Սուրբ Ֆրասաթիի մասունքներուն զետեղումը եւ հանդիսաւոր պատարագ Հռոմի մէջ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ացիոնէ Քաթոլիքա» եկեղեցական շարժումը Հռոմի մէջ պիտի հիւրընկալէ Սուրբ Ճորճօ Ֆրասաթիի մասունքները։ Շաբաթ, 17 յունուարին, «Domus Mariae» եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցուի՝ նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի։ Պատարագին ընթացքին պիտի ցուցադրուին եւ յարգուին Սուրբ Փիեռ Ճորճօ Ֆրասաթիի մասունքները, զոր սուրբ հռչակուած է Լեւոն ԺԴ. Պապին կողմէ՝ անցեալ 7 սեպտեմբեր 2025-ին»։
Իտալիոյ Թորինօ քաղաքէն երիտասարդ սուրբին նուիրուած այս արարողութիւնը կը բխի այն խորունկ կապէն, որ միշտ միացուցած է Փիեռ Ճորճոն «Ացիոնէ Քաթոլիքա» եկեղեցական շարժումի փորձառութեան հետ, որուն Ան եղած է գործօն ու համոզուած վկայ՝ օրինակելի կերպով մարմնաւորելով առօրեայ կեանքի մէջ սրբութեան հասնելու աշխարհականներուն կոչումը»։ Ֆրասաթին կը հանդիսանայ աշխարհականներու սրբութեան տիպարը, որ կարողացաւ համատեղել խորունկ հաւատքը, ուրախութիւնը, եկեղեցական յանձնառութիւնը եւ աղքատներուն հանդէպ գործնական սէրը։
Պատարագի աւարտին պիտի զետեղուի յատուկ մասնատուփ մը, որուն հեղինակն է քոյր Մարիա Ակար Լոքէն։ Այս արուեստի գործը ներշնչուած է սուրբին նշանաւոր «Դէպի վեր» կարգախօսէն, որ կը բնութագրէ անոր հոգեւոր վերելքը։ Մասնատուփին վրայ պատկերուած են Ֆրասաթիի կեանքին կարեւոր խորհրդանիշները՝ Սուրբ Հաղորդութիւնը, Վարդարանը, Աստուածամայրը եւ Սուրբ Գիրքը։ Ութ լափիս-լազուլի քարերը կը յիշեցնեն Քարոլ Վոյթիլայի (Յովհաննէս Պօղոս Բ.) այն խօսքը, թէ Ֆրասաթին «ութ երանութիւններու մարդն է»։ Սուրբ Պատարագի մատուցմամբ, Իտալիոյ «Ացիոնէ Քաթոլիքա» եկեղեցական շարժումի ազգային վարչութիւնը Սուրբ Փիեռ Ճորճօ Ֆրասթաիի բարեխօսութեան կը յանձնէ Միութեան ընթացքը՝ վերանորգելով իր յանձնառութիւնը պատրաստելու այնպիսի քրիստոնեաներ, որոնք ընդունակ են ապրելու աշխարհի մէջ պատասխանատուութեամբ, յոյսով եւ հաւատարմութեամբ՝ հանդէպ Աւետարանին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ