Որոնել

2024.12.09 Presepe Campus Biomedico

Բեթղեհէմի Ճանապարհին... Գերյարգելի Գէորգ վարդապետ Զապարեանի մտորումներէն

Մենք պէտք չունինք կատարեալ ըլլալու՝ զինք ընդունելու համար: Աստուծոյ համար կարեւոր չէ', որ մենք եւս, անգամներ, գարշահոտ ախոռի պէս նեխինք: Մեր մարդկութիւնը իր կուրծքին սեղմելու զինք հրահրող սէրը, այդ միեւնոյն սէրն է, որ զԻնք կը մղէ մեզմէ իւրաքանչիւրին փարելու, նոյնիսկ եթէ անկատար ըլլանք: Հետեւաբար, Սուրբ Ծննդեան տօնին օրը, մտաբերենք ախոռը եւ հրճուինք զի Ամենակալ, Բազմագութ, Ողորմած եւ Մարդասէր Աստուածորդին եկաւ բնակելու մեր սրտին մէջ:
Ունկնդրէ լուրը

Երկու հազար տարի է, ահա՛, Մարիամ եւ ՅովսԷփ կրկին կ'երթան Բեթղեհէմ, ընդառաջելու մարդահամարի մը կայսերական հրովարտակին:

Չորս Աւետարանիչներէն լոկ Մատթէոս եւ Ղուկաս կ'անդրադառնան սոյն իրադարձութեան, իւրաքանչիւրը իր սեփական հայեացքը հո՛ն դրոշմելով:
«Իրենց համար տեղ չկար իջեւանին մէջ» (Ղուկաս 2,7) գրելով, Ղուկաս աւետարանիչ չէր երեւակայեր, որ յաւերժութեան համար խօսքեր կը թողուր, որպէս կշտամբանք պատմութեան երեսին, որոնք սաստկապէս մարդկային խիղճը պիտի թակեն հետագային, ու Աստուած եւ մարդ կշիռքի նժարներուն վրայ ծայր աստիճան ծանր պիտի կշռեն. «Իրեններուն եկաւ եւ իրենները չընդունեցան զԻնքը» (Յովհաննէս 1, 11):

Աղիողորմ պատկեր, որ կը ստուերանկարուի ամէն տարի ձմրան այս ցուրտ օրերուն՝ մեր կեանքի հորիզոնին վրայ:
Բայց այժմ թոյլ տուէ՛ք, որ մտնենք կրկին այս քարայրին մէջ, որ ուրիշ բան չէ՝ եթէ ոչ անասուններու բնակավայր մը, ախոռատուն մը, մէկ խօսքով՝ իրական ախոռ մը:

Հո՛ն են արդէն Մարիամ եւ Յովսէփ ու նորածին Մանուկ մը՝ խանձարուրով փաթթուած եւ մսուրի մէջ դրուած: Եւ այդ մսուրը ի'նչ է, եթէ ոչ ախոռին այն մասը,
ուր անասունները կ'ուտեն ու կը գիշերեն:

Ա'յս է անպաճոյճ պատկերը այդ Մանուկին ծննդեան, եւ ախոռէն դուրս ՝ Անոր հակապատկերը.

-Երկնային զօրքերու հոյլեր, որ կը փառաբանեն զԱստուած.
-Բազմաթիւ պարզ հովիւներ, որոնք դէպի մսուր կը փութան, ու
-Երկինք մը աստեղայեռ, որ կը պսպղայ աստուածային փառքով առլցուն:

Այս զոյգ հակապակերներուն մէջ կարելի է ընդնշմարել իրականութիւն մը, որ դարեր անվերջ աշխարհահռչակ արուեստագէտներու հիասքանչ իւղանկարներն ու գունագեղ բացիկները կը հանդիսադրեն:

Գեղարուեստի անթիւ ու անհամար գլուխ գործոցներ կը քօղարկեն, ընդհանրապէս, ախոռի մը ակնբախ իսկութիւնը եւ անոր առնչուող անախորժ յատկանիշները, Սուրբ Երրորդութեան Երկրորդ Անձին մարմնառումը, կարելի եղածին չափ աստուածավայել մթնոլորտի մը մէջ շրջապատելով:

Մեր բանականութիւնը կը սատարէ մեզի անդրանցնելու անասուններու գոմի մը իւրայատուկ պատկերը եւ ամփոփուելու Մանկացեալ Աստուծոյ մսուրին առջեւ:

Եկեղեցւոյ սուրբ Հայրերը կ'ուսուցանեն, թէ Աստուած կ'ատէ մեղքը, բայց կը սիրէ մեղաւորը. եւ Մանկացեալ Աստուծոյ Ծնունդը գերազանց առհաւատչեան է այս իրողութեան:

Մանկացեալն Աստուած անվարան մերձեցաւ մեր մարդկային կարեվէր բնութեան. չգանեցաւ մեր աղտեղութենէն. չխորշեցաւ մեր անկատարութենէն, այլ՝ լիապէս յարեցաւ անոր: Մեր Տէրը չխուսափեցաւ ախոռէն եւ չի' խուսափիր, նաեւ, մեր մեղքէն:

Այս իրականութիւնը մեզ տոգորելու է մեծ յոյսերով եւ խոր վստահութեամբ:

Մենք պէտք չունինք կատարեալ ըլլալու՝ զինք ընդունելու համար: Աստուծոյ համար կարեւոր չէ', որ մենք եւս, անգամներ, գարշահոտ ախոռի պէս նեխինք: 

Մեր մարդկութիւնը իր կուրծքին սեղմելու զինք հրահրող սէրը, այդ միեւնոյնսէրն է, որ զԻնք կը մղէ մեզմէ իւրաքանչիւրին փարելու, նոյնիսկ եթէ անկատար ըլլանք:

Հետեւաբար, Սուրբ Ծննդեան տօնին օրը, մտաբերենք ախոռը եւ հրճուինք զի Ամենակալ, Բազմագութ, Ողորմած եւ Մարդասէր Աստուածորդին եկաւ
բնակելու մեր սրտին մէջ:

«Աղքատ ծնաւ իր մարմնեղէն գոյաւորումին մէջ, որպէսզի հարստացնէ մարդը հոգեկան հարստութեամբ», գրած է մեծ հոգեւորական մը:

«Եւ մենք մեր նիւթեղէն հարստութեամբ չաղքատացնենք զԱստուած մեր կեանքին մէջ այնպիսի ապրելակերպով, որ դառնայ այլամերժ ու վատահաղորդ՝
սիրոյն ու բարիքին եւ ըլլայ հիւրընկալ հաճոյքին, սնամէջ արժէքներու, որոնք կրնան շատ դիւրաւ առաջնորդել դէպի հոգեկան սնանկութիւն»:

Ուրեմն, մերձենանք կրկին Բեթղեհէմի մսուրին ու մղուինք, սրտի բերկրութեամբ, տօնելու Մանկացեալ Աստուծոյ սուրբ եւ հրաշալի Ծնունդը: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/12/2025, 08:00