Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (71)
ՀԱ. Հաղորդում
Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Պաւղիկեան աղանդին:
Պետրոս Հեգումենոսի (Պետրոս Վանահայր), Թ. Ժ. դարերու Բիւզանդացի եկեղեցական աստուածաբան գրողի Պաւղիկեաններու մասին փոխանցած տեղեկութիւնները ամենահինը կը համարուին: Ըստ վերջինիս՝ Պաւղիկեանութիւնը Է. դարու կիսուն փայլ կը գտնէ ի Հայս, եւ թէպէտ Մանիքէութենէ ծնունդ առած է, սակայն իր վարդապետութիւններէն շատերն աւելի Մարկիոնութենէ սերած կը թուին: Պատմական օտար և հայկական բոլոր աղբիւրները, ինչպէս՝ Եզնիկ Կողբացին և Մովսէս Խորենացին կը վկայեն թէ Պօղոս Սամոսատեցին ծագումով հայ էր:
Սամոսատը հայկական Միջագէտքի քաղաք մըն էր: 260-268-ին, Պօղոս Անտիոքի եպիսկոպոս եղած է: Ան հերձուածաբար կ'ուսուցանէր թէ Քրիստոս բնութեամբ մարդ է, «Աստուածային Բանը» իր մէջ բնակած է իբր շնորհք և ներշնչում: Քրիստոսի աստուածացումը տեղի ունեցած է բարոյական կատարելութեամբ և ոչ թէ էութեամբ: Այսպիսով ան չէ ընդունած Քրիստոսի յաւիտենական աստուածութիւնը: 268-ին Անտիոքի ժողովը դատապարտեած է անոր ուսուցումը որպէս հերձուած և Պօղոս պաշտօնանկ եղած է, սակայն չէ հեռացած Աթոռէն, քանի ի տարբերութիւն այլ եկեղեցականներու՝ ան ունեցած է քաղաքական և վարչական մեծ իշխանութիւն: Դժբախտաբար, Պօղոսի գաղափարները պատճառ եղան հետագայ աղանդներու զարգացման: Անլուծելի կը թուի այս հարցը, որովհետեւ Պաւղիկեան աղանդին ծագման ժամանակ կը նշուի Ե. դարը, հաւանաբար Մծղնէութեան աղանդին առընչուած ըլլալուն համար:
Պետրոս Հեգումենոսի համաձայն՝ այս վարդապետութեան հիմնադիրները կը համարուին Պօղոս եւ Յովհաննէս Սամոստացի եղբարք (Գ. դար), զաւակ Կալինիկէ անուն Մանիքեցի կնոջ մը, որք հալածուելով՝ հաստատուած էին Եպիսպարիսի մէջ, եւ իրենց աղանդը նախ Պաւղիկեան Յովհաննէսեան եւ ապա միայն Պաւղիկեան անուանեցաւ: Ըստ ոմանց Շիթի անուն աղանդաւոր Պարսիկ կին մը Հայաստան կուգայ (Է. դար):
Արարատայ մէջ Պօղոս հայազգին հետ կ՚ամուսնանայ, կը յարի անոր դաւանութեան ու կ՚ըլլայ այդ աղանդին ի Հայս տարածիչն եւ իր անունով այս աղանդը Պաւղիկեանութիւն կոչուած է: Հաւանականաբար այս երկու Պօղոսներն ալ գոյութիւն ունեցած են: Եւրոպացիք Սամոստացի Պաւղոսի վարդապետութիւնը Paulinien կ'անուանեն, իսկ Արարատցի Պաւղոսինն աւելի Paulicien կ՚ըսուի: Ներսէս Բ. Բագրեւանդացի Կաթողիկոսի «Ուխտ միաբանութեան Հայոց Աշխարհին» անուն թուղթին մէջ (գրուած 555-ին) ակնարկուած Պաւղիկեանները Սամոստացի աղանդաւորներն են, Արարատեան Պաւղոսն աւելի վերջին ժամանակներն (Է. դար) ապրած է։ Ըստ ոմանց, Պաւղիկեան աղանդին անունը կը ներշնչուի Պօղոս առաքեալի անունէն:
Ոմանք կը կարծեն թէ այս աղանդը յանուն Պօղոս առաքելոյն այսպէս անուանուած է, եւ արդէն ասոնք Մարկիոնեաններու նման Պօղոս առաքեալի եւ անոր գործոց մեծ յարգ կուտային: Եւ վերջապէս ըստ այլոց, հայազգի Պօղոս անուն դէմքէ մը: Յովհան Գ. Օձնեցին «Ընդդէմ Պաւղիկեանց» ճառին մէջ կը գրէ թէ՝ Պաւղիկեաններու գաղափարախօսութիւնը հիմնուած է Գնոստիկեան և այլ վաղ միջնադարեան ուսմունքներու վրայ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ