Որոնել

Սուրբ Ծննդեան հրաշքը Լոս Անջելես Հայ Քոյրերու Վարժարանի յարկին տակ

Աշակերտները իրենց դերերը կատարեցին մեծ ոգեւորութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ՝ մարմնաւորելով Աստուածածինը, Սուրբ Յովսէփը, հրեշտակները, հովիւները եւ երեք իմաստուն մոգերը։

Սուրբ Ծնունդի տօներուն առիթով մեր վարժարանի աշակերտները հանդիսատեսին ներկայացուցին գեղեցիկ ու յուզիչ բեմադրութիւն մը՝ նուիրուած Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդին։ Ներկայացումը պատրաստած էր Քոյր Հովաննան, որը մեծ սիրով ու ջերմութեամբ ձևաւորած ու կարած էր նաեւ ներկայացման հագուստները։

«Աշակերտները մեզի պիտի տանին 2025 տարի ետ, խոնարհ անկիւն մը, ուր աշխարհ եկաւ մեր Փրկիչը։ Սուրբ Յովսէփի եւ Սուրբ Մարիամի Այո-ն փոխեց աշխարհի պատմութիւնը։ Առանց իրենց Այո-ի ու ընդունելութեան չէր կարող ըլլալ»,- իր բացման խօսքում ըսաւ Քոյր Յովաննան։

Առաջին եւ Հինգերորդ կարգի աշակերտները իրենց յուզիչ թատերախաղով կարողացան ներկաներուն փոխանցել Սուրբ Ծնունդի պատգամը՝ սէր, խաղաղութիւն եւ յոյս։

Աշակերտները իրենց դերերը կատարեցին մեծ ոգեւորութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ՝ մարմնաւորելով Աստուածածինը, Սուրբ Յովսէփը, հրեշտակները, հովիւները եւ երեք իմաստուն մոգերը։

Ներկայացումը ծննդեան երգերով ճոխացուցին, 2, 3, 4 կարգի աշակերտները՝ գեղարուեստական ղեկավար և խմբավար Վարդուհի Պաղդասարյանի տքնաջան աշխատանքի շնորհիւ։

Դահլիճը լեցուն էր ծնողներով, ուսուցիչներով եւ հիւրերով, որոնք մեծ հաճոյքով ու հպարտութեամբ հետեւեցան ներկայացման։ Տօնական մթնոլորտը, գեղեցիկ զարդարանքը եւ մանուկներու անմեղ ժպիտները դարձուցին օրը անմոռանալի։

Այս ներկայացումը դարձաւ հրաշալի առիթ մը՝ միասին ապրելու Սուրբ Ծնունդի ուրախութիւնը եւ վերահաստատելու քրիստոնէական արժէքները մեր դպրոցական ընտանիքին մէջ։

«Այս մանուկները պէտք եղածէն աւելին մեզի ըսին։ Խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն կը մաղթեմ բոլորիդ՝ ձեր սրտերէն ներս, ընտանիքներէն ներս եւ աշխարհի մէջ»,- մաղթեց Վարժարանիս Պատասխանատու Քոյր Լուիզան։

Գերյարգելի Հայր Իգնատիոս Աբասեանն ալ մաղթեց, որ Յիսուսը ծնի մեր սրտերուն մէջ ամեն օր․ ամեն անգամ, երբ իրար սիրենք, ներենք ու յիշենք Քրիստոսը։

Թղթակից

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/12/2025, 08:01