Որպէս Եկեղեցի պիտի ընենք ամէն հնարաւոր բան՝ յանուն Կազայի մէջ կայունութեան վերականգնման․ Կարդինալ Փիցցապալլա
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Վատիկան Նիուզի Ֆրանսական բաժնի պատասխանատու եւ Երուսաղեմի մէջ յատուկ բանագնաց Ժան Շառլ Փուցոլուն պատմած է Երուսաղեմի լատիններու Պատրիարք Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլայի Կազայի հատուած այցելութեան մասին՝ հիմնուելով այցի յաջորդ օրը Ծիրանաւորի կողմէ հրաւիրած մամուլի ասուլիսի ընթացքին ներկայացուած տեղեկութիւններու վրայ։
Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքին համար այդ մէկը առաջին այցն էր հրադադարի հաստատումէն ետք, որ գացած էր առաջարկելու Եկեղեցւոյ օգնութիւնը աւելի քան երկու տարի պատերազմի հետեւանքով հիւծուած բնակչութեան՝ տարածքի մը մէջ, ուր իրավիճակը կը մնայ բաւականին ծանր։
Ենթակառուցուածքները աւրուած են
Աւրուած է ենթակառուցուածքներու 80 առ հարիւրը, իսկ մնացեալ մասը կամ փլուզման եզրին է, կամ անմարդաբնակ է: Չնայած շէնքերու խարխուլ վիճակին, կան քանի մը ընտանիքներ, որոնք վերադարձած են իրենց տուները: Շուրջ 400 անձեր ալ կը շարունակեն բնակիլ Հայր Կապրիէլ Ռոմանելլիի կողմէ ղեկավարած Սուրբ Ընտանիքի ծխական համայնքին մէջ: Մինչ, բնակիչներու մեծ մասը կ’ապրի վրաններու մէջ: Անոնց մեծ մասը աշխատանք ու դրամական միջոցներ չ’ունի, ուստի միակ յոյսը մարդասիրական օգնութիւնն է, որ վերջապէս սկսած է տեղ հասնիլ՝ շնորհիւ միջազգային եւ բարեգործական գործակալութիւններու։
Իրավիճակէն դուրս ելլելու ցանկութիւն
Տնտեսական գործունէութիւնը կանգ առած է։ Այս «աղետալի իրավիճակի» համար իր ցաւը յայտնելով հանդերձ, Կարդինալ Փիցցապալլան նկատած է անորմէ դուրս ելլելու եւ քրիստոնեաներու կողմէ Սուրբ Ծնունդը նշելու ցանկութիւն։ Յատկապէս անհանգստացնող է մանուկներու վիճակը, որոնց ուղղելով իր ուշադրութիւնը Ծիրանաւորը որպէս առաջնահերթութիւն նկատեց դասաժամերը վերսկսելու անհրաժեշտութիւնը։ «Փողոցներու մէջ երեխաներու թիւը զիս ապշեցուց, մինչդեռ անոնք պէտք է դպրոցի մէջ ըլլային», յարեց Ան եւ պնդեց թէ մանուկները՝ «լի ուրախութեամբ, լի կեանքով … պիտի փրկեն մեր համայնքները»։
Անցնիլ հակադրութեան իրավիճակէն կառուցողականի
Պատրիարքը անդրադարձաւ վերակառուցումը սկսելու դժուարութեան՝ դառնութեամբ նկատելով թէ՝ «Պատերազմը դադրած է, բայց հակամարտութիւնը տակաւին առկայ է»։
Խնդիրներն ամենուրեք են, սակայն Կարդինալին կոչն է առաջ նայիլ. «Չենք կրնայ անտեսել տեղի ունեցածը, ոչ ալ հաւատալ, որ խաղաղութիւնը վաղը պիտի գայ, բայց պէտք ենք անցնիլ հակադրութեան իրավիճակէն կառուցողականի»։
Պէտք ենք ըլլալ բոլոր աղքատներու եւ պատերազմէն տառապողներու ձայնը
Երուսաղեմի Լատինաց պատրիարքութիւնը պատրաստ է կատարել ամէն ինչ՝ Կազայի ժողովրդի հոգեւոր եւ նիւթական կարիքները բաւարարելու համար։ Որպէս Եկեղեցի, պիտի ընենք ամէն հնարաւոր բան՝ յանուն Կազայի մէջ կայունութեան վերականգնման», «պէտք ենք նախաձեռնող ըլլալ այս իրավիճակին արձագանքելու եւ ժողովրդին աջակցելու համար եւ պէտք ենք ըլլալ բոլոր աղքատներու եւ պատերազմէն տառապողներու ձայնը», եզրափակեց ի վերջոյ Կարդինալ Փիցցապալլան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ