Յիսուս, Սուրբ Գիրք, աղօթք Յիսուս, Սուրբ Գիրք, աղօթք 

«Քրիստոնեային Յոյսը» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Յոյսը դնել Աստուծոյ վրայ կը նշանակէ գտնել հոգիի գոհունակութիւնը, անդորրութիւնն ու բարելաւումը, զի Տէրն է միակ աղբիւրը յոյսին։ Հաւատոյ հանգանակին մէջ, կը նկատենք որ յոյսը ներգործութիւն մըն է, որ տեսանելի աշխարհէն կը բարձրացնէ մեզ դէպի անտեսանելի աշխարհը դէպի յարութիւնը եւ յաւիտենական կեանքը. «ի յարութիւն մեռելոց եւ ի կեանսն յաւիտենականս»։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Քրիստոնեաներ չեն դադրիր օրուան մէջ յաճախակի կոչ ընելու Աստուծոյ, յայտնելով իրենց յոյսը Անոր հանդէպ, կամ յիարտայայտելու իրենց վստահութիւնը անոր ողորմութեան նկատմամբ։ Սովորական եւ անհրաժեշտ աղաչանք մըն է այս, զոր կը լսենք շատերու շրթունքներէն։ Անոնք կ'ապրին զայն տեւապէս, զայն դարձնելով իրենց կեանքին էական մասը, ինչպէս շնչառութիւնը։

Գիտակից քրիստոնեաներս, ոգեւորուած ճշմարիտ ու կենարար հաւատքով, գիտակից վկաները աստուածային սիրոյն, հարց կու տանք մենք մեզի, թէ ի՞նչպէս կ'ըմբռնենք յոյսը նիւթապաշտ աշխարհի մը մէջ, ուր միայն մարմանւոր եւ անձնակեդրոն հաճոյքները եւ կիրքերը կ'իշխեն, որու հետեւանլով զանազան տագնապներ եւ խեղճութիւններ կը հարուածեն համայն մարդկութիւնը: Յոգնած ու յուսախաբ չե՞նք ան պատասխ աղօթքներէն, կարծես Աստուած «խուլ» ու «համր» մ դարձած է մարդոց պաղատանքներուն հանդէպ։ Յոյսը, զոր կը յիշեն յաճախ, գոյութիւն քրիստոնէութեան գլխաւոր առաքինութիւններէն է։ Սակայն ինչո՞ւ ան չապահովեր մարդոց խաղաղութիւնն ու խղճի հանգստութիւնը։ Ինչո՞ւ իրենց նեղութիւններուն ընթացքին վստահութեամբ չեն ապաւինիր Աստուծոյ հայրական խնամքին։

Եթէ այսպիսիներուն հարցնենք. «Ի՞նչ է ձեզի համար յոյսի առաքինութիւնը»։ Անվարան կը պատասխանեն, թէ «իրենց յոյսը Աստուած է»։ Ճշգրիտ է իրենց պատասխանը։ Սակայն ինչպէ՞ս կը յուսան Աստուծոյ։ Հոս կը շօշափենք անոնց «պատրանք»ն ու «ան-գիտութիւն»ը։ Իրենց քրիստոնէական ինքնութիւնը չէ դրոշմուած իրենց սրտերուն մէջ եւ հաւատքը շատ մակերեսային է ու զուրկ գործերէ: Յոյսը իրենց շրթունքներուն վրայ է եւ ոչ դրոշմուած իրենց կեանքին մէջ եւ գործերով արտայայտուած։ Ան արմատացած է իրենց մտքին ու կամքին մէջ եւ կը դառնայ իրենց «ես»ին շուրջ, փոխանակ զայն ընդունելու Աստուծոյ կամքէն ու իմաստութենէն եւ հիմնուած ըլլալու բոլորին հանդէպ Անոր ունեցած անհուն սիրոյն մէջ։ Յիսուս կըսէր. «Այս ժողովուրդը զիս շրթունքներով կը պատուէ, սակայն անոր սիրտը հեռու է ինձմէ» (Մատթ. ԺԵ, 8):

Իրենք զիրենք քրիստոնեայ կը հռչակեն, սակայն օրուան մէջ պահիկ մը իսկ չեն յատկացներ Աստուծոյ զինք փառաբանելու եւ մտերմաբար հետը խօսակցելու համար։ Իրենք զիրենք քրիստոնեայ կը հռչակեն, սակայն իրենց ծարաւը չեն յագեցներ ճշմարիտ Կեանքի աղբիւրէն, Ս. Գիրքէն, Տիրոջ կենարար Խօսքէն։ Ճիգ չեն թափեր ճանչնալու Աստուծոյ կամքը, խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն մտքին եւ հոգիին ընծայողը, հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ լիութեամբ։ Անոնք կը շփոթեն ճշմարիտ, արդար եւ յաւիտենական Աստուածը իրենց երեւակայութեան ստեղծած աստուածներու հետ։ Իրենք զիրենք քրիստոնեայ կը հռչակեն, սակայն կլանուած ու ընկճուած են օրուան հոգերով ու կեանքի սրտմաշուքերով։ Հեթանոսներուն նման կը յուսան հեռաւոր թէեւ ամենահզօր Աստուծոյ մը, որ կարող է պտղաբերել նիւթական հարստութիւնները, բժշկել հիւանդութիւնները, պաշտպանել չարէն, ապահովել հանգստաւէտ եւ բարօր կեանք մը, միշտ հնազանդելով մարդուն քմահաճոյքին եւ հրամանին։

Յոյսը դնել Աստուծոյ վրայ կը նշանակէ գտնել հոգիի գոհունակութիւնը, անդորրութիւնն ու բարելաւումը, զի Տէրն է միակ աղբիւրը յոյսին։ Հաւատոյ հանգանակին մէջ, կը նկատենք որ յոյսը ներգործութիւն մըն է, որ տեսանելի աշխարհէն կը բարձրացնէ մեզ դէպի անտեսանելի աշխարհը դէպի յարութիւնը եւ յաւիտենական կեանքը. «ի յարութիւն մեռելոց եւ ի կեանսն յաւիտենականս»։

Քրիստոնէական յոյսը անբաժան է Սիրոյ առաքինութենէն, որ կը հրաւիրէ մեզ հետեւիլ աստուածային Իմաստութեան կանչին, այսինքն հրաժարիլ մեր «ես»էն, մեր անձնասիրութենէն եւ ապրիլ խոնարհ, անկեղծ, անձնուէր եւ ճշմարտապէս եղբայրասէր։ Առանց իսկական սիրոյն, անհուն եւ անխառն կերպով արտայայտուած, Յիսուս Քրիստոսի մէջ, ոչ հաւատքը եւ ոչ յոյսը կրնան գոյութիւն ունենալ։ Անձ մը, որ կ'ապրի միմիայն ինքնիրեն համար եւ միայն կ'օգտուի ուրիշներէն, տխուր անձ մըն է եւ դժկամակ։ Երբ անշահախնդիր կերպով եւ սրտաբաց կը մօտենանք ուրիշներուն՝ մեր եղբայրներուն եւ մանաւանդ տկարներուն ու կարօտեալներուն հանդէպ, այն ատեն կ'աճի մեր մէջ յոյսն ու հաւատքը, որոնք մեզ կ'առաջնորդեն յաւիտենական Կեանքին։ Որքան արծարծենք մեր մէջ սէրը, այնքան Յոյսը կ'աւելնայ ու անսասան կը մնայ Աստուծոյ հանդէպ որ երբեք մեզ յուսախաբ չի թողուր։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/11/2025, 09:38