Աստուածամօր Անարատ Յղութեան տօնակատարութիւնը Պաղտատի Հայ Կաթողիկէ Մայր Տաճարին մէջ

Տեղին է այսօր յիշել՝ թէ Անարատ Յղութեան տօնը նաեւ հայ քոյրերու միաբանութեան տօնն է, որ հիմնուած է Կ. Պոլիս 1847-ին և նուիրուած է Անարատ Յղութեան, կրելով Անոր ամենագեղեցիկ տիտղոսը: Հիմնադիրն է Երջանկայիշատակ Անտոն Պետրոս Թ. Հասունեան, Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ առաջին հայազգի Կարդինալը, Մայր Սրբուհի Անտոնեանին առընթեր:
Ունկնդրէ այս եւ հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հայող այլ լուրը

Ամէն տարի, Դեկտեմբեր 9-ին, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին մեծաշուք հանդիսաւորութեամբ կը նշէ Ս. Աստուածածնի Անարատ Յղութեան տօնը: Այսպէս, Երեքշաբթի 9 Դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 5:30-ին` Պաղտատի Նարեկի Ս. Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ մայր տաճարին մէջ, Ս. Վարդարանի աղօթքէն ետք,   սուրբ և անմահ Պատարագ մատուցանեց Պաղտատի Հ. Կ. Թեմի Առաջնորդ՝ Արհի. Տ. Ներսէս Արք. Զապարեան, առնըթերակայութեամբ՝ Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանին: Սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ առաջին անգամ ըլլալով՝ Իրագի նորանշանակ Պապական Նուիրակ Արհի. Տ. Միրոսլաւ Եպս. Ֆաչովսքին, իր քարտուղարին՝ Հ. Չալզ Սունայի հետ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հաւատացեալներ:

Յընթացս սուրբ Պատարագին՝ Աս­տուա­ծամօր տօ­նին ձօնուած  «Աղաչեմք զքեզ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածին» ժամամուտով, «Բարեխօսութեամբ մօր քոյ և Կուսին» և «Մեծացուսցէ» շարականներով՝ հանդէս եկաւ երգչախումբը:

Խորհրդակատար Առաջնորդը նորահաստատ Նուիրակին բարի գալուստ և բեղմնաւոր առաքելութիւն մաղթելէ ետք, իր քարոզին մէջ բացայայտեց օրուայ տօնին իմաստն ու նշանակութիւնը, ըսելով թէ Պիոս Թ. (1846‒1878), Ս. Կոյս Մարիամի ջերմեռանդ Քահանայապետը՝  8 Դեկտեմբեր 1854 թուականին «Անարատ Յղութիւ­նը» հռչա­կեց իբրեւ Եկեղեցւոյ ու հաւատքի բացարձակ ճշմարտութիւն, զոր նոյնինքն Աստուածամայրը 1858 թուականին հաստատեց Լուրտի երեւումներու ընթացքին: Այսպիսով, Աստուած Տիրամայրը Ադամական մեղքէն զերծ պահեց, անոր մօր արգանդին մէջ յղութեան պահէն անգամ:

Տեղին է այսօր յիշել՝ թէ Անարատ Յղութեան տօնը նաեւ հայ քոյրերու միաբանութեան տօնն է, որ հիմնուած է Կ. Պոլիս 1847-ին և նուիրուած է Անարատ Յղութեան, կրելով Անոր ամենագեղեցիկ տիտղոսը: Հիմնադիրն է Երջանկայիշատակ Անտոն Պետրոս Թ. Հասունեան, Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ առաջին հայազգի Կարդինալը, Մայր Սրբուհի Անտոնեանին առընթեր: Արդարեւ, Աստուած մեր մէջ ընդունելու լաւագո՛յն միջոցը՝ Ս. Կոյսն է: Մարիամ Յիսուսը ինը ամիս իր ծոցին մէջ կրելէն ե՛տք անգամ, Յիսուսը շարունակեց Մարիամի մէջ մի՛շտ մնալ, ինչպէս որ հիմա եւս Յիսուս մեր տապանակներուն մէջ մի՛շտ ներկայ է:

Մարիամ մեր խորաններուն վերեւ կանգնած է, որպէսզի մեզ Յիսուսի՛ն տանի, և մե՛ր փրկութիւնն ու մե՛ր երջանկութիւնը իրագործէ: Գերապայծառը քարոզը եզրափակեց, յորդորելով որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալ եթէ Յիսուսին երթալու կամ Յիսուսին միանալու դժուարութիւն ունի, ահաւասի՛կ Մարիամը, որ Յիսուսին հասնելու ուղղակի՛ ճամբան է:

Այնուհետեւ, Նիկիոյ Հանգանակը արտասանուեցաւ յոտնկայս և սիրոյ ողջագուրման «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ» երգը հնչեց, ու անդադար կերպով շարունակուեցան աղօթները, օրհներգութիւնները և սաղմոսերգութիւնները մինչեւ Ս. Հաղորդութեան խորհրդաւոր պահը, որու ընթացքին դպիրները «Ողջոյն քեզ Մարիամ»ը ձօնեցին սուրբ Տիրամօր, մատնանշելով թէ Հայ եկեղեցւոյ շարականներուն հոգեշունչ քնարը երբե՛ք պիտի չի դադրի գովելէ և մեծարելէ զօրհնեալն ի կանայս:

Սուրբ Զոհի աւարտին՝ հաւատացեալները, գլխաւորութեամբ պատարագիչ Առաջնորդին և հիւր հոգեւորականներուն, ուղղուեցան Առաջնորդարանի դահլիճը` ուր տեղի ունեցաւ յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն, տօնական ուրախ մթնոլորտի մէջ:  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/12/2025, 08:09