Որոնել

2025.12.04 L'immacolata Concezione affrescata da Francesco Podesti nella sala del Dogma dell'Immacolata nei Musei Vaticani.

Եկեղեցական գիտելիքներ: Դ. Շաբաթ Յիսնակաց (7_14 Դեկտեմբեր 2025):

7 Դեկտեմբեր 1988 ին տեղի ունեցաւ Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժը, որ բազմաթիւ զոհ պատճառեց ինչպէս նաև նիւթական ու հոգեկան վնասներ: Հայերը, աշխարհի զանազան կողմերէն օգնութեան փութացին. Այսօր ևս մենք կ՝աղօթենք զոհերու հոգիներուն համար, յարգանքի տուրք մատուցելու անոնց յիշատակին: Յոյսով նայինք ապագային ու գործենք մեր հայրենիքի բարգաւաճման համար:
Ունկնդրէ լուրը

Յիսնակաց չորրորդ շաբթուան ընթացքին, կը խօսինք ՜՜Աստուծոյ  նախախնամութեան՝՝ մասին։ Նախախնամութիւնը կը հոգայ ամէն բան...

Յիսուս ըսաւ. «Մի մտահոգուիք ձեր կեանքին համար թէ ինչ պիտի ուտէք եւ ոչ ալ ձեր մարմնին համար թէ ինչ պիտի հագնիք։ Կեանքը աւելի կ՝արժէ քան սնունդը եւ մարմինը քան հագուստը»։

7 Դեկտեմբեր 1988-ին տեղի ունեցաւ Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժը,  որ բազմաթիւ զոհ պատճառեց  ինչպէս նաև նիւթական ու հոգեկան վնասներ: 

Հայերը, աշխարհի զանազան կողմերէն օգնութեան փութացին.  Այսօր ևս մենք կ՝աղօթենք զոհերու հոգիներուն համար, յարգանքի տուրք մատուցելու անոնց յիշատակին: Յոյսով նայինք ապագային ու գործենք մեր հայրենիքի բարգաւաճման համար:

Երկուշաբթի`  8 Դեկտեմբերին,  Ս. Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան տօնն է.(ըստ լատինաց):  Իսկ հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցի համաձայն ՝  Երեքշաբթի օրը, 9 Դեկտեմբերին՝ տօնն է Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի Անարատ Յղութեան:

Երկուշաբթի  օրը, տօնն է նաև սուրբ  Մինասին, ճարտասան եւ իմաստուն զօրականին, իր քարտուղար` Գրափոսի եւ ապա` Երմոգինէս աթենացի եպարքոսին։ Առաջին երկուքը Աղեքսանդրիոյ մէջ ընդունեցան քրիստոնէութիւնը եւ համարձակ կերպով անոր կը վկայէին. Երմոգինէս ղրկուեցաւ զիրենք դատելու համար, սակայն ինք եւս դարձաւ քրիստոնեայ եւ ի վերջոյ երեքն ալ նահատակուեցան Գաղերիոս կայսեր ձեռամբ։

Նոյն օրը կը տօնենք նաեւ երկու կամաւոր աղքատներ. Ալեքսիանոս` Հռովմայեցի եւ Յովհաննէս Կ.Պոլսեցի, որոնք թողլով աշխարհի հրապոյրները ՜՜ երկուքն ալ հարուստ ընտանիքի զաւակ էին՝՝ կամաւորապէս շրջեցան որպէս աղքատներ, ողորմութիւն խնդրելով եւ իրենց հացը անցորդներէն մուրալով։

Նաեւ ՝ տօնն է Կուռնելիոս հռովմայեցի հարիւրապետին, որ քրիստոնէութիւնը ընդունեցաւ եւ մկրտուեցաւ ընտանեօք ձեռամբ Պետրոս Առաքեալի, ինչպէս նաեւ Շմաւոնին, որ Քրիստոսի ազգական կը կոչուի։

Նոյն օրը կը տօնենք, եկեղեցւոյ մեծ սուրբ Հայրերէն` Ս. Պօղիկարպոս, Զմիւռնիոյ հայրապետը, որը աշակերտած էր Յովհաննէս Աւետարանիչին եւ Առաքեալին եւ որմէ ստացած էր եպիսկոպոսական օծումը, 96 թուին. Ան նահատակուեցաւ Մարկոս-Աւրելիոս կայսեր յարուցած հալածանքներուն առթիւ, 166 թուին, կարգ մը վկաներու հետ, զորս Եկեղեցին կ՛անուանէ Արեւելեան Վկաներ։

Երեքշաբթի  ինչպէս ըսինք հայ տօնացոյցի համաձայն,  տօնն Ս.կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան. եւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան։

Հինգշաբթի` 11 Դեկտեմբերին տօնն է հինգ սուրբ վկաներու, որոնց անուններն են. Եւստռատիոս, Օքսենտիոս, Եւգինիոս, Ովրեստէս եւ Մարդարիոս։ 

Ասոնք հինգ հայ երիտասարդներ էին, Սեբաստիոյ գաւառէն, որոնք իրենց քրիստոնէական հաւատքին համար յանձն առին նահատակութիւնը։ Անոնց անունները հռովմէական ըլլալով` շատեր կը կարծեն թէ օտար սուրբեր են, սակայն այդ շրջանին` -Գ. դարուն վերջը - Սեբաստիոյ նահանգը կը կառավարուէր հռովմայեցի կուսակալի մը կողմէ եւ ընդհանրապէս նորածիններու անունները կ՚որոշուէին հռովմէացի պաշտօնեաներու կողմէ։

Շաբաթ 13 Դեկտեմբերին` տօնն է Յակոբ Մծբնայ մեծ հայրապետին։

Ասորի ծագումով` սակայն սերտօրէն կապուած է հայ Եկեղեցւոյ, որով ան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Խոսրովուհի հօրաքրոջ որդին էր եւ մանկութեան շրջանին` դաստիարակուած էր Գրիգորի հետ Կեսարիոյ մէջ. Ապագային ալ` ան շատ օգտակար դարձաւ հայ ազգի աւետարանացման համար։ Կը պատմուի թէ մագլցած ըլլայ Արարատ լեռը, ուրկէ բեկոր մը բերած է Նոյան Տապանէն։  

Իր հետ կը տօնուի նաեւ Մարուգէ ճգնաւորը, որ մարգարէացած էր իրեն թէ մօտօրէն Մծբինի հայրապետ պիտի ըլլար։ 

Կիրակի 14  Դեկտեմբերը՝ Յիսնակաց Ե. Կիրակին է: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/12/2025, 07:57