2025.12.09 Messa in suffragio delle vittime del terremoto del 1988 in Armenia

Զմմառ. Գերպծ. Անդրէաս Աղեքսանդրեանի յիշատակին պատարագ եւ Գիւմրիի երկրաշարժի զոհերուն նուիրուած հոգեհանգստեան պաշտօն

«Ես եմ` որովհետեւ դուք կաք» Ս.Իգնատիոս Մալոյեան
Ունկնդրէ այս եւ հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հայող այլ լուրը

Գերպծ. Անդրէաս Աղեքսանդրեանի ծննդեան 190 եւ վախճանման 110 ամեակի ոգեկոչում

Աշխարհիկ իշխանութեան կորուստով` հայը փարեցաւ եկեղեցական իշխանութեան, անոր մէջ որոնելով սփոփանքը, այն բաղձալի կորստեալին, որ պիտի ամոքէր իր սրտին եւ հոգիին մէջ բացուած խոր վիհը։

Հոգեւոր իշխանութիւնը իր հերթին ի գին ամէն տեսակ զրկանքի եւ զոհողութեան ազգին նեցուկն ու ապաւէնը հանդիսացաւ։

Ահա այդպիսին էր, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան մեծաւոր` ազգասէր, հայրենասէր, միաբանասէր, բարի հովիւի վաստակ ձեռք ձգած` Գերպծ. Անդրէաս Աղեքսանդրեան, որու շատ բան կը պարտի Զմմառեան Միաբանութիւնը, իսկ ամէնակարեւորը` Ս.Իգնատիոս Մալոյեանի սրբութեան հասնելու իր ունեցած հոգեւոր ներդրումը։

Գերպծ. Անդրէաս Աղեքսանդրեան
Գերպծ. Անդրէաս Աղեքսանդրեան

Կիրակի, 7 Դեկտեմբերի, առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Զմմառու մայրավանքի "Փոխման Ս.Կուսին" մայր եկեղեցւոյ մէջ, ի յիշատակ Սպիտակի երկրաշարժի զոհերուն եւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբան` Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի պատկառելի մեծաւոր` Գերպծ. Անդրէաս Աղեքսանդրեանի յոբելեանին, պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց` Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Գերպծ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան։

Խորանին սպասաւորեցին Ս. Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորները։

Մեծաւոր հայրը, իր քարոզին մէջ վեր առաւ Գերպծ. Աղեքսանդրեանի արժանիքները, ըսելով. "… Քրիստնէութիւնը կայացնելու եւ զայն հայուն առօրեային վերածելու ջանքերուն մէջ, մեր աւագ հայրերէն շատեր իրենց իւրայատուկ դրոշմը ձգած են։ Այդ երախտաւորներէն է Գերպծ. Անդրէաս Աղեքսանդրեան։

Ան՝ իր ունեցած ունակութիւններուն եւ մտաւորականի խառնուածքին շնորհիւ, մայրավանքէն ներս 30 տարիներ ստանձնած է մեծաւորի պաշտօնը:

Ան իր նշանակալի աւանդը բերած է Միաբանութեան վերելքին բոլոր բնագաւառներու մէջ` հոգեւոր, ազգային, կրթական, գիտական, հրատարակչական, մշակութային, շինարարական եւ այլ մարզերու վերաբերող։ Այլ խօսքով` իր օրերուն Մայրավանքը անդորրութիւն եւ ծաղկում ապրած է։

Գերպծ. Աղեքսանդրեանի պատուի շուքը ամենապայծառ լուսաւորութեամբ տարածուած է ամէնուր։

Ան՝ Միաբանական շարքերը ճոխացուցած է նաեւ միաբաններուն եւ կրօնաւորներուն թիւը բազմապատկելով։

Գերապայծառի կեանքի կարեւոր մասը կազմած է գրական-բանասիրական գործունէութիւնը։ Անոր աշխատասիրութիւններու մէկ մասը հրատարակուած են եւ զգալի մասը անտիպ են` պահպանուած Զմմառու մայրավանքի արխիւին մէջ եւ որոնք առնչուած են Հայ Կաթողիկէ համայնքի պատմութեան։

Մեծաւոր Աղեքսանդրեան առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է դպրեվանեցիներու դաստիարակութեան, որոնք իրենց մեծաւորին մասին մեծ գովասանքով, սիրով եւ ակնածանքով արտայայտուած են։

Այդ երախտաւորներէն է նաեւ` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան, որ ինքզինք Գերպծ. Աղեքսանդրեանի որդին կը համարէ, ըսելով` "Ես եմ, որովհետեւ դուք կաք"։

Քարոզի աւարտին մեծաւոր հայրը յորդորեց, որ իւրաքանչիւր միաբան իր կեանքի ուղին հունաւորէ Գերպծռ. Աղեքսանդրեանի տիպարը օրինակ առնելով, որով կը ծաղկի եւ կը բարգաւաճի 276 տարիներու վաղեմութիւն ունեցող Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը։

Պատարագի աւարտին, ժառանգաւոր` Յակոբ Ժամկոչեան ներկայացուց Գերպծ. Անդրէաս Աղեքսանդրեանի վարքը։

Հոգեպարար արարողութենէ ետք, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ի հանգիստ երկրաշարժի զոհերուն եւ հանգուցեալ Գերապայծառի հոգիներուն։

Ոգեկոչման աւարտին ժառանգաւորները հնչեցուցին Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի "Բազմաչարչար" շարականը։

Աղբիւրը` Զմմառու Վանքի դիմատետր

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2025, 11:19