը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ