sito-archeologico-e-battisterio-nel-posto-riconosciuto-come-il-posto-del-battesimo-di-Gesu.jpg

«Բեթանիա Յորդանանի միւս կողմը»՝ Ալ Մաղթասին մէջ Յիսուսի մկրտութեան վայրը

11 Յունուարին նշուեցաւ Տիրոջ Մկրտութեան Կիրակին։ Յորդանանի «Ալ Մաղթաս» (ՄԿՐՏԱՐԱՆ) վայրին մէջ հնագիտական պեղումները 90-ականներուն ի յայտ բերած են եկեղեցիներու, մատուռներու, ճգնարաններու քարայրներու եւ մկրտարանի մը մնացորդներ՝ իբրեւ Յիսուսի մկրտութեան հետ առնչուած պաշտամունքային վայրեր։ 2015 թուականին այս շրջանը ընդգրկուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի Համաշխարհային Ժառանգութեան ցանկին մէջ։ Երեք Քահանայապետեր՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ., Պենետիկտոս ԺԶ. եւ Ֆրանչիսկոս, ուխտագնացութիւն կատարած են այնտեղ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Տիրոջ Մկրտութեան Կիրակի օրը՝ 11 Յունուարին, ուշադրութեան կեդրոնը Յորդանանի Ալ Մաղթաս սրբավայրն էր՝ ըստ քրիստոնէական աւանդութեան եւ Սուրբ Գիրքի վկայութեան, Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան վայրը, որու մասին կը պատմէ Յովհաննէս Աւետարանիչ․ «Այս բաները պատահեցան Բեթաբարայի մէջ՝ Յորդանանի միւս կողմը, ուր Յովհաննէս կը կենար ու կը մկրտէր (Յովհաննէս 1,28)։ Յիրաւի, «Բեթանիա Յորդանանի միւս կողմը» տեղանունը հին ժամանակներուն ճանչցուած էր «Բեթաբարա» անունով եւ նոյնը չէ ինչ Ձիթենեաց լերան մօտ գտնուող Բեթանիան, ուր Յիսուս յաճախ կ՚երթար։

Նշենք նաեւ, որ «Բեթաբարա» անունը կը յիշատակուի նաեւ «Թալմուտի» մէջ։ Ներկայիս այդ վայրը ճանչցուած է «Ալ Մաղթաս» անունով, որ արաբերէնով կը նշանակէ «մկրտավայր» կամ «ընկղմում» ու կը գտնուի Յորդանանի գետին արեւելեան ափին, Մեռեալ ծովէն 9 քմ հիւսիս։

Հնագիտական պեղումները

Տակաւին 90ականներուն, հնագիտական պեղումները վերոնշեալ տարածքին վրայ բացայայտած են եկեղեցիներու, պազիլիքաներու, մատուռներու, ճգնաւորներու քարայրներու եւ խաչաձեւ մեծ մկրտարանի մնացորդներ, որոնք կը վկայեն այս վայրի կարեւոր դերը քրիստոնէական ուխտագնացութեան պատմութեան մէջ՝ յատկապէս Դ․–ԺԵ․ դարերուն։ Բիւզանդական ժամանակաշրջանին այստեղ կառուցուած են Յովհաննէս Մկրտիչին եւ Սուրբ Երրորդութեան նուիրուած տաճարներ։

Ալ-Մաղթասի մօտ գտնուող պեղումները ի յայտ բերած են նաեւ Թել Ալ Խառար բլուրը, որ յայտնի է որպէս Եղիայի բլուր (Ժապալ Մար Էլիաս)՝ որտեղէն ըստ աւանդութեան Եղիա Մարգարէն համբարձած է երկինք։ Կ’ենթադրուի, որ բիւզանդական ժամանակաշրջանին՝ հաւանաբար Ե․ դարին, հոն կառուցուած է վանք մը Մարգարէի պատուին։

Բացառիկ կրօնական եւ պատմական արժէք ունեցող վայր

2015 թուականին «Բեթանիա Յորդանանի միւս կողմը» (Ալ Մաղթաս), ներառեալ Եղիայի բլուրը, ընդգրկուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան ցանկին մէջ՝ որպէս «բացառիկ կրօնական եւ պատմական արժէք ունեցող վայր քրիստոնէական դաւանանքներու մեծամասնութեան համար, ուր Յիսուս Նազովրեցին մկրտուեցաւ Յովհաննէս Մկրտիչի կողմէ։ Այս հաւատքը դարեր շարունակ քաջալերած է վանականներ, ճգնաւորներ, ուխտաւորներ եւ քահանաներ այնտեղ հաստատուելու եւ այցելելու, թողելով իրենց նուիրումին եւ կրօնասիրութեան վկայութիւններ՝ չորրորդէն մինչեւ տասնհինգերորդ դարերը»։

Քահանայապետերուն այցերը

Սրբավայր այցելած են երեք Քահանայապետեր՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ. (2000), Պենետիկտոս ԺԶ. (2009) եւ Ֆրանչիսկոս (2014) Պապերը։

2025 թուականի յունուարին Ալ Մաղթասի մէջ օծուեցաւ Տիրոջ Մկրտութեան նոր Կաթողիկէ եկեղեցին՝ ներկայիս Յորդանանի ամենամեծ Կաթողիկէ տաճարը։ Արարողութիւնը նախագահեց Ֆրանչիսկոս Պապի պատուիրակ՝ Վատիկանի Պետքարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/01/2026, 10:00