Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութիւնը Պաղտատի մէջ
Համայն Քրիստոնեայ Աշխարհի և Հայ ժողովուրդին համար, Ս. Ծննդեան և Աստուածայայտնութեան տօները իւրայատուկ նշանակութիւն ունին: Քրիստոսի Ծնունդը աւետիսն է սիրոյ, խաղաղութեան և արդարութեան: Սուրբ Ծնունդը բոլոր տօներու «սկիզբը, հիմը եւ գլուխը» ըլլալով տարբեր հմայք ու հոգեկան անբացատրելի հրճուանք կը պատճառէ բոլորիս: Այսօր, Եկեղեցին իր քաղցրալուր ղօղանջներով, համայն աշխարհին այս մեծագոյն Աւետիսը կ'աւետէ՝ Քրիստոս ծնաւ և յայտնեցաւ:
Ս. Ծննդեան տօնի նախընթաց երեկոյեան՝ Պաղտատի Նարեկի Ս. Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ մայր տաճարին մէջ, գլխաւորութեամբ Հ. Կ. Թեմի Առաջնորդ՝ Արհի. Տ. Ներսէս Արք. Զապարեանի, Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագ մատուցանեց Գեր. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեան, երեկոյեան ժամը 5:30-ին. որու ընթացքին մեր եկեղեցւոյ ծիսական կարգին համաձայն կատարուեցաւ մարգարէութեանց ընթերցումներ եւ յաւարտ սուրբ Պատարագին՝ «Խորհուրդ մեծ և սքանչելի» շարականը երգելով՝ եկեղեցական դասը թափօրով Յիսուս Մանուկի արձանը զետեղեցին մսուրին մէջ, ուր Գերապայծառ Տէրը աղօթք մը արտասանեց:
Հինգշաբթի 25 Դեկտեմբեր 2025-ին՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Պաղտատի Նարեկի Ս. Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ մայր տաճարին մէջ, Պաղտատի Հ. Կ. Թեմի Առաջնորդ՝ Արհի. Տ. Ներսէս Արք. Զապարեան, Սուրբ Ծննդեան պատարագ մատուցեց, առնըթերակայութեամբ՝ Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանին: «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Հանդիսապետը, եկեղեցական դասն ու դպիրները դիմաւորուեցան ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ։ Սուրբ և Անմահ Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին մեծ թիւով հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ պաշտօնական հիւրեր, պետական անձնաւորութիւններ, ընդ որում Թայեար ալ Հէքմէ կուսակցութեան նախագահ՝ Չէյխ Ամառ Հագիմը իր շքախումբով և Իրագի մօտ Հայաստանի դեսպան՝ Տիար Ռուբէն Սողոյեանը:
Սուրբ զոհի ընթացքին, դպրաց դասը հանդէս եկաւ «Քրիստոս ծնաւ և յայտնեցաւ» գեղեցիկ տաղով և «Մեծացուսցէ» շարականով: Աւետարանի ընթերցումէն ետքը, Առաջնորդ Հայրը պատուոյ հիւրերուն բարի գալուստի խօսքը արտասանելէ ետք, յաւուր պատշաճի քարոզը ներկայացուց, զոր կեդրոնացուց Սուրբ Ծննդեան տօնի իմաստին ու անորմէ բխած պատգամին վրայ, ըսելով. «Աստուած ժամանակը յարմար նկատելով՝ աշխարհ ուղարկեց իր Միածին Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը որպէս Փրկիչ ու խաղաղութեան իշխան: Քրիստոսի հրաշափառ Ծննդեամբ՝ մէկ անգամ եւս աշխարհը ողողուեցաւ աստուածային յաւերժական լոյսով, մէկ անգամ եւս Աստուած ժպտաց մարդկութեան, բայց այս անգամ Յիսուս մանկան անմեղ ժպիտին ընդմէջէն և մէկ անգամ ընդմիշտ՝ մարդուն մէջ հաստատեց իր աստուածային պատկերը. Այն պատկերը որ Ադամով եղծուած էր և որ ահա կը վերանորոգուէր Քրիստոսով:
Եկեղեցւոյ մեծագոյն դէմքերէն՝ Ս. Աթանաս Հայրապետի գեղեցիկ բնորոշմամբ՝ Քրիստոսի Ծննդեան խորհուրդը կը համարուի մարդկութեան աստուածացումը. «Աստուած մարդացաւ, որպէսզի մարդը աստուածանայ»: Յանուն թեմիս զաւակներուն ի սրտէ շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց որոնք Աստուծոյ տունը զարդարեցին, արժանանալով Ս. Ծննդեան մեծ և սքանչելի խորհուրդի օրհնութեան:
Հոգեպարար արարողութենէն ետք, հաւատացեալները, գլխաւորութեամբ պատարագիչ Առաջնորդին, հոգեւորականներուն և հիւրերուն՝ ուղղուեցան Առաջնորդարանի դահլիճը` ուր տեղի ունեցաւ յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն եւ շնորհաւորութիւններու ընդունելութիւն: Տարիներու աւանդութեան համաձայն, նոյն գիշերը, Եկեղեցւոյ Էբիկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տօնական հանդէս, մասնակցութեամբ՝ Առաջնորդ Հօր, վարդապետին և դպրաց դասուն, ինչպէս նաեւ համայնքի զաւակներուն:
Կաղանդ Պապայի անակնկալ այցելութիւնը բոլոր ներկաները ուրախացուց իր նուէրներով, ինչպէս նաեւ թոմպոլայի խաղ տեղի ունեցաւ, նաեւ գեղեցիկ երաժշտութիւն, երգեր և համադամ ուտելիքներ: Ուշ գիշերին իր աւարտին հասաւ ուրախալի այս երկոյթը տօնական ուրախ մթնոլորտի մէջ, որմէ ետք հաւատացեալները մեկնեցան, իրենց հետ տանելով անմոռանալի յուշեր:
Թղթակից
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ