«Քրիստոս Ծնաւ՝ Մեր Փրկութեան եւ Ուրախութեան Աղբիւրը»
Կից կը ներկայացնենք Արհի. Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով արտասանած քարոզը
Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ,
Այսօր մեր սրտերը երկնային անհուն խնդութեամբ կը լեցուին մեր Տիրոջ Ծնունդով: Քրիստոսի Ծնունդը սովորական տարեդարձ մը կամ յիշատակ մը չէ, այլ Աստուծոյ սիրոյ ամենամեծ յայտնութիւնն է: Ինչպէս Սուրբ Լեւոն Մեծ Պապը կ’ըսէր իր Ծննդեան քարոզներուն մէջ. «Սիրելիներ, այսօր ծնաւ մեր Փրկիչը, եկէք ուրախանանք: Տխրութեան տեղ չկայ հոն, ուր Կեանքը ծնունդ կ’առնէ»:
Փրկութիւնը՝ Որպէս Նոր Ստեղծագործութիւն
Մեր երկիրը դժուար օրեր կ’անցնի, սակայն Յիսուսի ծնունդը մեզի կը յիշեցնէ, որ մենք մենակ չենք թողուած: Ան եկաւ, որպէսզի մեր մօտ մնայ եւ մեր ձեռքէն բռնէ դժուարութեան ժամանակներուն: Ան եկաւ, որպէսզի ստեղծագործութիւնը եւ յատկապէս մարդը նորոգէ: Եկեղեցւոյ հայրերը շատ յաճախ արտայայտած են այս ճշմարտութիւնը: «Բանը մարմին եղաւ, որպէսզի մեզ “աստուածային բնութեան հաղորդակից” դարձնէ: Արդարեւ, ասոր համար Բանը մարդացաւ, եւ Աստուծոյ Որդին՝ մարդու որդի եղաւ: Որպէսզի մարդը, հաղորդութեան մէջ մտնելով Բանին հետ եւ ընդունելով աստուածային որդեգրութիւնը, դառնայ Աստուծոյ որդին» (Սուրբ Իրենիոս):
«Քանզի Աստուծոյ Որդին մարդացաւ, որպէսզի մեզ աստուածացնէ» (Սուրբ Աթանաս):
«Աստուծոյ Միածին Որդին, կամենալով մեզ իր աստուածութեան բաժնեկից դարձնել, առաւ մեր բնութիւնը, որպէսզի մարդկութիւնը աստուածներ դարձնէ» (Սուրբ Թովմաս Աքուինացի):
Այս է մեր փրկութեան էութիւնը. Յիսուս չեկաւ միայն մեր պատիժը ջնջելու, այլ մեզ իր աստուածային բնութեան հաղորդակից դարձնելու եւ մեզի նոր մարդ դարձնելու համար: Ան եկաւ մեր տկարութիւնը առնելու, որպէսզի մեզի տայ Իր զօրութիւնը (Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական - Յօդուած 460):
Յիսուս՝ Մեր Հոգիներու Բժիշկը
Սուրբ Թովմաս Աքուինացին կը սորվեցնէ, որ Յիսուսի ծնունդը անհրաժեշտ էր մեր բժշկութեան համար: Մեղքը մեզ դարձուցած էր մեր կիրքերուն գերին, բայց Բեթղեհէմի Մանուկը եկաւ որպէս «Երկնաւոր Բժիշկ»: Անոր փրկութիւնը մեզի կը պարգեւէ «որդեգրութեան շնորհքը»: Մենք այլեւս օտար չենք Աստուծոյ համար, այլ սիրելի զաւակներ, որոնք Յիսուսի միջոցով յաղթած են մահուան եւ չարին:
Յոյսը եւ Երկրորդ Գալուստը
Մեր ուրախութիւնը լիակատար է այսօր, որովհետեւ Յիսուսի առաջին գալուստը խոնարհութեամբ՝ մեզի կը հաստատէ Անոր յաղթական վերադարձին վստահութիւնը: Սուրբ Պեռնարդոս Քլերվոյացին կը խօսէր Տիրոջ «երեք գալուստներուն» մասին. Անոր ծնունդը մսուրին մէջ, Անոր ներկայութիւնը մեր հոգիներուն մէջ այսօր, եւ Անոր փառաւոր գալուստը ժամանակներու աւարտին: Մենք կը սպասենք այդ վերջնական ազատագրութեան, ուր ոչ ցաւ պիտի ըլլայ, ոչ ալ տառապանք:
Հետեւաբար նայինք երկինքի մեծագոյն պարգեւին՝ Յիսուս մանուկին եւ իմանանք՝ Ան որ մսուրի մը մէջ ծնաւ, յաղթեց աշխարհին եւ անոր իշխանին: Այնքան ատեն, որ մենք Իրէն կառչած մնանք, մենք ալ պիտի յաղթենք եւ ի վերջոյ պիտի ապրինք յաւիտենական երանութեան մէջ Իրէն հետ:
Աղօթք Սուրբ Կոյսին
Ո՛վ ամենասրբուհի Կոյս Մարիամ, դուն եղար «Երկնքի Դուռը». աղօթէ քու Միածին Որդիիդ մեզի համար: Օգնէ՛ մեզի, որ այս տօնական օրերուն մեր սրտերը լեցուին Քրիստոսի բերած անմար լոյսով եւ յոյսով: Թող մեր կեանքը ըլլայ Յիսուսի փրկութեան կենդանի վկայութիւնը. Ամէն:
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ:
Օրհնեալ է յայտնութիւնը Քրիստոսի:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ