Որոնել

2023.01.17 Dio è la nostra luce

Միթէ՞ մեր կեանքին մէջ Աստուած տակաւին տեղ ունի - Գերյարգելի Գէորգ վարդապետ Զապարեանի մտորումներէն

Նոր Տարուայ առիթով, հրաւիրուած ենք մասնակցելու Աստուծոյ նոր ստեղծագործութեան, որ իմաստ ու բովանդակութիւն պիտի տայ մեր նուէրներու փոխանակութեան, հրաւէրներուն եւ այցելութիւններուն՝ ոմանց հաճոյք պատճառելով, ուրիշներուն ներելով, ոմանց հետ խզուած յարաբերութիւնները վերահաստատելով, ուրիշներուն օգնութեան հասնելով ու մանաւանդ՝ ամէնուրեք աւելի եղբայրական աշխարհ մը ստեղծելով:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Տարիները կ'անցնին եւ ժամանակը երբեք կանգ չ'առներ, ու մենք շատ անգամ դժուարութեամբ կ'ընկալենք այս սանձարձակ եւ անկաշկանդ փոփոխութիւնը մեր կեանքին մէջ:

-Չենք ուզեր գիտակցիլ, որ տարիքով կը յառաջանանք ու կ՛ալեւորինք.

-Չենք ուզեր համակերպիլ, որ որ այս տարի խորշոմ մը աւելի ունինք մեր ճակատին վրայ.

-Չենք զիջիր, որ ֆիզիքապէս այսօր աւելի տկար կը զգանք, քան՝ անցեալին:

Այսուհանդերձ, անողոք եւ դաժան իրականութիւնն այն է, որ տարիներն ու եղանակները կը թաւալին ու մենք անընդհատ կը փոխուինք:

Մեր կեանքը նման է ժամանակը չափող աւազէ ժամանակացոյցին: Վերի մասը աստիճանաբար կը դատարկանայ եւ աւազը կը սահի դէպի վար: Նոր Տարին մեզի կը յիշեցնէ, թէ վերի մասին մէջ նուազ աւազ կայ այս տարի, քան՝ անցեալ տարի:

2026 տարեթիւը մեզի կը վերապահէ նորութիւններ, անակնկալներ, յաջողութիւններ կամ ձախողանքներ: Մեր առաօրեան գոյերթ մըն է դէպի յառաջ, ու մենք ի վիճակի չենք ժամանակը ընդհատելու կամ դէպի ետեւ դառնալու:

Պարտինք շարունակել յառաջանալ՝ նոյնիսկ եթէ անգամներ անել է ճամբան:

Նոր Տարին մեզի կը թելադրէ, որ ժամանակը թէեւ թանկագին՝ սակայն կարճատեւ պարգեւ մըն է, զոր հարկ է լաւագոյն կերպով արդիւնաւորել:

Մտաբերելով հանդերձ, որ ժամանակը վաղանցուկ է, Նոր Տարին երկու նպատակ կը հետապնդէ. նախ՝ մեզ կը պատրաստէ Քրիստոսի Երկրորդ Գալուստին աշխարհի վախճանին, ապա՝ կ՛արծարծէ մեր յոյսը ապագային նկատմամբ:

Սուրբ Ծննդեան Օրը, Աստուած ինքնայօժար մեր մօտ եկաւ:

-Միթէ՞ փակեցինք մեր դուռը իր երեսին՝ նման Բեթղեհէմի բնակիչներուն, որոնք թերացան ասպանջականութեան մէջ. «Տեղ չկար օթեւանին մէջ» Մարիամին եւ Յովսէփին համար (Ղուկաս 2,7):

-Միթէ՞ Սուրբ Ծնունդը եղաւ լոկ առեւտրական տօն մը, մեծածախս կերուխումի կամ խելացնոր հանդիսութիւններու առիթ մը:

-Միթէ՞ մեր կեանքին մէջ Աստուած տակաւին տեղ ունի:

-Նոր Տարին նման հարցադրումներու առջեւ մեզ կը դնէ եւ մեզի առիթ կ'ընծայէ խորհրդածելու, պատրաստուելու եւ մեր մեղքերը մեր վրայէն թօթափելով՝ Տիրոջ կողմէ մեզի առատաձեռնուած շնորհքին ընդառաջելու:

Նոր Տարին ժամանակն է նաեւ Մեծ Յոյսի: Ղուկասի Աւետարանին մէջ, Յիսուս ո'չ թէ վախ, այլ՝ մեզի յոյս կը ներշնչէ. «Երբ այս դէպքերը սկսին կատարուիլ...ելէք եւ ձեր գլուխը բարձրացուցէ'ք, որովհետեւ ձեր փրկութիւնը մօտ է» (Ղուկաս 21, 28):

Թզենիին պատկերը, որ իր արձակած ծիլերով կ'աւետէ ամառուայ եղանակին դարձը, խորհրդանիշն է այդ յոյսին (Անդ, 21, 29) եւ գրաւականը՝ Աստուծոյ պարգեւելիք նորաստեղծ կեանքին:

Նոր Տարուայ առիթով, հրաւիրուած ենք մասնակցելու Աստուծոյ նոր ստեղծագործութեան, որ իմաստ ու բովանդակութիւն պիտի տայ մեր նուէրներու փոխանակութեան, հրաւէրներուն եւ այցելութիւններուն՝ ոմանց հաճոյք պատճառելով, ուրիշներուն ներելով, ոմանց հետ խզուած յարաբերութիւնները վերահաստատելով, ուրիշներուն օգնութեան հասնելով ու մանաւանդ՝ ամէնուրեք աւելի եղբայրական աշխարհ մը ստեղծելով:

Շատ մը մարդոց համար, անցած տօնական օրերուն, աւելի զգացին իրենց ցաւալի խեղճութիւնը, իրենց աղքատութիւնը, իրենց առանձնութիւնը: Քանի՜ քանի՜ տարեցներ ո'չ այցելութիւն, ո'չ նուէր, եւ ո'չ ալ շնորհաւորական բացիկներ ստացան:

Քանի՜ քանի՜ թափառաշրջիկներ Ս. Ծնունդը անցուցեր են այնպէս, ինչպէս միւս բոլոր օրերը կ'անցընեն՝ աղբանոցներուն մէջ ուտելիք փնտռելով:

Հետզհետէ կը բազմանան փողոցներուն մէջ ապրող տնազուրկները, հազիւ հազ ապրող ընտանիքները, առանձնութենէ տառապող ու մեռնող տարեցները, թմրանիւթի, արբեցութեան եւ բախտախաղի զոհ գացող երիտասարդներն ու տարիքաւորները:

Նման անձինք կարիքն ունին մեր ուշադրութեան ու մեր օգնութեան:

 Նոր Տարին մեզ կը հրաւիրէ բանալու մեր աչքերն ու սրտերը՝ բաժնեկիցդարձնելու մեր յոյսին բոլոր անոնք, որ ամէնէն շատ պէտք ունին յոյսով ապրելու. եւ աղօթելու ամէն օր,

«Տէ՛ր, Դու ես իմ յոյսս» (Սաղմոս 71),

Այսօր, վաղը եւ միշտ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/12/2026, 06:35