Որոնել

2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (43)

Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

43.- ՄԽԻ­ԹԱՐ ԿԸ ՍՏԻ­ՊՈՒԻ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼ ԻՐ ԱՊԱՍ­ՏԱ­ՐԱ­ՆԷՆ 

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Յու­նաս­տան փախ­չե­լու եւ ապաս­տան գտ­նե­լու հե­ռան­կա­րով, Մխի­թար կ՚ո­րո­շէ Հ. Գէորգ վար­դա­պե­տը հոն ու­ղար­կել՝ երկ­րին հան­գա­մանք­նե­րը ու­սում­նա­սի­րե­լու հա­մար, որ­պէս­զի բո­լոր հար­կա­ւոր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը ման­րա­մաս­նօ­րէն իրեն փո­խան­ցէր։­

Այդ օրե­րուն, 1701 Հոկ­տեմ­բե­րին, լա­տին­նե­րու եւ հայե­րու մի­ջեւ փո­խըմբռն­ման եւ լա­րուած իրա­վի­ճա­կի մեղ­մաց­ման պայ­մա­նա­գիր մը կը պատ­րաս­տուէր, Ֆրան­սայի դես­պան Ֆէ­րիոլի եւ վե­ղա­րա­ւոր­նե­րու մե­ծա­ւոր Յա­կին­թո­սի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։ Յա­կին­թոս ան­ձամբ Ադ­րիանու­պո­լիս կ՚եր­թայ այս հա­մա­ներ­ման եւ հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան ծրա­գի­րը գլուխ հա­նե­լու եւ Եփ­րեմ պատ­րիար­քի հա­ւա­նու­թիւ­նը ստա­նա­լու հա­մար, որ­մէ ետք պայ­մա­նա­գի­րը պի­տի ու­ղար­կուէր Էջ­միածին եւ Հռոմ՝ վա­ւե­րա­ցուե­լու հա­մար։ Քա­նի մը ամիս ետք, 170­2ի Փետ­րուար 24ին այդ արար­քին հա­մար Եփ­րեմ պա­տի­րար­քը գա­հըն­կէց կ՚ըլ­լայ որ­պէս հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեամբ պե­տա­կան շա­հե­րու դէմ գոր­ծող ան­ձ։ Պատ­րիար­քա­կան աթոռ կը բարձ­րա­նայ Աւե­տիք Եւ­դո­կիացին, որ Կա­րին պաշ­տօ­նա­վա­րած ատե­նէն յայտ­նի էր լա­տի­նա­մէտ­նե­րու հան­դէպ իր ան­զի­ջող դիր­քին հա­մար։­

Երբ 170­2ի Յու­լի­սի վեր­ջե­րը Աւե­տիք պատ­րիարք Կոս­տանդ­նու­պո­լիս կը տե­ղա­փո­խուի, ադ­րիանու­պոլ­սե­ցի երեք քա­հա­նա­նե­րը որ լա­տին­նե­րուն յա­րած ըլ­լա­լու հա­մար բան­տար­կուած էին Եփ­րեմ պատ­րիար­քի ժա­մա­նակ, եւ մեծ գու­մար­ներ վճա­րե­լով քա­նի մը ամի­սէ ի վեր ազատ կը շր­ջէին, սար­սա­փա­հար կը դի­մեն վե­ղա­րա­ւոր­նե­րու վան­քը, ուր Մխի­թար ապաս­տան գտած էր։ Աւե­տիք պատ­րիարք լա­տին­նե­րու հետ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը մշա­կե­լու գոր­ծըն­թա­ցը կը շա­րու­նա­կէ, եր­կար բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րէ լա­տին եկե­ղե­ցա­կան­նե­րու եւ Ֆրան­սայի դես­պա­նին հետ, հա­լա­ծանք­նե­րը դադ­րեց­նե­լու, ար­գելք­նե­րը վե­րաց­նե­լու հա­մար եւ այս բո­լո­րին իրա­կա­նաց­ման պայ­ման­նե­րէն մէկն էր որ Մխի­թար վար­դա­պետն ու երեք քա­հա­նա­նե­րը ներ­կա­յա­նային պատ­րիար­քին, որ մեծ պաշ­տօն­ներ տալ կը խոս­տա­նար։ Երբ այդ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը կը կն­քուի, Յա­կին­թոս՝ վե­ղա­րա­ւոր­նե­րու մե­ծա­ւո­րը կը կան­չէ Մխի­թարն ու երեք քա­հա­նա­նե­րը ըսե­լու հա­մար որ ամէն հա­կա­ռա­կու­թիւն եւ վտանգ վե­րա­ցած էր, եւ կը յոր­դո­րէ եր­թալ Ֆե­րիոլ դես­պա­նին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել եւ ապա Աւե­տիք պատ­րիար­քին ներ­կա­յա­նալ։

Մ­խի­թար չի հա­մո­զուիր կա­տա­րուա­ծին եւ պատ­րիար­քին տուած խոս­տում­նե­րուն։ Երախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նե­լու հա­մար սի­րով տրա­մադ­րու­թիւն կը յայտ­նէ ներ­կա­յա­նա­լու Ֆրան­սայի դես­պա­նին, սա­կայն յանձն չ՚առ­ներ Աւե­տիք պատ­րիար­քին քով եր­թալ։ Այս պատ­ճա­ռով վեղարաւորներու մեծաւորը կը հար­կադ­րէ զինք նոյն գի­շե­րն իսկ լքել իրենց վան­քը ուր ապաս­տա­նած էր։ Մխիթար կը ստի­պուի քա­նի մը օր ֆրան­սա­ցի գի­նե­վա­ճա­ռի մը տու­նը վար­ձով մնալ մին­չեւ որ հա­ւա­տա­րիմ բա­րե­կամ մը յանձն կ՚առ­նէ իր տան ձեղ­նա­յար­կը պա­հել զին­քը, Հ. Մա­նուէ­լի եւ Յով­հան­նէս սար­կա­ւա­գի եւ Մի­քայէլ պա­տա­նիին հետ միասին։ Տաս­նը­հինգ օր կը մնան այդ թաքս­տո­ցին մէջ, ամե­նայն զգու­շու­թեամբ, որ­պէս­զի յան­կարծ այ­ցե­լու­նե­րը կամ տան երե­խա­նե­րը չի­մա­նային իրենց ներ­կա­յու­թեան մա­սին։

­Մինչ այդ երեք քա­հա­նա­նե­րը պար­զամ­տու­թեամբ կ՚եր­թան պատ­րիար­քա­րան՝ որոշ ժա­մա­նակ յե­տոյ կը բան­տար­կուին եւ այդ վի­ճա­կի մէջ կը մա­հա­նան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2025, 07:44