Որոնել

2024.02.02 Mons Teyrouzian presiede la Messa e la cerimonia dell'Antasdan

«Բանը մարմին եղաւ» «Բանը եղբայր եղաւ»- Արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի Սուրբ Ծննդեան պատգամը

Գիտականութեան ու ճարտարաշինական աշխարհը կարող չէ' ըմբռնել Տէրունական այս տրտունջը. Անկարող է ընկալել, թէ ինչու' Աստուծոյ «Բանը մարմին եղաւ եւ եկաւ բնակեցաւ մեր մէջ» (Յովհաննէս 1, 14): Արդար մարդ մը կար անցեալին՝ Յոբ անուն. զարմանքով հարց տուած էր Աստուծոյ, թէ «Ի՞նչ է մարդ, որ մե'ծ բանի տեղ դրած ես Դուն զինք, կամ ալ, որ անո'ր դարձնես Քու ուշադրութիւնդ» (Յոբ 7, 17): Պատասխանը պիտի չյապաղի. «Յաւիտենական սիրով քեզ սիրեցի» (Երեմիա 31, 3):
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

«Բանը մարմին եղաւ»

«Բանը եղբայր եղաւ»

            Ժամանակակից հոգեւորականի մը արտայայտած գերազանցօրէն բովանդակալից սոյն խոհերը, ի հեճուկս ներկայ դարուս անկրօնութեան թեքումներուն, կը պահեն միշտ իրենց այժմէականութիւնն ու խորքայնութիւնը, նամանաւանդ Յիսնակաց շրջանի այս սրտալի օրերուն, որոնք կը յառաջանան ոգեսպառ դէպի տօնը մարդեղութեան Խորհուրդին:

            Անկասկած, մենք ալ պիտի փափաքէինք «երկինքի թռչունը ըլլալ» ու թեւածել դէպի քարայրը Բեթղեհէմի, ուր անթուական օր մը մարմին առաւ ու ծնաւ Աստուածորդին, բերելով մարդկութեան Իր սիրոյ պատգամը խաղաղութեան:

            Մենք եւս, անտարակոյս, յոյսերով վարար պիտի երազէինք ողջունել նոր Տարին, սեւեռելով Աստուծոյ հայեացքը, որ յարատեւ եւ ամէն օր կը ծնի մեր մէջ եւ այլ բիւրաւոր խորաններու վրայ՝ քահանաներուն արտասանած սրբագործումի խօսքերով:

«Բանը մարմին եղաւ, Բանը եղբայր եղաւ»:

            Սոյն խօսքերը թերեւս կը ներընդգրկեն ամբողջ խորհուրդը մսուրին աստուածամերձութեան, որուն հարկ է զգուշութեամբ մերձենալ:

            Զգուշութեամբ մերձենալ այն Աստուծոյն, որ «Այնպէս սիրեց աշխարհը՝ որ Իր Միածին Որդին տուաւ» (Յովհաննէս 3, 16), որպէսզի խաւարին մէջ խարխափող մարդը չկորսուի, «այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը» (Անդ, 3, 16):

            Եւ այդ Միածին Որդին հո'ն է այժմ. մանկացած, խանձարուրով փաթթուած եւ մսուրի մէջ դրուած: Պատկեր մը, որ յարաժամ կը կռփահարէ մեր խիղճը ու կը յիշեցնէ՝ թէ այդ նոյն Միածին Որդին, դարեր ետք Մարգրիտ Մարի սրբուհիին ցոյց պիտի տար գեղարդով խոցահարած Իր սիրտը ու պիտի տրտնջէր. « Ահա', այս սիրտը, որ ա'յնքան սիրեց մարդիկը, եւ փոխարէն միայն ապերախտութիւն ստացաւ» (20 Յունիս 1675):

            Գիտականութեան ու ճարտարաշինական աշխարհը կարող չէ' ըմբռնել Տէրունական այս տրտունջը. Անկարող է ընկալել, թէ ինչու' Աստուծոյ «Բանը մարմին եղաւ եւ եկաւ բնակեցաւ մեր մէջ» (Յովհաննէս 1, 14):

            Արդար մարդ մը կար անցեալին՝ Յոբ անուն. զարմանքով հարց տուած էր Աստուծոյ, թէ «Ի՞նչ է մարդ, որ մե'ծ բանի տեղ դրած ես Դուն զինք, կամ ալ, որ անո'ր դարձնես Քու ուշադրութիւնդ» (Յոբ 7, 17):

            Պատասխանը պիտի չյապաղի. «Յաւիտենական սիրով քեզ սիրեցի» (Երեմիա 31, 3):

            Բեթղեհէմի անփառունակ մսուրը գերազանց հաւաստիքն է այդ սիրոյն, որ ի յաւիտենից իր ափերուն մէջ էր գրած մեր անունը (Հ.մ.մ.տ. Եսայի 49, 16): Անուն՝ որ անջնջելի կերպով դրոշմուած է Աստուծոյ ափերուն մէջ, եւ ժամանակի հովերը չեն կարող այլայլել:

            Ճի'շտ այդ հովերը, որ կը պարուրեն մեր ամէնօրեան, ու կը փորձեն խլել ու քանդել աստուածային կենդանագիրը մեր էութեան:

            Բայց քանիերորդ անգամն է, որ հոգիս դարձեալ կը մսի այս աշխարհի խաժամուժին մէջ ու կարօտն ունի մանուկ Աստուծոյն: Կարօտը այն ձայնին, որ կրկնէ խանդակաթ. «Եկէ'ք ինծի դուք բոլո'րդ ...» (Մատթէոս 11, 28):

            Թող այն ատեն՝

«Հոգիս վառեմ իյնամ ճամբայ,

Եւ Բեթղեհէմ հասնիմ շուտով,

Թերեւս ինձ ալ ճաճանչ մը տայ,

Անցնիմ կեանքիս ձմեռն անխռով...»:

 

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ

ԵՒ ԲԱՐԵԲԵՂՈՒՆ ՆՈՐ ՏԱՐԻ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/12/2025, 09:49