Երուսաղեմի եկեղեցիներուն Սուրբ Ծննդեան պատգամն ու կոչը. Բեթղեհէմը՝ վիրաւոր աշխարհի յոյսի նշան
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Միջին Արեւելքի մէջ որ տակաւին յատկանշուած է հակամարտութիւններով և անկայունութեամբ, Երուսաղեմի եկեղեցիներու պատրիարքներն ու ղեկավարները հրապարակած են իրենց աւանդական Սուրբ Ծննդեան պատգամը, վերահաստատելով, որ խաղաղութիւնը չի կարող սահմանափակուիլ միայն ռազմական գործողութիւններու դադարեցման մէջ, այլ պէտք է որ անոր ընկերանայ արդարութիւնը, հաշտեցումը և հիմնարար իրաւունքներու յարգանքը:
Պատգամին սկիզբը՝ յղում կատարուած է Եբրայեցիներուն ուղղուած նամակին. «Շրջապատուած վկաներու այսքան մեծ բազմութեամբ, եկէք համբերատարութեամբ վազենք մեր առջև կայացած մրցումը, մեր աչքերը յարած Յիսուսի վրայ»։ Ասկէ մեկնելով քրիստոնեայ առաջնորդները կոչ կ՛ընեն հաւատացեալներուն անսասան մնալու յոյսի մէջ նոյնիսկ ամենամեծ տառապանքներու ժամանակներու ընթացքին։:
Բեթղեհէմը՝ վիրաւոր աշխարհի յոյսի նշան
Պատգամին կիզակէտն է Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդը Բեթղեհէմի մէջ, որ կը ներկայացուի` որպէս մարդկային թուլութեան սրտէն ծնած յոյսի նշան: Ինչպէս հովիւները Սուրբ Ծննդեան գիշերը, այսօր նոյնպէս Աւետարանի պատգամը մեզ կը հրաւիրէ չի յանձնուելու վախին և յուսահատութեան:
Հրադադարը չի նշանակէր խաղաղութիւն
Երուսաղէմի բարձրաստիճան հոգեւորականները ընկալելով հանդերձ հրադադարը, որ թոյլ կու տայ շատ մը համայնքներուն աւելի ազատ կերպով նշելու տօները, կը զգուշացնեն «կեղծ խաղաղութեան» վտանգէն, յիշելով Երեմիա մարգարէի խօսքերը. «Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն, բայց խաղաղութիւն չկայ»։
Ըստ պատգամին՝ հակառակ հրադադարի գոյացման, բռնութիւնը, զոհերը և ազատութիւններու խախտումները կը շարունակուին Սուրբ Երկրին և հարևան երկրներուն մէջ։
Նեցուկ կանգնիլ տառապողներուն
Եկեղեցիներու ղեկավարները կը վերահաստատեն ապա իրենց զօրակցութիւնը հակամարտութիւնէն տուժած բոլոր մարդոց և կոչ կ՛ընեն քրիստոնեաներուն և բարի կամքի տէր բոլոր մարդոց շարունակել իսկական և երկարատև խաղաղութեան ի սպաս աղօթքը և յանձնառութիւնը:
Պատգամի աւարտին եկեղեցապետերը է տեղական համայնքներուն և աշխարհի քրիստոնեաներուն կ՛ ուղղեն Սուրբ Ծննդեան շնորհաւորանքները՝ այն յոյսով, որ Յիսուսի ծնունդը Բեթղեհէմի մէջ նորոգէ հաշտութեան և արդարութեան ցանկութիւնը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ