2026.01.27 Mons. Elias (Yeghia) Kirijian

Ի Տէր հանգեաւ Թորոնթոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հ. Կ. եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Գերյ. Հ. Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեան

Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Աստուած՝ յաւիտենական հանգիստ հայցելով հոգելոյս Գերյարգելի Հօր հոգւոյն համար։
Ունկնդրէ լուրը

«Մատի՛ք առ Տէր եւ առէ՛ք զլոյս»

ԹՈՐՈՆԹՕ – Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը, ԱՄՆ-ի ու Գանատայի « Տիրամայր Նարեկի » Հայ Կաթողիկէ Թեմը, եւ Թորոնթոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւնը խոր կսկիծով կը գուժեն վախճանումը՝ Թորոնթոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հ. Կ. եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Գերյ. Հ. Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեանին, որ յետ երկարատեւ հիւանդութեան, իր հոգին աւանդեց առ Հայր, Երկուշաբթի 26 Յունուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 5:05-ին համանուն Եկեղեցւոյ Քահանայատան մէջ։

Նախագահութեամբ Թեմիս Բարեջան Աաջնորդ` Արհի. Տէր Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի կատարուելիք յուղարկաւորութեան արարողութեան մանրամասնութիւնները պիտի հաղորդուին յառաջիկայ օրերուն։

Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Աստուած՝ յաւիտենական հանգիստ հայցելով հոգելոյս Գերյարգելի Հօր հոգւոյն համար։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

Թորոնթօ, 26 Յունուար 2026

 

Կենսագրական գիծեր

Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեան աւազանի անունով Էլիաս, ծնած է Պուրճ Համուտ 26 Յուլիս 1938-ին:

Յաճախած է Մեսրոպեան վարժարան, այնուհետեւ իր ուսումը շարունակած է Ճիւնիի Մարոնիթ Եղբայրներու վարժարանէն ներս, որմէ ետք՝ ընդունուած է Զմմառու Մայրավանք, ուսկից՝ բարձրագոյն ուսումներ ստանալու համար ղրկուած է Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան:

25 Դեկտեմբեր 1962-ին, ձեռնադրուած է քահանայ Թորոնթոյի մէջ, ձեռամբ՝ Վսեմաշուք Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանին:

1968-ին եղած է փոխ տեսուչ եւ դասատու Զմմառու Ընծայարանէն ներս:

1969-1973՝ Զմմառու Մայրավանքի ներքին մատակարար:

1973 թուականէն մինչեւ օրս Գանատայի Թորոնթո քաղաքի հոգեւոր հովիւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ժողովրդապետութեան:

Հիմնած է Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանը։

Կիրակի՝ 21 Նոյեմբեր 1993-ին, երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ Գասպարեան Կաթողիկոս Պատրիարք, Թորոնթոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ օծումին ու բացումին առիթով, Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճանը կը շնորհէ անոր եւ մատանի ու լանջախաչ կրելու իրաւունքը:

Ի պատիւ Հ. Եղիա Ծ.Վրդ. Քիրէջեանի 50-ամեայ ծառայութեան, Գանատայի հայութիւնը իր բոլոր մարմիններով, ինչպէս նաեւ պետութիւնը մեծ շուքով տօնած է անոր յոբելեանը:

24 Ապրիլ 2002-ին, Հայ ազգի քրիստոնէացման 1700-ամեակի առթիւ, Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանի բացումը կը կատարէ ժողովրդապետութեան հրապարակէն ներս:

Շաբաթ 23 Նոյեմբեր 2013-ին, Հ. Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեանի քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակի հանդիսութիւնը տեղի ունեցած է Թորոնթոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ:

Մեր աղօթքները կը բարձրացնենք առ Աստուած անոր հոգիին հանգիստին համար, ինչպէս նաեւ կը հայցենք Ս. Հոգիին մխիթարութիւնները Միաբան եղբայրակիցներուն, հարազատներուն եւ հաւատացեալ հօտին։

Խո՛ւնկ եւ աղօ՛թք անոր անմահ յիշատակին։

Դիւան Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Մայրավանքի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2026, 09:36