Որոնել

2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (47)

Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

47.- ՄԽԻ­ԹԱ­ՐԻ ԿՐ­ԹԱ­ԿԱՆ ՈՒ­ՂԻՆ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

­

Մ­խի­թար փու­թա­ջան եւ իս­կա­կան հո­վի­ւի նման իր փոք­րիկ հօ­տը օր ու գի­շեր կ՚ա­ռաջ­նոր­դէր աս­տուա­ծա­լոյս ճա­նա­պարհ­նե­րով, կը խնա­մէր ու կը հո­գար բո­լո­րին կա­րիք­նե­րը, ամէն վայր­կեան զգօն եւ ար­թուն պա­հա­պա­նի նման կը հս­կէր որ չա­րը չվ­նա­սէր, չխա­բէր ու չյափշ­տա­կէր իր սա­կա­ւա­թիւ խմ­բա­կի ան­դամ­նե­րէն եւ ոչ մէ­կը։

Ա­մէն առիթ կ՚օգ­տա­գոր­ծէր բա­րի խրատ մը, քա­ջա­լե­րանք մը եւ զգու­շաց­ման հրա­ւէր մը կար­դա­լու. ոչ մէկ թե­րա­ցում կ՚ան­տե­սէր եւ ոչ մէկ յան­ցանք կ՚ար­դա­րաց­նէր։ Թէ՛ ան­հա­տա­պէս եւ թէ՛ հա­սա­րա­կաց կը վեր­լու­ծէր պա­տա­հած դրա­կան կամ բա­ցա­սա­կան դէպ­քե­րը, առանց թե­րագ­նա­հա­տե­լու որե­ւէ խն­դիր, եւ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեան, վեր­լու­ծու­մի եւ տրա­մա­բա­նա­կան եզ­րա­յան­գում­նե­րու մի­ջո­ցով կը հաս­տա­տէր իր աշա­կերտ­նե­րը բա­րիի եւ սր­բու­թեան ճա­նա­պար­հին մէջ։ Խո­հե­մու­թեամբ կ՚ա­ռաջ­նոր­դէր զի­րենք Քրիս­տո­սի ար­քու­նի ճա­նա­պար­հէն, այն նեղ ճա­նա­պար­հէն որ կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ փր­կու­թեան եւ ու­ղիղ կը տա­նի երկն­քի ար­քա­յու­թիւն։

­Կը հրա­հան­գէր նե­ղու­թիւն­ներն ու վիշ­տե­րը սի­րով եւ պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ կրե­լու, հան­դի­պած խա­չե­րուն, վիշ­տե­րուն, ար­հա­մար­հանք­նե­րուն համ­բե­րե­լու։ Աւե­տա­րա­նա­կան խրատ­նե­րուն հա­մա­ձայն կը սոր­վեց­նէր վեր­ջին տե­ղը գրա­ւել, լա­ւա­գոյն­նե­րը ու­րիշ­նե­րուն զի­ջե­լով, խո­նար­հու­թեան հե­տա­մուտ ըլ­լալ, չա­րա­խօ­սու­թիւն­նե­րէն եւ բամ­բա­սանք­նե­րէն հե­ռու մնալ, դա­տար­կա­բա­նու­թիւն­նե­րէն խու­սա­փիլ, կռի­ւի առիթ չտալ եւ հաշ­տու­թեան ջա­տա­գով ըլ­լալ, մէկ խօս­քով խա­ղա­ղու­թիւ­նը սի­րել, հե­տա­մուտ ըլ­լալ եւ խա­ղա­ղա­րար հան­դի­սա­նալ։­

Ա­մէն­քը կը խրա­խու­սէր զս­պե­լու մարմ­նա­կան ցան­կու­թիւն­նե­րը, ապ­րե­լու հո­գիով ճշ­մա­րիտ աղ­քա­տու­թիւ­նը եւ Աս­տու­ծոյ են­թար­կե­լու սե­փա­կան կամ­քը՝ իս­կա­կան, խո­րա­պէս հա­մո­զուած հնա­զան­դու­թեամբ։­

Ան­հա­մա­ձայն եւ կամ անըն­դու­նակ ըլ­լա­լու պատ­ճա­ռով այս հո­գե­ւոր ու­ղիէն առաջ­նոր­դուե­լով կա­տա­րե­լու­թեան ճա­նա­պար­հը թե­ւա­կո­խել դժուա­րա­ցող աշա­կերտ­նե­րուն՝ Մխի­թար թոյլ չէր տար որ նո­րըն­ծա­յու­թեան տա­րին բո­լո­րեն եւ ան­դա­մագ­րուին իր միաբա­նու­թեան։

­Հո­գե­ւոր եւ կրօ­նա­ւո­րա­կան դաս­տիարա­կու­թեան հա­մըն­թաց կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նէր նաեւ ուս­ման ատակ ըլ­լա­լը, նուի­րու­մը եւ ժրա­ջան աշ­խա­տան­քը։ Այ­բու­բե­նէն սկ­սած, ըն­թեր­ցա­նու­թիւն, քե­րա­կա­նու­թիւն, տրա­մա­բա­նու­թիւն եւ հռե­տո­րու­թիւն եւ լա­տի­նե­րէն լե­զու։ Հայոց պատ­մու­թիւն եւ թուա­բա­նու­թիւն, իմաս­տա­սի­րու­թիւն, բնա­գի­տու­թիւն, աշ­խար­հագ­րու­թիւն, բա­րո­յա­գի­տու­թիւն, քա­ղա­քա­գի­տու­թիւն եւ բնա­զան­ցու­թիւն։ Ի վեր­ջոյ աս­տուա­ծա­բա­նա­կան գի­տե­լիք­ներ եւ սուրբ գրային ու­սում­նա­սի­րու­թիւն։

Մ­խի­թա­րի նպա­տակն էր պատ­րաս­տել հո­գե­ւոր կեան­քով լե­ցուն եւ գի­տու­թեամբ փայ­լող Վար­դա­պետ­ներ պար­գե­ւել իր պաշ­տե­լի ազ­գին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/12/2025, 07:51