Որոնել

Յիսուսի արիւնն ու մարմինը Յիսուսի արիւնն ու մարմինը 

«Գալստեան յոյսը եւ Անոր սրբագործող զօրութիւնը» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Եկեղեցին ուրախութեամբ կը պատրաստուի Քրիստոսի Առաջին Գալուստին՝ Ս. Ծննդեան տօնին («Գալստեան Շրջան»), միաժամանակ աղօթքներով ու մարգարէութիւններով կը յիշէ ու կ'ակնկալէ Անոր Երկրորդ Գալուստը, որ կը կոչուի «Օրհնեալ Յոյս» եւ կը կազմէ փրկագործութեան ամբողջութիւնը: Այս «Օրհնեալ Յոյսը» քրիստոնեային մաքրող եւ սրբող ներգործական զօրութիւն մըն է՝ պատրաստուելու համար Քրիստոսի վերադարձին՝ մարդկութիւնը դատելու եւ Իր արքայութիւնը հաստատելու:
Ունկնդրէ լուրը

Եկեղեցին արդէն իսկ սկսած է իր մտորումներն ու պատրաստութիւնները՝ ուրախութեամբ դիմաւորելու համար մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Ս. Ծննդեան տօնը: Ս. Ծնունդը կանխող եւ անոր պատրաստող ժամանակաշրջանը ծիսականօրէն կը կոչուի «Գալստեան Շրջան»՝ մատնանշելով Քրիստոսի աշխարհ առաջին գալուստը: Եկեղեցին մինչ կը պատրաստուի տօնելու Քրիստոսի աշխարհ առաջին գալուստը, իր աղօթքներուն եւ շարականներուն մէջ կը յիշէ նաեւ Անոր երկրորդ գալուստը: Այս իմաստով կը տեսնենք սուրբ գրային կարգ մը մարգարէութիւններ, որոնք կը նշեն Քրիստոս առաջին եւ երկրորդ գալուստը միաժամանակ: Օրինակի համար Ես. 61:1-2 կը գրէ. «Տիրոջ Հոգին իմ վրաս է... Տիրոջ ընդունելի տարին հռչակելու համար (առաջին գալուստով իրականացած)... եւ Աստուծոյ վրէժխնդրութեան օրը յայտարարելու (երկրորդ գալստեան հետ առնչուած): Այլ օրինակ մը եւս Եսայի մարգարէութենէն՝ 9:6-7. «Վասն զի մեզի մանուկ մը ծնաւ, մեզի որդի մը տրուեցաւ (առաջին գալուստ) ... Եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ... ու Անոր թագաւորութեանը եւ իշխանութեանը մեծնալուն սահման չկայ (ապագային գալիք Քրիստոսի յաւիտենական իշխանութիւնը): Եւ այսպէս շատ ուրիշ մարգարէութիւններ կան, որոնք միաժամանակ կը խօսին Քրիստոսի երկու գալուստներու մասին: Ամենացայտուն պատկերներէն մէկը կը գտնենք «Հաւատամք»ին մէջ, երբ եկեղեցին իր հաւատքը կ'արտայայտէ Քրիստոսի մասին: Քրիստոսի մասի իր հաւատքը արտայայտելով կ'ըսէ. « Որ յաղագս մեր մարդկան եւ վասն մերոյ փրկութեան...» ապա կը յիշէ, թէ Քրիստոս ինչ ըրաւ մարդը փրկելու համար: Կը սկսի մարդեղացումէն եւ կը շարունակէ հասնելով մինչեւ երկրորդ գալուստը: Այսինքն Քրիստոսի մարդեղացումը, չարչարանքները, խաչելութիւնը, մահը, թաղումը, յարութիւնը, համբարձումը եւ երկրորդ գալուստը կը կազմեն փրկագործութեան ամբողջութիւնը:

Ինչպէս որ հին ուխտի ժողովուրդը կը սպասէր իր Մեսիային, որպէսզի ազատագրէ զիրենք. նոյնպէս ալ մենք ալ, որ Մեսիային առաջին գալուստէն ետք կ'ապրինք, ակնկալութեամբ կը սպասենք Անոր երկրորդ գալուստին: Եկեղեցին երկրորդ գալուստը կը կոչէ՝ « Օրհնեալ Յոյս»: Նոյնիսկ կարգ մը հայրեր իրենց քարոզներուն մէջ զայն կոչած են՝ « Անսասան Յոյս»: Ինչո՞ւ համար օրհնեալ կամ անսասան, որովհետեւ հոն է որ պիտի իրականանայ քրիստոնեային վերջնական փրկութիւնը: Այդ օրուայ ակնկալութիւնը մեզ օրհնեալ յոյսով կը լեցնէ: Այս յոյսը երբեք ամօթով պիտի չթողու մեզ: Ժամանակակից յոյն ուղղափառ սուրբ մը աղօթելով Քրիստոսի կ'ըսէ. «Իմ յոյսը (երկրորդ գալուստի վրայ) բարեմաղթութիւն մը չէ, այլ ստոյգ իրականութիւն է։ Անկասկած, որ դուն պիտի վերադառնաս։ Դուն այդ խոստացար, եւ ես կը կրեմ քու խոստումիդ կնիքը իմ հոգիիս մէջ։ Եթէ դուն տակաւին եկած չես, այդ քու յանցանքը չէ, այլ՝ իմը։ Դուն սիրող եւ կարեկից ես, եւ երբե՛ք չես ուզեր, որ ես ամօթով մնամ, երբ վերադառնաս։ Արդ, դուն գալուստդ յառաջ կը տանիս դանդաղօրէն, անդադար յայտարարելով զայն։ Յուսահատութիւնը կը մնայ անդամալուծուած, բայց իմ յոյսը միշտ կը նորոգուի եւ զիս կը սրբէ ... Գիշեր–ցերեկ կը ճգնիմ, որպէսզի չմոռնամ որեւէ բան, որ կրնայ հաճելի ըլլալ քեզ ... Օրհնեալ յոյսը իմ ճգնութեան խուցէ եւ այս աշխարհի պայքարը կը վերածէ երկնքի: Իմ յոյսս ուրիշ աղբիւրներ չունի։ Ես ինքս ինձմէ վռնտած եմ բոլոր միւս յոյսերը՝ որովհետեւ անոնք խաբէութիւններ են։ Եւ այժմ անոնց փոխարէն միայն մէկ յոյս կը ծլի իմ մէջս, որ կը սպասէ քեզ, Տէ՛ր։ Երբ դուն գաս, ինծի պիտի բերես ամենահարուստ նուէրները։ Քեզի հետ, ո՛վ յաղթական, պիտի գայ իմ յաղթանակս՝ ձանձրոյթի ու տագնապներու դէմ։ Քեզի հետ պիտի գան լոյս, առողջութիւն, ուժ, իմաստութիւն եւ բոլոր սպասումներու լրումը՝ ժամանակներու սկիզբէն մինչեւ վերջ: Մարդիկ, որոնք այլ յոյսեր ունին, լերան վրայ կը նստին ու կը սպասեն, որ արեւը ծագի արեւմուտքէն։ Բայց ես կը կանգնիմ դէմքս դէպի արեւելք եւ հաստատ գիտեմ, որ արեւը շուտով պիտի ծագի, որովհետեւ լերան գագաթը արդէն վարդագոյն կ׳ըլլայ»։

Հետեւաբար յոյսը կրաւորական վիճակ մը չէ, այլ ներգործական զօրութիւն մեզ մաքրող եւ սրբող: Նման հարսի մը, որ ինքզինք կը զարդարէ իր փեսային գալ ոստին համար:
Մինչ կը պատրաստուինք տօնելու Յիսուսի ծնունդը, միեւնոյն ժամանակ պատրաստուինք մեր անձերը մաքրելով, որպէսզի դիմաւորենք զԻնք երք վերադառնայ հրեշտակներուն խումբով, դատելու մարդկութիւնը եւ հաստատելու իր արքայութիւնը:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/12/2025, 08:00