ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (46)
46.- ՄԵԹՈՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԲՆԱԿԱՐԱՆԸ ՎԱՆԱՏՈՒՆԻ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ
Մեթոնի բերդաքաղաքին մէջ հաւաքուած՝ Մխիթար կը մտածէ վերջապէս իր երազած կրօնաւորական կեանքը կազմակերպել իր բոլոր նրբերանգներով։ Ժամանակագիրը կը շեշտէ թէ Մխիթար ինքիրմէ չհնարեց եւ նորաստեղծ կեանքի ձեւ մը չմտածեց սկսիլ, այլ այն ինչ որ սորված էր իր հոգեւոր ծննդավայրին՝ Ս. Նշանի վանքին մէջ՝ այդ ամէնը գործնական հրահանգումներով փոխանցեց իր աշակերտներուն։ Ս. Անտոն անապատականի օրէնքները որ դարերով բերանացի փոխանցուած էին սերունդէ սերունդ՝ զանոնք որդեգրեց եւ սորվեցուց իր աշակերտներուն։ Միակ նորութիւնը՝ ուսումնական կրթութիւնն էր, որ իր աշակերտները պիտի ստանային՝ ազգի լուսաւորութեան եւ կաթողիկէ հաւատքի տարածման քարոզիչներ դառնալու համար, եւ այս նպատակով չորրորդ ուխտը կ՚աւելցնէ՝ կեանքի գնով անգամ քարոզութեան երթալու։
Այսպէս կրօնաւորական կեանքի պատշաճող ամէն ինչ մանրամասնօրէն կը սկսի դասաւորել։ Զգեստին, սենեակներուն, ուտելու եւ խմելու չափին ու որակին, քունի եւ զբօսանքի ժամերուն եւ չափին, հոգեւոր ընթերցման գիրքերուն, գիտական առարկաներու ուսման, մտածական աղօթքին, լռութեան օրէնքին եւ ամէն ինչի մասին որ կրօնաւորական կեանքին կը վերաբերէր՝ հակիրճ բառերով կանոններ կը հաստատէ։ Իւրաքանչիւր պահ, ինչ որ պիտի կատարէին՝ զանգակ հնչեցնելով կ՚ազդարարուէր, եւ այդ իսկ պաճտառով զանգակը հնազանդութեան եւ Աստուծոյ ձայն կը համարուէր։
Կարգազանցները կը յանդիմանէր եւ ապաշխարանք մը նշանակելով՝ հասարակաց կեանքէն կը զրկէր, մինչեւ որ խոնարհութեամբ ապաշխարանքը չկատարէին եւ ներողութեան չարժանանային։ Այսպէս, այդ սովորական բնակարանը իսկական վանքի վերածուած էր։ Մատրան մէջ միասնաբար ժամերգութիւնները կը կատարէին եւ օրական կէս ժամ մտածական աղօթքի կը նուիրէին։ Իսկ երեկոյեան, պառկելու ժամը նշող զանգակի ձայնին՝ բոլորը իրենց սենեակները կը քաշուէին եւ առանձին իրենց խղճի քննութիւնը կը կատարէին եւ ապա եօթուկէս ժամ քունի կը տրամադրէին, որպէսզի կազդուրուած կարենային յաջորդ օրուան պարտականութիւնները դիմագրաւել։
Օրուան մէջ շատ անգամ Մխիթար իր աշակերտները կը խրատէր աստուածաշնչեան եւ սուրբ հայրերու օրինակներով, մեծապէս հոգալով որ բոլորն ալ կրօնաւորական կեանքին մէջ հրահանգուին, մանաւանդ անինչ աղքատութեան, մաքուր ողջախոհութեան եւ սուրբ ու կատարեալ հնազանդութեան, կիրքերը զսպելու, կամքը ենթարկուած պահելու, սիրտի խոնարհութեան մէջ հրահանգուելու, ժուժկալ եւ պարկեշտ վարքագիծ մը մշակելու եւ վիշտերուն համբերելու։ Այսպէս իւրաքանչիւրին կը հետեւէր եւ կը խրատէր հայրական խնամատարութեամբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ